Ժողովուրդներու ժողովրդավարուդեան կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ ձերբակալութենէն 399 օր ետք, 7 Դեկտեմբերին առաջին անգամ կը ներկայանայ դատարան։ Այս առթիւ համաշխարհային համբաւի տէր խումբ մը փիլիսոփաներ եւ գրողներ, որոնց կարգին է Նոամ Չոմսկի, Սլաւոյ Զիզեկ, Նենսի Ֆէյզըր, Էլֆրիտէ Ելինեկի նման անուններու կողքին Փապլօ Իկլեսիաս, Ճերի Էտըմս, Քաթիա Քիփինկ, Յանիս Վարուֆաքիսի նման քաղաքական գործիչներ զօրակցութեան ստորագրարշաւ մը կազմակերպած են։ Ստորագրուած գրութեան մէջ անոնք ընդվզում կը յայտնեն կուսակցութեան ենթարկուած ճնշումներուն, համանախագահներ Սելահատտին Տեմիրթաշի, Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի եւ այլ երեսփոխաններու բանտարկութեան դէմ։ «Կատարուածը Թուրքիոյ ժողովրդավարական բազմազանութեան դէմ յարձակում մըն է։ Առանց ընդդիմութեան ժողովրդավարութիւն մը կարելի չըլլար։ Մենք կողք կողքի ենք ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան համար պայքարողներուն հետ։ Կը պահանջենք համանախագահներու եւ այլ երեսփոխաններու իսկոյն ազատ արձակումը Թուրքիոյ բանտերէն» ըսուած է ստորագրարշաւի գրութեան մէջ։
Միւս կողմէ Անգարայի կուսակալութիւնը 6-7 Դեկտեմբեր թուականներուն կայանալիք դատավարութեան զօրակցելու իմաստով կատարուելիք բոլոր ցոյցերը արգիլած է։ Այս մասին կուսակալութեան հրապարակած շրջաբերականին մէջ կը պնդուի, թէ զօրակցութեան համար կազմակերպուելիք ցոյցերը կրնան շահագործուիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ եւ կրնայ յարձակումներ կատարուիլ ցուցարարներու դէմ։