Ցկեանս բանտարկութիւն կը պահանջուի լրագրողներու դէմ

Երկար բանտարկութեան շրջանէ մը ետք վերջապէս Ալթան եղբայրներ եւ լրագրող Նազլը Ըլըճաք դատարան ներկայացան։ Հանրածանօթ լրագրողները կը մեղադրուէին 15 Յուլիս 2016-ի ձախողած զինուորական հա­րուա­ծէն տե­ղեակ ըլ­լա­լով հան­դերձ այս մա­սին իշ­խա­նու­թիւննե­րը իրա­զեկ չպա­հելու մե­ղադ­րանքով։

Դա­տախա­զը նման մե­ղադ­րանքի բեր­մամբ ցկեանս բան­տարկու­թիւն կը պա­հան­ջէ ամ­բաստա­նեալ լրագ­րողնե­րու դէմ, իսկ անոնք կը մեր­ժեն իրենց վե­րագ­րուած այս յան­ցանքը պնդե­լով, թէ եր­բեք կապ չեն ու­նե­ցած նման դա­ւադ­րութեան մը հետ։ Դա­տական նիս­տին ներ­կայ էր Նազ­լը Ըլը­ճաք, իսկ Ալ­թան եղ­բայրնե­րը դա­տավա­րու­թեան մաս­նակցե­ցան տե­սալ­սո­ղական դրու­թեամբ։

Մինչ այդ աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէն բազ­մա­թիւ մտա­ւորա­կան­ներ, մա­մու­լի աշ­խա­տակից­ներ ու խմբա­գիր­ներ զօ­րակ­ցութեան կոչ մը ուղղե­ցին Թուրքիոյ բան­տե­րուն մէջ եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր բան­տարկուած Տե­նիզ Եիւ­ճե­լի եւ այլ քաղ­բանտար­կեալ­նե­րու հա­մար։

Ինչպէս պի­տի յի­շուի նա­խագահ Էր­տո­ղան կը յա­մառի պնդել, թէ Թուրքիոյ բան­տե­րուն մէջ լրագ­րողներ չկան լրագ­րող կար­ծուած­նե­րուն բո­լորը կը մե­ղադ­րուին ահա­բեկ­չութեամբ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ