ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կալանաւորուիլ աւազակ եղբօր ձեռամբ

Թուրք օդա­յին գի­ծերու դէ­պի Հա­յաս­տան թռիչքներ ծրագ­րե­լու մա­սին լրա­տուու­թիւնը որ­քա­նո՞վ ճիշդ է։ Այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւնով մը ներ­կա­յացաւ ըն­կե­րու­թեան նա­խագահ Իլ­քէր Այճը։ Ան 24 Նո­յեմ­բե­րին «Անա­տոլու աժանս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան տուած բա­ցատ­րութիւննե­րուն կար­գին նշեց, թէ կը պատ­րաստուին կարգ մը նոր քա­ղաք­նե­րու կող­քին դէ­պի Երե­ւան եւս չուերթներ կա­տարե­լու։

Թրքա­կան «Աթ­լաս կլո­պըլ» ըն­կե­րու­թիւնը ու­ղիղ չուերթներ կը կա­տարէ Իս­թանպուլ-Երե­ւան գծի վրայ։ Տրուած ըլ­լա­լով, թէ ցա­մաքա­յին սահ­մա­նադու­ռը փակ է եւ չի գոր­ծեր Կարս-Կիւմրի եր­կա­թու­ղին, այդ թռիչքնե­րը ու­ղե­ւորու­թեան միակ մի­ջոցը կը կազ­մեն եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ։ (Ամա­ռուայ ամիս­նե­րուն թռիչքներ կը կա­տարուին նաեւ Երե­ւան-Ան­թա­լիա ու­ղիով)։

Ան­ցեալին եղան կարգ մը նա­խաձեռ­նութիւններ, որոնք չի­րակա­նացան Ատրպէյ­ճա­նի դժկա­մու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Նախ «Պո­րա ժեթ» ըն­կե­րու­թիւնը փոր­ձեց Վան-Երե­ւան ուղղու­թիւնով ճամ­բորդներ փո­խադ­րել։ Աւե­լի ետք այս ան­գամ «Փե­կասուս» ըն­կե­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց Իս­թանպուլ-Երե­ւան թռիչքնե­րու մա­սին։ Սա­կայն այս նա­խաձեռ­նութիւնն ալ չէ յա­ջողած Ատրպէյ­ճա­նական գոր­ծօ­նի հե­տեւան­քով։ Թէեւ այս առթիւ յստակ յայ­տա­րարու­թիւն մը չէր կա­տարուած, բայց փակ դռնե­­րու ետին կը խօ­­սուէր Ատրպէյ­­ճա­­­նի սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու մա­­սին ու կը պնդուէր, թէ Ատրպէյ­­ճան ըն­­կե­­­րու­­թեան սպառ­­նա­­­ցած է «Եթէ Երե­­ւան թռիչք պի­­տի կա­­տարէք հրա­­ժարե­­ցէք Պա­­քուի թռիչքնե­­րէն» ըսե­­լով։

Կա­­րելի չէ որ Թուրք օդա­­յին գի­­ծերու նա­­խագա­­հը այս բո­­լորը լսած չըլ­­լայ։ Ու­­րեմն իր յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը մտա­­ծել պի­­տի տայ, թէ նա­­խապէս որոշ հա­­մաձայ­­նութիւն մը գո­­յացած է «Մէկ ազգ, եր­­կու պե­­տու­­թիւն» հա­­մարուող Թուրքիոյ ու Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ։ Ո՞ր կա­­րիքէն դրդուելով Թուրքիոյ օդա­­յին գի­­ծերու ըն­­կե­­­րու­­թիւնը նման ծրա­­գիր մը մշա­­կեց։ Ան­­շուշտ որ եր­­կիրնե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն բնա­­կանո­­նաց­­ման նա­­խապայ­­մաննե­­րէն մէկն է իրա­­րու մի­­ջեւ եր­­թե­­­ւեկե­­լու մի­­ջոց­­նե­­­րու հաս­­տա­­­տու­­մը։ Թուրքիա մին­­չեւ օրս Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ մեր­­ձե­­­նալու իմաս­­տով դոյզն իսկ յա­­ռաջըն­­թաց չէր ու­­նե­­­ցած։ Ընդհա­­կառակ՝ գո­­յացած բո­­լոր առիթ­­նե­­­րը մեր­­ժող ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը որ­­դեգրե­­լով կա­­ռավա­­րու­­թիւնը շրջան­­ցած էր, թէ Ատրպէյ­­ճա­­­նի յար­­ձա­­­կողա­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը եւ թէ երկրէ ներս ազ­­գայնա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու հա­­ւանա­­կան հա­­լածանքնե­­րը։

Իսկ գա­­լով Թուրքիոյ ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան Ատրպէյ­­ճա­­­նի կող­­մէ կա­­լանա­­ւորուած ըլ­­լա­­­լուն, այդ մա­­սին կա­­րեւո­­րագոյն փաս­­տը եղաւ թուրքիացի չորս մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու դէմ Պա­­քուի հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը։ Սոյն տա­­րուայ Սեպ­­տեմբեր ամ­­սուն նախ­­կին պատ­­գա­­­մաւոր Ու­­ֆուք Ու­­րաս, լրագ­­րող Ալի Պայ­­րա­­­մօղ­­լու, ակա­­դէմա­­կան Էրօլ Քա­­թըր­­ճըօղ­­լու եւ Սաիտ Չե­­թինօղ­­լու այ­­ցե­­­լած էին Ար­­ցա­­­խի հան­­րա­­­պետու­­թիւն եւ այնտեղ շփումներ ու­­նե­­­ցած պե­­տական շրջա­­նակ­­նե­­­րու հետ։ Ալիեւի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը հե­­տաքննու­­թիւն կա­­տարած էր իրենց դէմ եւ Թուրքիայէն ալ պա­­հան­­ջած էր, որ անոնք ձեր­­բա­­­կալուին ու յանձնուին Ատրպէյ­­ճան, ուր պի­­տի դա­­տուին այս երկրի հո­­ղային ամ­­բողջու­­թիւնը ոտ­­նա­­­կոխած ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքով։

Ատրպէյ­­ճա­­­նի այս պա­­հան­­ջը օրի­­նական հիմք մը չու­­նի հա­­մաշ­­խարհա­­յին իրա­­ւաբա­­նու­­թեան առու­­մով։ Բայց կայ հա­­մաշ­­խարհա­­յին իրա­­ւաբա­­նու­­թիւնը գե­­րազան­­ցող եւս հա­­մաշ­­խարհա­­յին կա­­նոն մը՝ հա­­յերէ­­նով կա­­շառք, այլ լե­­զու­­նե­­­րով կո­­ռուպցիա, որու մի­­ջոցաւ Պա­­քու կը կի­­րար­­կէ իր քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը Հունգա­­րիայէն Պե­­լառուս եւ մին­­չեւ, ուր որ կ՚ու­­զես։ Կա­­լան­­քի են­­թարկած Թուրքիոյ դէմ կա­շառ­քի ալ կա­րիք չու­նի Ատրպէյ­ճան, սպառ­նալն բա­ւարար է եղ­բայր երկրի ան­բաղձա­լի որո­շումնե­րը կան­խե­լու հա­մար։

pakrates@yahoo.com