Սայաթ Նովու քամանչան ալ Ատրպէյճանին տուին

ՈՒՆԷՍՔՕ իր հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թի դե­րակա­տարու­թեան բեր­մամբ մերթ ընդ մերթ կը ներ­կա­յանայ երիր­նե­րու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը բնու­թագրե­լու խնդրին մէջ, իբ­րեւ կա­րեւոր դե­րակա­տար։ Այս դե­րակա­տարու­թիւնով եր­բեմն որոշ ժո­ղովուրդնե­րու սե­փակա­նու­թեան կը վե­րագ­րուի պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէք ու­նե­ցող հնա­դարեան կա­թող­ներ, իսկ եր­բեմն ալ ամէ­նօրեայ գոր­ծա­ծու­թեան մէջ դէմ­հանդի­ման եկած նիւ­թեր, որոնց մա­սին կրնան մէ­կէ աւե­լի մշա­կոյթներ սե­փակա­նու­թիւն պա­հան­ջել։ Ահա այդ պայ­մաննե­րու տակ խիստ կը դժուարա­նայ ՈՒ­ՆԷՍՔՕ-ի դա­տողու­թիւնը, քա­նի որ խնդի­րը ձե­ւով մը վե­րածուած է ազ­գե­րու մի­ջեւ մրցակ­ցութեան։ Ան­ցեալին այս տե­սակի տա­րակար­ծութիւններ ապ­րուեցան, երբ լա­ւաշ հա­ցը, պախ­լա­ւան եւ խո­հանո­ցի վե­րաբե­րող այլ զա­նազան իրերու զա­նազան հա­րեւան եր­կիրներ սե­փակա­նու­թիւն կը վե­րագ­րէին։

Այս ան­գամ օրա­կար­գի եկած է Կով­կա­սեան եր­կիրնե­րէ ներս ըն­դունե­լու­թիւն գտած ժո­ղովրդա­կան գոր­ծիք մը, որ մե­զի ծա­նօթ է իբ­րեւ քա­ման­չա։ Ան­շուշտ որ քա­ման­չա­յի մա­սին հա­մաձայ­նութեան մը յան­գիլ բնաւ ալ դիւ­րին պի­տի չըլ­լար, տրուած ըլ­լա­լով որ ան հա­ւասա­րապէս կը գոր­ծա­ծուի հա­յերու, վրա­ցինե­րու եւ ատրպէյ­ճանցի­ներու կող­մէ։ Այդ որո­շու­մը կա­յացած է Հիւ­սի­սային Քո­րէայի մէջ գու­մա­րուած ոչ նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան միջ­կա­ռավա­րական յանձնա­խումբի 12-րդ նստաշրջա­նին եւ թա­ռը համարուած է Ատրպէյ­ճա­նի եւ Պարսկաս­տա­նի ոչ նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն։

Նոյն ժո­ղովի ըն­թացքին տոլ­մա ճա­շատե­սակը եւս վե­րագ­րուած է Ատրպէյ­ճա­նի ոչ նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի ցան­կին։ Իսկ ծա­նօթ «Քո­չարի» հայ­կա­կան պա­րը ար­ձա­նագ­րուած է, որ­պէս Հա­յաս­տա­նի ոչ նիւ­թա­կան մշա­կոյ­թի ժա­ռանգ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ