Պատրիարքի (չ)ընտրութեան խնդիրը Խորհրդարանի օրակարգին

Թուրքիոյ հայ հա­սարա­կու­թիւնը եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր պե­տական մար­միննե­րէ ազ­­դանշան մը կը սպա­­սէ պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թիւնը կա­­տարե­­լու հա­­մար։ Սոյն տա­­րուայ ամա­­ռուայ ամիս­­նե­­­րուն Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի ստո­­րագ­­րութեամբ Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալու­­թեան փո­­խան­­ցուած գրու­­թեան մէջ կը նշուէր 10 Փետ­­րուար թուակա­­նը որ­­պէս պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու ընտրու­­թեան օր։ Ապա կը նա­­խատե­­սուէր 13 Փետ­­րուարին ալ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ ընտրել պոլ­­սա­­­հայոց նոր պատ­­րիար­­քը։ Սա­­կայն ինչպէս ծա­­նօթ է Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալու­­թիւնը կարգ մը ան­­ձե­­­րու հետ փակ դռնե­­րու ետին կա­­տարած խորհրդակ­­ցութիւննե­­րէ ետք որո­­շեց ան­­հա­­­ղորդ մնալ կա­­տարուած դի­­մու­­մին։ Այդ շրջա­­նին զրոյցներ տա­­րածուեցան ըստ, որու պե­­տական մար­­միննե­­րը առար­­կութիւն ու­­նէին Նա­­խաձեռ­­նարկ մարմնի ան­­դամնե­­րուն եւ Տե­­ղապահ սրբա­­զանի նկատ­­մամբ։ Մին­­չեւ օրս Կու­­սա­­­կալու­­թեան կա­­տարուած դի­­մու­­մէն ժխտա­­կան կամ դրա­­կան պա­­տաս­­խան մը չէ ստա­­ցուած։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ Ժո­­ղովուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան խնդի­­րը փո­­խան­­ցեց Խորհրդա­­րանի օրա­­կար­­գին։

Փայ­­լան Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րի ուղղեալ հար­­ցումնա­­գիր մը յանձնած է, ուր գրուած է հե­­տեւեալը։ «Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Մես­­րոպ Արք. Մու­­թա­­­ֆեան առող­­ջութեան պատ­­ճառնե­­րով ինը տա­­րիէ ի վեր չի կրնար կա­­տարել պատ­­րիար­­քի իր պար­­տա­­­կանու­­թիւնը։ Թուրքիոյ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի հո­­գեւո­­րաց դա­­սը նոր պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցը մեկ­­նարկե­­լու հա­­մար հե­­նելով 1863-ի ազ­­գա­­­յին սահ­­մա­­­նադ­­րութեան, Լո­­զանի դաշ­­նագրին եւ ան­­ցեալ շրջան­­նե­­­րու աւան­­դութեան 15 Մարտ 2017 թուակա­­նին տե­­ղապա­­հի պաշ­­տօն տուաւ Գա­­րեգին Արք. Եպսկ. Պէք­­ճեանին։ Դար­­ձեալ աւան­­դութիւննե­­րու հա­­մաձայն տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թե­­­նէն ետք ար­­դէն սկսած կը հա­­մարուի պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցը։ Պատ­­րիար­­քա­­­րանը այս շրջա­­նին բա­­զում ան­­գամներ Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան ուղղեալ գրու­­թիւններ յանձնած է Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալու­­թեան։ Վեր­­ջին ան­­գամ 9 Յու­­լիս 2017 թուակա­­նին տե­­ղապահ սրբա­­զանի ստո­­րագ­­րութիւ­­նով նա­­մակ մը յանձնուած է եւ սա­­կայն այս նա­­մակ­­նե­­­րէն ոչ մէ­­կը ար­­ժա­­­նացած են պա­­տաս­­խա­­­նի։ Մինչդեռ եր­­կու հանգրուանով ընտրու­­թիւննե­­րու հա­­մար կան­­խա­­­տեսուած էր 10 եւ 13 Դեկ­­տեմբեր թուական­­նե­­­րը։ Մա­­մու­­լի մէջ լոյս տես­­նող պնդումնե­­րու հա­­մաձայն պե­­տու­­թիւնը կը մեր­­ժէ Գա­­րեգին Արք. Եպսկ. Պէք­­ճեանի տե­­ղապա­­հի ընտրու­­թիւնը եւ կ՚առա­­ջար­­կէ իս­­թանպու­­լաբնակ եր­­կու եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ ըն­­թացք տալ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն։

Պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան տա­­րինե­­րէ ի վեր ձգձգու­­մը հա­­մայնքէ ներս դժգո­­հու­­թեան պատ­­ճառ դար­­ձած է եւ կը դի­­տուի իբ­­րեւ պե­­տու­­թեան մի­­ջամ­­տութիւ­­նը պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան»։

Փայ­­լան այս նա­­խաբա­­նէն ետք հե­­տեւեալ հար­­ցումնե­­րը ուղղեց Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լուիլ։

Ա) Պե­­տու­­թիւնը ի՞նչ պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ կը մի­­ջամ­­տէ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան։

Բ) Ճիշդ են այն պնդումները ըստ որու Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալ Վա­­սիբ Շա­­հին մի­­ջամ­­տա՞ծ է ընտրու­­թիւննե­­րուն։

Գ) Երբ հայ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թեան գոր­­ծընթաց­­քի մեկ­­նարկման հա­­մար հա­­մաձայ­­նութիւն մը գո­­յացած է եւ աշ­­խա­­­տանքներ սկսած, ի՞նչ է պատ­­ճա­­­ռը այս յե­­տաձ­­գումին։

Դ) Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հը արեւմտեան Թրա­­քիոյ այ­­ցե­­­լու­­թեան ժա­­մանակ երբ կը քննա­­դատէր Յու­­նաստա­­նի մէջ միւֆթի­­ւի ընտրու­­թեան առ­­ջեւ գո­­յացած ար­­գելքնե­­րը, հա­­պա ի՞նչ պի­­տի ըսէ Թուրքիոյ մէջ պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան դի­­մաց ծա­­ռացող այս խնդիր­նե­րուն մա­սին։

Ե) Ե՞րբ պի­տի վերջ տաք հայ ժո­ղովուրդի իր պատրիարքը ընտրելու իրաւունքին միջամտելու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ