Գնդապետ Էօզ չի յիշեր

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

4եւ 5 Դեկ­­տեմբեր թուական­­­նե­­­­­­­րուն Իս­­­թանպու­­­լի 14-րդ եղեռ­­­նա­­­­­­­դատ ատեանի մէջ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցաւ Հրանդ Տին­­­քի սպա­­­նու­­­թեան հե­­րթա­­­­­­­կան դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը։ Այս նիս­­­տին ներ­­­կայ գտնուեցան ձեր­­­բա­­­­­­­կալեալ եւ ոչ ձեր­­­բա­­­­­­­կալեալ ամ­­­բաստա­­­նուած­­­նե­­­­­­­րը եւ իրա­­­ւապաշտպան­­­ներ։ Դա­­­տավա­­­րու­­­թեան թղթած­­­րա­­­­­­­րը կ՚ընդգրկէ 85 ամ­­­բաստա­­­նեալ­­­ներ, որոնցմէ 10 փախստա­­­կան են, իսկ 16-ը ձեր­­­բա­­­­­­­կալուած։

Դա­­­տավա­­­րու­­­թեան ըն­­­թացքին ամ­­­բաստա­­­նեալ­­­նե­­­­­­­րը կը մե­­­ղադ­­­րուին ոճի­­­րէն առաջ այս մա­­­սին կա­­­տարուած նա­­­խապատ­­­րաստու­­­թիւննե­­­րը, զէնք ապա­­­հովե­­­լու փոր­­­ձե­­­­­­­րը, Իս­­­թանպու­­­լի մէջ Հրանդ Տին­­­քի բնա­­­կարա­­­նին մօտ եւ «Ակօս» թեր­­­թի շրջա­­­կայ­­­քը վայ­­­րի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւններ կա­­­տարուելը, Հրանդ Տին­­­քի լու­­­սանկա­­­րին վրայ սեր­­­տո­­­­­­­ղու­­­թիւն կա­­­տարուելը գիտ­­­նա­­­­­­­լով հան­­­դերձ ոչ մէկ կան­­­խա­­­­­­­միջո­­­ցի դի­­­մելու մե­­­ղադ­­­րանքով։ Նշենք, որ այստեղ մե­­­­ղադ­­­­րուած Ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան զօ­­­­րաց պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րը նաեւ կը մե­­­­ղադ­­­­րուին ՖԷ­­­­ԹԷՕ-ի ա­­­­ղան­­­­դին ան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մակ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լով։ 5 Դեկ­­­­տեմբե­­­­րի նիս­­­­տին Տրա­­­­պիզո­­­­նի ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան զօ­­­­րաց նախ­­­­կին հրա­­­­մանա­­­­տար գնդա­­­­պետ Ալի Էօզ ինքզինք պաշտպա­­­­նեց ըսե­­­­լով, որ չի յի­­­­շեր Հրան­­­­դի սպա­­­­նու­­­­թեան մա­­­­սին իրեն ուղղուած զգու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րը։ «Ո՛չ Տին­­­­քը կը ճանչնամ, ոչ ալ իր թեր­­­­թին մա­­­­սին լսած եմ։ Նոյնպէս չեմ ճանչնար Եասին Հա­­­­յալը եւ միւսնե­­­­րը։ Տին­­­­քի սպա­­­­նու­­­­թեան մա­­­­սին տե­­­­ղեկու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալնին յայտնող անձնա­­­­կազ­­­­մը նաեւ կը պնդէ, որ այդ տե­­­­ղեկու­­­­թիւններ փո­­­­խան­­­­ցած են իրենց հրա­­­­մանա­­­­տար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Այս նիւ­­­­թը չէ խօ­­­­սուած։ Եթէ նման լրա­­­­տուու­­­­թիւն մը ստա­­­­ցան իրենց վի­­­­ճակած պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւններն են։ Պէտք էր տե­­­­ղեկա­­­­գիր պատ­­­­րաստէին եւ փո­­­­խան­­­­ցէին իրենց պե­­­­տերուն։ Այդ գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րը մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղի պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւններն են։ Մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղը անոր հա­­­­մար է, որ կայ։ Իմ յան­­­­ցանքը այն է, որ պէտք եղա­­­­ծէն աւել իվստա­­­­հած եմ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղին։ Ստու­­­­գումի մէջ թե­­­­րացած եմ։ Յե­­­­տին նպա­­­­տակ չեն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած, բայց այդ տե­­­­ղեկու­­­­թիւննե­­­­րը գոր­­­ծադրու­­­թեան չդրուելով ոճի­­­րը իրա­­­կանա­­­ցած է»։

Իսկ 4 Դեկ­­­տեմբե­­­րի դա­­­տավա­­­րու­­­թեան դար­­­ձեալ Տրա­­­պիզո­­­նի ոս­­­տի­­­­­­­կան զօ­­­րաց հրա­­­մանա­­­տարու­­­թեան անձնա­­­կազ­­­մէն Էր­­­կիւն Եորուլմազ պնդեց, որ Տրա­­­պիզո­­­նի Մաչ­­­քա գա­­­ւառին մէջ պա­­­տահած դէպ­­­քի մը մաս­­­նակցած փախստա­­­կանը ձեր­­­բա­­­­­­­կալե­­­լու հա­­­մար եկած են Իս­­­թանպուլ։ Ան այսպէ­­սով մեր­­ժեց Հրանդ Տին­­քի բնա­­կարա­­նին մօտ ստու­­գումներ կա­­տարած ըլ­­լա­­­լու մա­­սին իրեն ուղղուած մե­­ղադ­­րանքը։ Միւս կող­­մէ Տրա­­պիզո­­նի ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց լրա­­քաղու­­թեան բաժ­­նի տնօ­­րէն Մե­­թին Եըլ­­տը­­­զը, այս մա­­սին թե­­րացու­­մով մե­­ղադ­­րեց գնդա­­պետ Էօզը՝ պնդե­­լով, որ այս վեր­­ջի­­­նը ան­­փոյթ մնա­­ցած է իր կող­­մէ ալ փո­­խան­­ցուած լրա­­տուու­­թեան հան­­դէպ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ