ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Բոկեղ ծախէ, պատիւդ փրկէ»

Հայերէն թեր­թը եր­բեմն տա­րօրի­նակ ներշնչումնե­րու պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ։ Այս ան­գամ ալ այդպէս եղաւ։ Նախ­քան այս յօ­դուա­ծը գրել սկսիմ շրթունքէս կա­խուած մնաց հին կար­գա­խօս մը, որ եր­կար ատե­նէ ի վեր չէի յի­շած։ «բո­կեղ ծա­խէ, պա­տիւդ փրկէ» այդ կար­գա­խօսը։ 2013-ի Յու­նի­սին «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րու ժա­մանակ հնա­րուած էր։ Պի­տի յի­շէք այդ օրե­րուն ոս­տի­կանու­թիւնը ո՛չ միայն Պոլ­սոյ, ո՛չ միայն Թաք­սի­մի հրա­պարա­կը, այլ ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը կան­խել կը ջա­նար ան­հա­մեմատ բռնու­թեամբ։ Հնա­դարեան մար­տիկնե­րու նման զրա­հուած ոս­տի­կան­նե­րը կամ անխնայ ար­ցունքա­բեր կազ կը սրսկէին, կամ ջրցան մե­քենա­ներով կը տա­պալէին ժո­ղովուրդը եւ կամ ալ այդ բո­լորէն ետք փայ­տե­րով, աքա­ցինե­րով կը յար­ձա­կէին երի­տասարդնե­րուն վրայ։ Ահա այդ ան­խիղճ յար­ձա­կումնե­րու դէմ երի­տասարդնե­րու հնա­րած բազ­մա­թիւ վան­կարկումնե­րու կար­գին էր ոս­տի­կան­նե­րու ուղղուած «բո­կեղ ծա­խէ, պա­տիւդ փրկէ» կար­գա­խօսը։ Ան­շուշտ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րու մէջ ոս­տի­կանու­թիւնը նախ կը ներ­կա­յանայ իբ­րեւ ժո­ղովուրդին ապա­հովու­թեան եւ անվտան­գութեան երաշ­խիք, բայց շու­տով կրնայ վե­րածուիլ իշ­խա­նու­թեան, նոյ­նիսկ աւե­լին՝ իշ­խա­նին զօ­րախումբը։ Դի­մացը եղող հա­սարակ ժո­ղովուրդը կը տես­նէ թշնա­մու դիր­քին մէջ եւ այդ հո­գեբա­նու­թիւնով ալ կը վե­րածուի հրէ­շի մը։ Բայց եկէք տե­սէք որ այդ հրէ­շը ան­տե­սելով, չլսե­լով ինչ-ինչ հայ­հո­յանքներ, ծան­րա­պէս կը վի­րաւո­րուէր այս պարզ կո­չէն։ «Բո­կեղ ծա­խէ, պա­տիւդ փրկէ»։ ան­գամ մը այդ վան­կարկումնե­րու մի­ջոցին աչք աչ­քի եկած էինք երի­տասարդ ոս­տի­կանի մը հետ, որ վրդո­ված հար­ցուցած էր ին­ծի մի­թէ ես ան­պա­տի՞ւ եմ։ Առանց տա­տամ­սե­լու պա­տաս­խա­նած էի. «եթէ հա­մազ­գեստէդ ազա­տիս խնդիր չի մնար»։ Աչ­քե­րը լցուած պա­ղատան­քի շեշ­տադրու­թեամբ մրմնջաց «գի­տե՞ս, որ փոքր եղ­բայրս ալ իրենց մէջ է։ Յա­ճախ կը զգու­շացնեմ զինք որ բախ­ման գծէն հե­ռու մնայ»։ Ինչպէս ըսած էի գրու­թեան սկիզ­բին այս վեր­յի­շու­մին դրդա­պատ­ճա­ռը եղաւ քա­ղաքիս հայ­կա­կան թեր­թե­րէն մէ­կը։ Կար­դա­ցի ու ակա­մայ մտա­բերե­ցի ստի­պուած չես խմբա­գիր կամ լրագ­րող ըլ­լա­լու։ Բո­կեղ ծա­խէ, պա­տիւդ փրկէ։ Բայց ճնշող ու­րիշ իրո­ղու­թիւն մը եւս կայ։ Ամէն մարդ չէ, որ բո­կեղ պի­տի կրնայ ծա­խել։ Այս վկա­յու­թիւննե­րը կ՚ընեմ, որ­պէս փո­ղոցը բո­կեղ ծա­խած մէ­կը։ Բայց գի­տեմ, որ օրա­պահի­կը ապա­հովե­լու հա­մար գրի­չը ծա­խելը շատ աւե­լի հեշտ է եր­բեմն, քան անձրե­ւին տակ կամ արե­ւու ճա­ռագայթնե­րուն ներ­քեւ ան­պատսպար ան­կիւնի մը վրայ բո­կեղ ծա­խել։

Կը յի­շեմ փո­ղոցի վա­ճառա­կանու­թիւնով զբա­ղած օրե­րէս դրուակ մը։ Պա­տահ­մամբ դի­մացս ելած էր եր­ջանկա­յիշա­տակ Շա­հան Արք. Եպսկ. Սվա­ճեան։ Զար­մա­նալով հար­ցուցած էր, թէ ինչ կ՚ընեմ այստեղ։ Ծա­խած­ներս ցոյց տուի եւ մին­չեւ օրս մտքիս մէջ դրոշ­մուած է իր առար­կութիւ­նը։ «Հայ ազ­գին պա­տիւ չի բե­րեր այս գոր­ծը» ըսած էր ողոր­մա­ծիք սրբա­զանը։

Ոս­տի­կան­նե­րուն պա­տիւը խնդրա­կան դար­ձած էր իշ­խա­նի հաշ­ւոյն ժո­ղովուրդին դէմ բռնու­թեան դի­մելու պատ­ճա­ռաւ։ Իսկ ի՞նչ ըսես, որ իշ­խաննե­րը յա­րափո­փոխ են մե­ծէն մին­չեւ փոքր եւ փոքր իշ­խաններն ալ կ՚ու­նե­նան ժո­ղովուրդին դէմ ձեռ­քի գրի­չով իրեն ծա­ռայող հա­ւատա­րիմ ծա­ռաներ։

Չեմ գի­տեր վստահ չեմ, թէ օգուտ կ՚ու­նե­նայ «բո­կեղ ծա­խէ, պա­տիւդ փրկէ» խրա­տը։ Վեր­ջա­պէս բո­կեղ ծա­խելու հա­մար, ար­դար միտ­քով ու հա­լալ աշ­խա­տան­քով օրա­պահիկ ապա­հովե­լու հա­մար մարդ պէտք է պա­տիւ ու­նե­նայ։

Թեր­թին մէջ կար­դա­ցած­ներս կա­տարեալ խայ­տա­ռակու­թիւն էին, որոնց դի­մաց ստի­պուե­ցայ այս տո­ղերով գրել։ Իսկ ար­դեօք նման գրու­թիւնը կը կար­ծէք, թէ զո­վացո՞ւց իմ բոր­բո­քած նե­րաշ­խարհս։ Ար­դեօք ու­րախ կրնա՞մ ըլ­լալ խմբագ­րի մը հաս­ցէին նման տո­ղեր շա­րադ­րե­լով։ Ան­շուշտ, որ ո՛չ։ Մա­նաւանդ, երբ փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տեմ թէ այս գրած­նե­րէս դոյզն իսկ օգուտ պի­տի չել­լէ ո՛չ խօսք ուղղուած են­թա­կային, ո՛չ ալ հա­մայնքի անու­նով որո­շում կա­յաց­նե­լու դիր­քին մէջ գտնուող պոլսահայոց վարչական խաւին համար։

pakrates@yahoo.com