Ամանոր. Տարեհաց

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksanakarapetian@gmail.com

Ամա­նորի սո­վորոյթնե­րում մեծ տեղ կը գրա­ւեն ծի­սական ու­­տեստնե­­րը, որոնց «թա­­գաւո­­րը» կրնանք հա­­մարիլ Տա­­րի հա­­ցը կամ Տա­­րեհա­­ցը, ոմանք այն կա­­­նուա­­­նէին Կրկե­­­նի (Սի­­­սիանում), Դով­­­լաթ կրկե­­­նի (Վա­­­րան­­­դա­­­­­­­յում), Կլոճ, Փուռնիկ եւայլն։

Ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս, 19-րդ դա­­­րու վերջ 20-րդ դա­­­րու սկիզբ հա­­­յոց բո­­­լոր ազ­­­գա­­­­­­­գաւառ­­­նե­­­­­­­րում չէ, որ Յու­­­նուարի 1-ին կը նշէին Նոր Տա­­­րին։ «Սի­­­սիանում Նոր տա­­­րին շատ ան­­­շուք է անցնում, որով­­­հե­­­­­­­տեւ սրանք տօ­­­նում են հայ­­­կա­­­­­­­կան նոր տա­­­րին, Նա­­­ւասար­­­դի մէ­­­կը, որ գա­­­լիս է օգոս­­­տո­­­­­­­սին։ Ոչ մի շնոր­­­հա­­­­­­­ւորու­­­թիւն չէ լի­­­նում», «Վա­­­րան­­­դա­­­­­­­յի գիւ­­­ղե­­­­­­­րում նոր տա­­­րին գրե­­­թէ բո­­­լորո­­­վին չի տօն­­­ւում»։

Ահա նման դէպ­­­քե­­­­­­­րում «Տա­­­րի»ն կը պատ­­­րաստէին Սուրբ Ծննդեան օրը տօ­­­նելիս։

Պէտք է նշենք, որ Ամա­­­նորին ան­­­չափ շատ կը թխուէին զա­­­նազան տե­­­սակի խմո­­­րեղէն­­­ներ ու հա­­­ցեր, որոնք մե­­­ծամա­­­սամբ ծի­­­սական գու­­­շա­­­­­­­կու­­­թիւննե­­­րու եւ բա­­­րեմաղ­­­թանքնե­­­րու հա­­­մար էին։ Եւ եթէ ան­­­գամ բա­­­ւական հաց ու­­­նե­­­­­­­նային, միեւ­­­նոյն է՝ Նոր Տա­­­րին հարկ էր նոր հա­­­ցով սկսիլ։

Եւ ու­­­րեմն մինչ Տա­­­րեհաց թխե­­­լը, նախ պի­­­տի նո­­­րոգէին թթխմո­­­րը։ 8-10 տա­­­րեկան ան­­­մեղ աղջնակ մը Ամա­­­նորի հա­­­մար պատ­­­րաստուող հա­­­ցի ալիւ­­­րէն քա­­­նի մը բուռ վերցնե­­­լով կը շա­­­ղէր այն՝ առանց թթխմոր խառ­­­նե­­­­­­­լու, որ­­­պէսզի այն ին­­­քուրոյն թթուէր, որ­­­մէ յե­­­տոյ միայն կանցնէին ծի­­­սական հա­­­ցեր ու թխուածքներ պատ­­­րաստե­­­լուն։

Տա­­­րեհա­­­ցի բա­­­ղադ­­­րութիւ­­­նը շատ պարզ կ՚ըլ­­­լար։ սո­­­վորա­­­բար այն գա­­­թայ էր՝ առանց կա­­­թի, իւ­­­ղի, մա­­­ծու­­­նի, կա­­­րագի, զի այդ օրը պաս էր։ Խո­­­րիզը՝ մի­­­ջու­­­կը, մեղ­­­րով ու ըն­­­կոյզով կը շա­­­ղախէին։ Սա­­­սու­­­նում Տա­­­րեհա­­­ցի՝ Փուռնի­­­կի խո­­­րիզը կա­­­նեփի բո­­­հուած հա­­­տիկ­­­ներ էր՝ շա­­­ղախուած ըն­­­կոյզով եւ քաղցր պաս­­­տեղ։ Այլ վայ­­­րե­­­­­­­րում, զո­­­րօրի­­­նակ, Ալաշ­­­կերտում ամ­­­բողջ խմո­­­րը կը շա­­­ղախէին ըն­­­կոյզով, կա­­­նեփով ու չա­­­միչով։

Տա­­­րեհա­­­ցը կրնայ գա­­­թայ ըլ­­­լայ կամ բա­­­ղարջ, լի­­­նի կլո­­­րակ, եռան­­­կիւնի կամ քա­­­ռան­­­կիւնի, խա­­­չաձեւ կամ ձուաձեւ։ սա ճա­­­շակի հարց էր։ Երե­­­սին վրայ կը նկա­­­րուեն զա­­­նազան կեն­­­դա­­­­­­­նինե­­­րու կամ տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­կերներ, յա­­­ճախ արե­­­ւի կամ յա­­­ւեր­­­ժութեան խորհրդան­­­շաններ…

Բայց ամե­­­նէն կա­­­րեւո­­­րը Տա­­­րեհա­­­ցի մէջ դրուող մե­­­տաղադ­­­րամն էր կամ սի­­­սեռը, որը մեծ բախ­­­տա­­­­­­­ւորու­­­թիւն կը խոս­­­տա­­­­­­­նար ստա­­­ցողին։ Մեր օրե­­­րում դրա­­­մէն զատ խմո­­­րի մէջ կը դնեն նաեւ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ բա­­­րեմաղ­­­թանքներ ու գու­­­շա­­­­­­­կու­­­թիւններ։

Որոշ վայ­­­րե­­­­­­­րում Տա­­­րեհա­­­ցը կը բա­­­ժանէին ըստ տան ան­­­դամնե­­­րու թուին, այլ գիւ­­­ղե­­­­­­­րում դրան կ՚աւե­­­լանար օճա­­­խի բա­­­ժինը, ար­­­տի, հան­­­դի, անա­­­սուննե­­­րու, Վա­­­րան­­­դա­­­­­­­յում՝ ան­­­գամ օտա­­­րի բա­­­ժինը։ Եր­­­բեմն Տա­­­րին կը բա­­­ժանէին 12 մա­­­սի՝ ըստ ամիս­­­նե­­­­­­­րու թուի եւ որ ամ­­­սուան բա­­­ժին հաս­­­նէր մե­­­տաղադ­­­րա­­­­­­­մը, այդ ամիս պի­­­տի ըլ­­­լար ամե­­­նաբա­­­րեբե­­­րը տան հա­­­մար։

Հա­­­մակ ու­­­շադրու­­­թեամբ կ՚ու­­­տէին իրենց բա­­­ժինը՝ լա­­­րու­­­մով փնտռե­­­լով մե­­­տաղադ­­­րա­­­­­­­մը։ ում բա­­­ժին ընկներ՝ «տա­­­րին նրանն էր» լի­­­նելու։ Շատ կ՚ու­­­րա­­­­­­­խանա­­­յին, եթէ օճա­­­խին հաս­­­նէր։ սա նշա­­­նակ էր որ տան բո­­­լոր ան­­­դամնե­­­րուն բախ­­­տը բե­­­րեց։ Իսկ ահա օտա­­­րի դէպ­­­քում կը տխրէին, զի տան դով­­­լա­­­­­­­թը՝ բախ­­­տը, օտա­­­րին կ՚անցնէ։ Իսկ եթէ կտրե­­­լիս, դա­­­նակը դէմ կ՚առ­­­նէր դրա­­­մին, ու­­­րեմն տա­­­րուայ առա­­­տու­­­թիւնը գու­­­թա­­­­­­­նէն, երկրա­­­գոր­­­ծութիւ­­­նէն կու գար։

Տար­­­բեր վայ­­­րե­­­­­­­րում տար­­­բեր օրե­­­րի կը կտրէին Տա­­­րին՝ տա­­­րեմ­­­տի ընթրի­­­քին, Յու­­­նուարի 1-ին, 4-ին, 6-ին։

Ջա­­­ւախ­­­քում Նոր տա­­­րու նա­­­խորդ օրը փոքր հար­­­սը սո­­­վորա­­­կանէն առա­­­ւել շատ խմոր կը հունցէր ու թո­­­նիրը կը վա­­­ռէր։ Յե­­­տոյ կու գար ապ­­­լան, կ՚եփէր հիմ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­տեստնե­­­րը, որ­­­մէ ետք նրանք միասին կը թխէին հա­­­ցերը։

Ապ­­­լան անի­­­սոնով մի բա­­­ղարջ կը պատ­­­րաստէր, յե­­­տոյ մի մեծ գունդ կը վերցնէր ու կը սկսէր աղօ­­­թել։ «Երկնա­­­ւոր Թա­­­գաւոր, դու բա­­­րով խե­­­րով տա­­­րի էնես, դու հա­­­լեւո­­­րիս ու տղոցս, հարսնե­­­րուս ու թոռ­­­նե­­­­­­­րուս հետ շատ տա­­­րինե­­­րու նա­­­սիպ էնես, մէ­­­կու ճար աղջկանս ա մէ բա­­­րի ղուռմ բա­­­նաս»։

Յե­­­տոյ դրամ մը կը խրէր խմո­­րի մէ­­ջը, լաւ կը գնտէր, կը բա­­նար, երե­­սը ձեռ­­քով կը նախ­­շէր, քիշ­­մի­­­շով ու ըն­­կոյզով կը զար­­դա­­­րէր, ետ­­քը Յի­­սուս Քրիս­­տոս ըսե­­լով կը դնէր հա­­ցառի վրայ ու կը խփէր թոն­­րի շուրջը։

Ար­շա­լոյ­սը բա­ցուե­լուն պէս, ապ­լան կ՚արթննար, Տա­րին կը դնէր սա­լանի մէջ, վրան մեղր կը քսէր, ձեռ­քին գա­ւազան մը քոթ­քո­թաց­նե­լով կ՚ել­նէր դուրս, կը դառ­նար դէ­պի արե­ւելք ու երեք ան­գամ կ՚ըսէր։ «Դէօվ­լաթ, սարն էս, ձորն էս, արի տուն» եւ նո­րէն քոթ­քո­թաց­նե­լով ներս կը մտնէր…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ