Թորոս Ալճան աւարտեց պաշտօնավարութեան շրջանը

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

miranmanukyan@gmail.com

Վաքըֆ­նե­րու ընդհա­նուր խոր­հուրդի մէջ փոք­րա­մաս­նութեան հիմ­նարկնե­րու նոր ներ­կա­յացու­ցի­չի ընտրու­թիւնը պի­տի կա­յանայ 24 Դեկ­տեմբեր Կի­րակի օր, Ան­գա­րայի մէջ։ Վեր­ջին երեք տա­րինե­րուն այս պաշ­տօ­նը զբա­ղեց­նող Փրոֆ. Թո­րոս Ալ­ճա­նէ ետք նոր ներ­կա­յացու­ցի­չը պի­տի ըլ­լայ հրեայ Մո­րիս Լե­ւի։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր խոր­հուրդի մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու յա­տուկ ներ­կա­յացու­ցիչ ու­նե­նալու կար­գադրու­թե­նէն ետք, այս պաշ­­տօ­­­նը ստանձնած էր յոյն Լա­­քի Վին­­կաս։ Փրո­­ֆէօսոր Ալ­­ճա­­­նի հետ խօ­­սեցանք իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան շրջա­­նին կա­­րեւոր զար­­գա­­­ցումնե­­րուն եւ խնդիր­­նե­­­րուն շուրջ։ Ալ­­ճան այս շրջա­­նը կը նկա­­րագ­­րէ, թէ շատ յոգ­­նե­­­ցու­­ցիչ եւ թէ շատ գո­­հացու­­ցիչ։ «Յատ­­կա­­­պէս փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հիմ­­նարկնե­­րու ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը կի­­սապաշ­­տօ­­­նական հան­­գա­­­մանք մը ու­­նե­­­ցաւ։ Հի­­մա կը պաշ­­տօ­­­նավա­­րենք Գա­­րակէօզեանի տրա­­մադ­­րած գրա­­սենեակի մը մէջ։ Իմ շրջա­­նի թղթած­­րարնե­­րէն միայն եր­­կուքն է, որ անա­­ւարտ մնա­­ցին։ Առա­­ջինը փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թեան կա­­նոնագ­­րի խնդիրն է, իսկ երկրոր­­դը Անա­­րատ Յղու­­թեան նիւ­­թը»։ Փրո­­ֆէօսոր Ալ­­ճա­­­նէ խնդրե­­ցինք, որ իր շրջա­­նի զար­­գա­­­ցումնե­­րը մի առ մի թուէ «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն հա­­մար։ «Մեր պաշ­­տօ­­­նի կո­­չուած շրջա­­նին օրա­­կար­­գի խնդիր­­նե­­­րէն մէկն էր Քամփ Ար­­մէ­­­նի հար­­ցը։ Այդ հար­­ցին հա­­մերաշ­­խութեամբ լու­­ծուելէն շատ ու­­րախ եմ։ Այդ հա­­մաձայ­­նութեան մէջ բո­­լոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը բա­­ժին ու­­նե­­­ցան։ Ճամ­­բա­­­րի նախ­­կին շրջա­­նաւարտներ, միու­­թիւններ, բան­­բերներ, պե­­տու­­թիւնը, քա­­ղաքա­­պետա­­րանը, երես­­փո­­­խան­­ներ եւ գոր­­ծիչներ միաս­­նա­­­կան աշ­­խա­­­տու­­թեան մը մաս­­նի­­­կը դար­­ձան։ Այ­­սօր դի­­տելով կը տես­­նենք, թէ որ­­քան դժուար խնդիր մըն էր, որ նման հա­­մերաշ­­խութիւ­­նով մը իր աւար­­տին հա­­սաւ։ Ասո­­րինե­­րու եկե­­ղեցիի խնդի­­րը եւս կնճռոտ նիւթ մըն էր։ Շփումներ ու­­նե­­­ցանք պե­­տական մար­­միննե­­րու եւ Յու­­շարձան­­նե­­­րու խոր­­հուրդին հետ։ Հի­­մա դա­­տական գոր­­ծընթաց մը կը շա­­րու­­նա­­­կուի եւ կը սպա­­սենք դա­­տին ար­­դիւնքը։ Հայ Կա­­թողի­­կէ Սուրբ Աս­­տուածա­­ծին հիմ­­նադրա­­մը ամե­­նամեծ խնդիր­­նե­­­րէն մէկն էր, քա­­նի որ զուրկ էր օրի­­նական հա­­նգամանքէ։ Նա­­խապէս 166 հիմ­­նարկնե­­րու մա­­սին կը խօ­­սուէր, այժմ Հայ կա­­թողի­­կէ պատ­­րիար­­քա­­­նիստ եկե­­ղեցիի յա­­ւելու­­մով, այդ թի­­ւը եղաւ 167։ Աբէլ Ան­­տոն հիմ­­նարկը ընտրու­­թիւններ չէր կրնար ընել եւ պաշ­­տօ­­­նական ճա­­նաչում չէր ու­­նե­­­ցած, իսկ հի­­մա Աբէլ Ան­­տոն նշուած է իբեր առան­­ձին հաս­­տա­­­տու­­թիւն։ Հայ կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի թե­­րացու­­մի հե­­տեւան­­քով գո­­յացած էր այս սխա­­լը։ Ան­­ցեալին բո­­լոր հիմ­­նարկնե­­րը Աբէլ Ան­­տոն անուն բա­­րերա­­րի մը անու­­նով ցան­­կագրուած էր 36-ի յայ­­տա­­­րարագիր­­նե­­­րուն մէջ։ Այս հիմ­­նարկը պե­­տու­­թեան փո­­խան­­ցուած ահա­­գին հո­­ղամա­­սեր ու­­նի, որոնց հա­­մար հի­­մա օրի­­նական պայ­­քար տա­­նելու կա­­րողու­­թիւն գո­­յացաւ։

2015-ին պաշ­­տա­­­մունքի բա­­ցուե­­ցաւ հրէից Էտիր­­նէի սի­­նակո­­կը, որ շատ տա­­րիներ փակ մնա­­ցած էր։ Թէեւ կա­­լուա­­ծաթուղթ չենք ու­­նե­­­ցած եւ վե­­րատի­­րանա­­լու առ­­ջեւ որոշ դժուարու­­թիւններ կան, բայց նաեւ կան ետ ստա­­նալու առիթ­­ներ ալ»։

Բո­­լոր այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը թուելէ ետք Փրոֆ. Ալ­­ճան անդրա­­դար­­ձաւ նաեւ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն ընտրու­­թե­­­նէ զրկուելու երե­­ւոյ­­թին։

«Այս խնդրին լու­­ծումը մեծ նպաստ պի­­տի պատ­­ճա­­­ռէ հա­­սարա­­կու­­թեան։ Մենք չենք կրցած այս խնդի­­րը լու­­ծել հա­­կառակ, որ բա­­զում ան­­գամներ այս մա­­սին ժո­­ղով­­ներ գու­­մա­­­րած ենք, տե­­ղեկա­­գիրեր պատ­­րաստած, բայց վերջնա­­կան լու­­ծում մը չենք կրցած ապա­­հովել։ Անցնող ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին բազ­­մա­­­թիւ դէպ­­քեր պա­­տահե­­ցան, երկրի մի­­ջավայ­­րը թու­­նա­­­ւորուեցաւ, բայց այս խնդի­­րը չի կրցաւ օրա­­կարգ զբա­­ղեց­­նել։ Բո­­լոր փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը միաս­­նա­­­բար տե­­ղեկա­­գիր մը պատ­­րաստե­­ցին, բայց լու­­ծում մը չկրցան ապա­­հովել։ Ընդհան­­րա­­­պէս մեր առ­­ջեւ ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ երեք եղա­­նակ­­ներ՝ առա­­ջինը դատ բա­­նալու մա­­սին էր, երկրոր­­դը Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հին նա­­մակ գրե­­լու եւ եր­­րորդն ալ բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու շա­­րու­­նա­­­կելու վե­­րաբե­­րեալ։ Այս նիւ­­թե­­­րը օրա­­կար­­գի եկան Ահ­­մետ Տա­­ւու­­թօղլուի հետ հան­­դիպման ժա­­մանակ ալ, բայց լու­­ծում մը գտնել կա­­րելի չե­­ղաւ։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այս ընտրու­­թիւննե­­րուն չկա­­յանա­­լը երկրի վար­­կին վնա­­սող երե­­ւոյթնե­­րուն պատ­­ճառ դար­­ձած է։ Այս մա­­սին յա­­ճախ կը հարցնեն մեզ՝ -ի՞նչ զար­­գա­­­ցում կայ- ըսե­­լով եւ մենք կը ստի­­պուինք մեր եր­­կի­­­րը բո­­ղոքած ըլ­­լա­­­լու դիր­­քին մատ­­նուելու։ Այժմ այս մա­­սին ստի­­պուած կը սպա­­սենք պե­­տու­­թեան յա­­ռաջըն­­թա­­­ցը»։

Թո­­րոս Ալ­­ճան դժգոհ է նաեւ կարգ մը բամ­­բա­­­սանքնե­­րէ։ «Թղթա­­բանու­­թեան ի՞նչ տե­­սակ փոր­­ձանք մը ըլ­­լա­­­լէ ան­­տե­­­ղեակ մար­­դիկ կը հարցնեն, թէ Թո­­րոս Ալ­­ճան ի՞նչ ըրաւ իր պաշ­­տօ­­­նավա­րու­թեան շրջա­նին։ Պէտք է իմա­նանք որ թղթա­բանու­թիւնը շատ ան­գամ ար­գելք է, այս կամ այն ան­ձին իր կամ­քով բա­ներ մը ընե­լուն»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ