Գուգարաց թեմի Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ կազմակերպիչ խորհուրդի անդամ Տէր Վահան Քհն. Ազարեանի փոխանցած լրատուութեամբ կը տեղեկանանք, թէ այս տարի կը լրանայ թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Սեպուհ Արք. Եպսկ. Չուլճեանի քահանայագործութեան 30 տարիները եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակը։
Սրբազան Չուլճեան տակաւին եպիսկոպոս ձեռնարկուելէ առաջ ստանձնած էր Գուգարաց թեմի առաջնորդութեան խիստ կարեւոր ծառայութիւնը։ Սրբազան հայրը իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ բազում անգամներ առիթը ունեցաւ ժողովուրդի մէջ համերաշխութիւնը ապահովելու իմաստով։ Իր հեղինակութիւնը միշտ ունեցաւ դրական ազդեցութիւն տարակարծութեան մատնուած քաղաքացիներու միջեւ։
Իբրեւ «Ակօս»ի խմբագրական կազմ՝ սիրով եւ ոգեւորութեամբ կ՚ողջունենք Սեպուհ Արք. Եպսկ. Չուլճեանի վաստակին ձօնուած կրկնակ յոբելեանները եւ արեւշատութիւն կը մաղթենք իրեն ու յաջողութիւն ձեռնարկած գործերուն։