Յոյսի բառը
Դարեր անցան... Մեր երկը հազարամեայ «որդի» բառը աճեցաւ ու դարձաւ վերին աստիճանի ներկայանալի։ Հայոց լեզուին շնորհեց սրտառուչ շարականներ ու քերթուածներ, պատկերալից դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ։ «Որդի»ն իր հասունութեան օրերուն նաեւ հայրացաւ։ Ծնունդ տուաւ տեսակաւոր նոր բառերու, ինչպէս՝ «արքայորդի», «քաջորդի» եւ «ազատորդի»։ Վերջինները պատիւ եւ հպարտութիւն բերին մեր ազգին, որ ծանօթ էր որպէս նաեւ «Որդիք Թորգոմայ»։ Իսկ այսօր, ժամը հինգին, այս ալեհեր երիտասարդը, հայկազունեաց անթիւ իրագործումներուն դերակատարը, բեմ պիտի ելլէ ու պիտի տայ իր պատգամը։ Ի՛նքը ընտրած է վայրը. «Հայորդեաց Տուն»- Երեւանի Արաբկիր թաղամասի այն կրթարանը, որ ազգային ոգի եւ ներշնչում կու տայ հայորդիներուն։
Հայրենիք այցելող մեր 35 աշակերտներու հետ կ՚անցնինք նրբանցքներէն, փորձի սենեակներու առջեւէն ու կը հասնինք համերգասրահ։ Առաւել խանդավառ է Մհերը, ան, որ օր մը առաջ Պանթէոնի եւ Եռաբլուրի մէջ սպիտակ մեխակներ խոնարհեցուցած էր ազգի ամենանուիրեալ որդիներու շիրիմներուն վրայ։
- Պարոն, յայտագիրը ձեզի ծանօ՞թ է։
- Երբեք նոյնը չէ, ամէն տարի կը հարստանայ։
- Երէկ, Կոմիտասին ձեռքը բռնեցի։
- Տեսայ։ Գիտե՞ս Մհեր, այդ արձանին նայելով կը տեսնեմ տասը տարեկան մանուկ մը, որ իր սրինգով տխուր եղանակ մը կը նուագէ։
- Ինչո՞ւ տխուր։
- Պարոյր Սեւակի խօսքերը թող բացատրեն. «Գէթ հայրը մնար... Բայց հայրն էլ գնաց, երբ որդին չկար տասը տարեկան»։
Յայտագիրը կը սկսի։ Յիսուն պատանիներ, եռագոյն շապիկներ հագած ու դրօշակներ բռնած, կ՚երգեն երգ մը, որ կը խօսի հիւր տարեկիցներու սրտերուն.
«Հայորդիք՝ որ կ՚ապրիք դուք հեռուն
Մի մոռնաք մեր անոյշ մայր լեզուն»։
- «Որդի» բառը, Մհեր, սիրեց բանաստեղծութիւն դառնալ, հէքիաթ դառնալ։ Շիրազը, որ այսօր Վարդապետին քով հանգիստ կ՚ընէ, գրեց՝ «Որդիս, քեզ ի՞նչ կտակեմ…», Վահան Թոթովենցը՝ «Յովնաթան՝որդի Երեմիայի», Մուրացանը՝ «Հասարակաց որդեգիրը», Աւետիք Իսահակեանը՝ «Որդիական սէր», Պարոյր Սեւակը՝ «Մայր ու որդի», իսկ Սիամանթօն՝ «Հայորդիներ», բանաստեղծութիւններու շարք, որուն հերոսն է Հայորդին։ Սիլվա Կապուտիկեանն ալ ուզեց իր պատգամը տալ ու խրատեց. «Ու տե՛ս, որդիս, ուր էլ լինես... քո մայր լեզուն չմոռանա՛ս»։ Բանաստեղծութեան անո՞ւնը՝ «Խօսք իմ որդուն»։ Գիտե՞ս Մհեր, Մխիթար Սեբաստացին ինչպէս կոչած էր իր միաբանութիւնը… «Որդեգիր կուսին վարդապետք ապաշխարութեան»։ Խաչաձեւ յապաւումը անոր՝ «ՈԿՎԱ», զարդարեց Մխիթարեան հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ Փանկալթի թաղամասի եկեղեցւոյ ճակտոնը։
Բեմ կու գայ աղջնակ մը ու «մայրական» ձայնով կ՚երգէ օրօրոցային մեղմութիւն ունեցող երգ՝ «Զարթնիր որդեակ»։
- Մհեր, «որդի» բառը, Վենետիկէն Պոլիս, Զմիւռնիայէն Թիֆլիս՝ դարձաւ նաեւ գիրք. «Տեղեկագիր հոգատար- որբախնամ ընկերութեան Զմիւռնիոյ», «Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ իւր որդիքը», «Հայրը եւ որդին»։ Յայտնուեցան տպագրական ընկերութիւններ, հայր ու որդիներ շատ անգամ, ինչպէս՝ «Արշակ Յակովբեանցի եւ որդիք», «Յ. Ասատուրեան եւ որդիք», «Կ. Քէշիշեան որդի», «Օննիկ Բարսեղեան եւ որդի», «Նշան Պէրպէրեան եւ որդի»։ Մհեր, կրնա՞ս պատկերացնել, որ «որդի» բառը օր մը, 1200 թուականներուն մօտաւորապէս, դառնար անձնանուն։ Սանահինի վանքի առաջնորդն էր ան, յայտնի մատենագէտ Գրիգոր «Որդի» Աբասան, այն թուականներուն երբ Վարդան Այգեկցին գրի կ՚առնէր առակ մը՝ «Այրի կին եւ որդի» ու հայոց լեռներու մէջ դեռ բնակութիւն ունէին «Արեւորդիներ», հայեր, որոնք քրիստոնէութեան տարբեր ըմբռնում մը ունէին։
Բեմէն հիմա կը լսուի Տիգրանակերտի հայուհիներուն յատուկ հին օրօրոցային մը.
«Նենի ըսիմ, քնցնիմ որդի, նենի՜,
Անուշ քընեն թռցնիմ որդի, նենի՜
Պագնիմ անուշ բերանը, որդի...»
Մհեր, պէտք է յիշել նաեւ երեւանցիներու իմաստուն խօսքը. «Մի մարդի գործը Աստուած յաջողի, ադամորդին ի՞նչ կարող ա անել»։ Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ 24 Դեկտեմբեր 1917 թուականին, ի՛նչ ծիծաղելի բան, մագի մը, իր գառնուկը ախորժակով կուլ տուած Յովհաննէս Թումանեանին յանդիմանեց զայրացած. «Աստուած պահի քո որդին, ո՞նց էր համը իմ ձագի…»։ Բառը անշուշտ նաեւ առաւ փոխաբերական իմաստ։ «Որդի» կոչեցինք գաղափարի կամ ուսմունքի մը հետեւորդները, հայրենիքի զաւակները, ժառանգորդները, ներկայացուցիչները։ Տարեցները, մտերմական եղանակով «որդի» կոչեցին անծանօթ երիտասարդները։ Իսկ օր մը, կարօտի եւ վհատութեան մէջ Եղիշէ Չարենցը յիշեց իր մայրը.
«Եւ յիշում ես քո որդուն, որ հեռացել է վաղուց
Ո՞ւր է արդեօք հեռացել, մայր իմ անուշ ու անգին»
Վահան Տէրեանը իր «Հրաժեշտի գազել»ին մէջ «որդի» բառին տուաւ համամարդկային արժէք.
«Տանջուած ու որբ ադամորդուն ասում եմ ես՝ մնաս բարով»
Յայտագիրը կը մօտենայ իր աւարտին։ «Որդի» բառը, մարմին առած որպէս յուսալի հայորդիներ, բեմ կը վերադառնայ, մինչ մեր աչքերուն առջեւէն կը սահի երկը հազարամեայ ոդիսական մը. ան մերթ մռայլ էր, մերթ ժպտուն, մերթ խոհուն էր, մերթ խօսուն, բայց միշտ իմաստուն։ Բարձրավիզ։ Ծառայասէր։ Լուսաւոր։ Ազատատենչ։ … Հայորդեաց Տան մէջ, սփիւռքի եւ հայրենիքի հայորդիները յոտնկայս սկսած են միաբերան երգել. «… իւր որդիքը արդ կանչում է, ազատ անկախ Հայաստան… »