ԱՄԱՆՈՐ. գուշակութիւններ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksanakarapetian@gmail.com


Ամանորի անբաժանելի մասն են կազմում բախտագուշակութիւնները։ Թերեւս, նախորդ հա­մարում անդրա­դարձ կա­տարել ենք «Տա­րի» հա­ցին, որը նոյնպէս գու­շա­կու­թեան տարր կը պա­րու­նա­կէր իր մէջ։ Բայց մինչ ապ­լանե­րը «Տա­րի» հա­ցը կը պատ­րաստէին, տան հարսնե­րը վա­սիլ (տիկ­նիկ) ու քի­սա (քսակ) կը թխէին։

Վա­սիլ­նե­րը կամ Ասիլ-պա­սիլ­նե­րը մար­դա­կերպ փոք­րիկ թխո­ւածքներ են՝ աչ­քե­րի, բե­րանի եւ կրծքին ծա­լած ձեռ­քե­րի վրայ քիշ­նիշներ դրած։ Ամէն մի վա­սիլ տան հարսնե­րէն կամ դստրե­րէն մէ­կին կը խորհրդան­շէ։ Իսկ քի­սանե­րը տան արու ան­դամնե­րի քսակ­ներն են։

Նոյն խմո­րէն կը պատ­րաստէին նաեւ եզ­նե­րի հա­մար լուծ, կո­վերի հա­մար՝ չորս պտուկ, հա­ւերի հա­մար՝ ջրի տար­րայ, իւ­ղի հա­մար՝ խնո­ցի, ցո­րենի ու գա­րու հա­մար՝ մէ­կական հոր՝ մէ­ջը հա­մապա­տաս­խա­նաբար ցո­րենի ու գա­րի, ապա գու­թան, արօր, տան եկա­մու­տը խորհրդան­շող գոր­ծիք՝ մկրատ, ու­րագ, մատ­նոց։

Յե­տոյ ապ­լան այս բո­լորը կը խփէր թոն­րի շուրջը ու թո­նիրը փայ­տե­րով կը գո­ցէր, այն ար­դէն հո­վացած կ՚ըլ­լար։

Ժա­մանակ անց, բո­լորը կը հա­ւաքուէին թոն­րի շուրջը՝ գու­շա­կելու թէ ում բախտն ինչպի­սին կ՚ըլ­լայ գալ տա­րի։ Թո­նիրն այ­լեւս Պիւ­թեան հոր կ՚անո­ւանեն։

Տա­րի հա­ցը հա­նելէն ետ­քը ապ­լան կը հա­նէր ասիլ-պա­սիլ­նե­րը։ Օ՜, ինչպի­սի ոգե­ւորու­մով ու հիաց­մունքով ամէն­քը կը սպա­սէին վա­սիլ­նե­րի ուռչե­լուն։

Եթէ վա­սիլ­նե­րը ուռչին, ու­րեմն նրանց տէր հարսնե­րը երե­խայ էին ու­նե­նալու։ Ընդ որում՝ ու­շադրու­թեամբ կը զննէին այդ ու­ռուցքնե­րը, թէ վե­րեւ ուղղո­ւած լի­նէին՝ արու զա­ւակ պի­տի ծնո­ւէր, իսկ թէ ներ­քեւ՝ դուստր պի­տի ըլ­լար այդ տա­րի։

Իսկ թէ քսակ­նե­րը ուռչեն, ու­րեմն դրանց տէր տղա­մար­դիկ այդ տա­րի հարստա­նալու էին, հա­կառակ դէպ­քում՝ աղ­քա­տանա­լու։

Նոյնպէս եւ ցո­րեն-գա­րու, կրի­չի, խնո­ցու եւ այլ պա­րագա­ների ուռչե­լը դրանց առա­տու­թեան նշան էր, իսկ կուչ գա­լը՝ սա­կաւու­թեան։

Ընդ որում՝ կեն­դա­նինե­րու հա­մար պատ­րաստած­նե­րը ջրի մէջ օրհնել- կաղնդե­լուց յե­տոյ կը տա­յին ու­տե­լու հէնց կեն­դա­նինե­րուն։ Իսկ արտ ու հան­դի հա­մար պատ­րաստած­նե­րը՝ շաղ կը տա­յին ար­տե­րում։

Իսկ ահա ասիլ-պա­սիլ­նե­րի կամ քի­սանե­րի «կուտ գնա­լը», այ­սինքն՝ թոն­րի մէջ ընկնե­լը, չա­րագու­շակ բան է՝ կը նշա­նակէ դրա տէ­րը գալ տա­րի պի­տի մեռ­նի կամ կոր­չի։

Այդ օրը կը պատ­րաստէին նաեւ փոք­րիկ կլոր ու մէ­ջը ծակ հա­ցիկ­ներ՝ կլկալ­ներ կամ ղու­լաճ կը կո­չուեն։ Ասոնք անցկաց­նէին եզ­նե­րի եւ տան կեն­դա­նինե­րու եղ­ջիւրնե­րէն, որ­պէսզի այդ տա­րի հո­րը ցո­րենով լի ըլ­լայ։

Ամա­նորի գի­շերը յա­ջոր­դող առա­ւօտը նոյնպէս բախտ- փոր­ձուկ է։ Երի­տասարդ աղ­ջիկ ու տղայ արթնա­նալուն պէս իրենց հետ կը վերցնեն նա­խօրդ օրը թխո­ւած «ղառղռի կլիկ­նե­րը»՝ փոք­րիկ կլոր հա­ցիկ­ներ, կը բարձրա­նան եր­դի­կը եւ այնտեղ շաղ կու տան հա­ցի փշրանքնե­րը։ Ապա ծա­ծուկ տե­ղէն կը նա­յէն թէ թռչուննե­րը որ կողմ տա­րան փշրանքնե­րը, զի այդ կող­մէն ու­րեմն պի­տի գա­յին իրենց հարս ու փե­սանե­րը։

Ետ­քը կը գնա­յին իրենց բա­րեկամ­նե­րու տնե­րը եւ ըստ վեր­ջիննե­րիս հիւ­րա­սիրու­թեան՝ գու­շա­կու­թիւններ կը­նէին՝ ինչ-որ կը հիւ­րա­սիրէին, այդպի­սին ալ պի­տի ըլ­լար անոնց բախ­տը։

Ու­րիշնե­րը ծա­ծուկ ունկ կը դնէին տնե­ցինե­րու կամ բա­րեկամ­նե­րու, կամ էլ թէ դուրս կել­լա­յին փո­ղոց եւ ան­ցորդնե­րու զրոյցնե­րին ականջ կը դնէին, եւ ըստ այդմ կը գու­շա­կէին իրենց բախ­տը։

Ամա­նորին՝ հայ­րը՝ մինչ այ­ցե­լու­թիւննե­րու գնա­լը, կ՚իջ­նէ տնէն եւ գո­մի դրան մօտ կը բե­րէ ձիուն։ ամէնքն ու­շա­դիր կը նա­յեն թէ ձին նախ որ ոտ­քը կը բարձրաց­նէ։ Թէ աջը բարձրաց­րեց, ու­րեմն տա­րին յա­ջող կ՚եր­թայ, իսկ թէ ձա­խը՝ նշան է որ այդ տա­րի ձա­խոր­դութիւններ շատ պի­տի ըլ­լան։ Աջը բարձրաց­նե­լու դէպ­քում հայ­րը իւր չա­փահաս որ­դի­ների հետ մի բա­ժակ օղի կը խմէ, ապա նոր դուրս կ՚ել­նի տնե­րով։

Գու­շա­կու­թիւններ կ՚ընէին նաեւ երե­կոյեան վա­ռուած մո­մի լոյ­սի վառ կամ տժգոյն լի­նելէն։ Որոշ աղ­ջիկներ ալ հաւ­կի­թը կը մաք­րէին ու կը դնէին հի­նայով ջրի մէջ։ եթէ առա­ւօտեան ձուն կարմրեր, ու­րեմն աղջկայ բախտն էլ կար­միր կ՚ըլ­լար ու նա կա­մուսնա­նար, իսկ ահա սե­ւանա­լը՝ չա­րագու­շակ էր, ան­գամ մահ կրնար նշա­նակել։

Աղ­ջիկնե­րը գի­շերը երեք ան­գամ կ՚աւ­լէին թոն­րի պա­տերը, ապա աւե­լը կը դնէին բար­ձի տակ եւ եթէ առա­ւօտեան աւե­լի ճիւ­ղե­րէն եւ ոչ մէ­կը ջար­դո­ւած չըլ­լար, լաւ բախտ կը սպա­սուէր։

Որե­ւէ մէկ խնձո­րի մէջ մե­տաղադ­րամ կը պա­հէին, ապա այն կը խառ­նէին մնա­ցած խնձոր­նե­րու հետ եւ սկու­տե­ղով կը բաժ­նէին տան ան­դամնե­րուն կամ հիւ­րե­րուն, ում բա­ժին հա­սաւ դրա­մով խնձո­րը, տա­րուայ բախ­տա­ւորու­թիւնը նրա­նը պի­տի ըլ­լայ ու­րեմն։

Հար­քում կը հա­ւատա­յին, որ գալ տա­րին յա­ջող եւ ձմե­ռը կարճ կ՚ըլ­լա­յին, եթէ կա­ղան­դի օրը Չո­րեք­շաբթի կամ Ուրբաթ օր չընկներ։ Կ՚ըսէին նաեւ, որ աւե­լի լաւ է Նոր Տարուայ նախօրէին արիւն տեղայ, քան անձրեւ, զի անձրեւը նշան է թէ ձմեռը խստաշունչ ու չափազանց երկար կ՚ըլլայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ