Թութուն

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksanakarapetian@gmail.com

Գիտենք ահա, որ թութունը այն բուսատեսակներէն է, որ կարող է հա­ճելի ու հանգստաց­նող լի­նել մար­դու հա­մար, իսկ կա­րող է եւ վնա­սաբեր լի­նել։ Ահա հա­յոց աւան­դա­կան պատ­կե­րացումնե­րում նոյն կերպ ար­տա­ցոլուած կը տես­նենք թու­թունի այս եր­կա­կի «բնոյ­թը»։

Ի՞նչպէս առա­ջացաւ թու­թունը ծխել սո­վորու­թիւնը։ Այս մա­սին հա­յերս ու­նինք մեր պատ­մութիւննե­րը…

Օր մը մար­դու սիր­տը կը ցա­ւի։ Ան դուրս կու գայ շրջե­լու դաշ­տե­րը, որ գու­ցէ ցաւն այդպէս քիչ մը հան­դարտուէր։ Դաշ­տի մէջ խոտ մը կը տես­նէ՝ սքան­չե­լիօրէն դեղ­նած տե­րեւ­նե­րով։ Շատ կը զմայ­լի այդ ոս­կե­գոյն տե­րեւ­նե­րով եւ կը մտա­ծի փոր­ձել դրանք։

Քա­նի մը հատ կը պո­կի եւ կը ման­րի, ապա կտո­րի մը մէջ կը փաթ­թէ, կը դնէ բե­րանն ու կը ծխէ։ Դրա վրայ սրտի ցա­ւը կը մեղ­մա­նայ, կանցնի կը գնայ։ Այ­դու ետք ժո­ղովրդի մէջ կը տա­րածուի թու­թուն ծխե­լու սո­վորու­թիւնը։

Մէկ այլ զրոյց կը պատ­մէ թէ օրին մէ­կը մար­դու ար­տի մէ­ջը մի ահա­գին խոտ էր բու­սել։ Այդ մար­դը տե­րեւ­նե­րը կտրել ու բե­րանն էր դրել՝ ծա­մելու։ Սա­կայն տե­րեւ­նե­րը լե­ղի էին, անհնար էր ու­տել։ Այդ ժամ մար­դը տե­րեւ­նե­րը տա­րել տուն եւ ապուր է շի­նել, բայց պար­զել է որ այդպէս ալ ու­տե­լու բան մը չէ։

Ժա­մանակ անց, երբ նո­րէն արտ գնա­լիս կ՚ըլ­լայ, ճա­նապար­հին սա­տանան կը հան­դի­պի անոր։ Սա­տանան չի­բուխ մը կը շի­նէ, խո­տի տե­րեւ­նե­րը կը չորցնէ եւ կը լցնէ չի­բու­խի մէ­ջը։ Նախ ին­քը կը ծխէ, ապա չի­բու­խը կը փո­խան­ցէ մար­դուն՝ ըսե­լով. «սրան թու­թուն կ՚ըսեն, ահա այսպէս պէտք է ծխել»։ Եւ այդպէս մար­դիկ կը սո­րուին թու­թուն ծխել։

Թու­թունի սա­տանա­յական գայ­թակղու­թիւն ըլ­լա­լու պատ­կե­րացումնե­րէն նո­րէն ան­ցում կա­տարենք դէ­պի նրա բժշկա­րար յատ­կութիւննե­րով օժ­տուած ըլ­լա­լու զրոյցնե­րուն։

Հա­րուստ մարդ մը կ՚ըլ­լայ, որի դուստրը խիստ բո­րոտա­ւոր կ՚ըլ­լայ։ Այս մարդն ինչ անէր-չա­նէր, աղ­ջի­կը չէր ապա­քինէր։ Աղ­ջի­կը կը տես­նէ որ իր պատ­ճա­ռով հայ­րը շատ կամչնայ, գլու­խը կ՚առ­նէ եւ մի մեծ ան­տառ կը փախ­չէ։

Օր մը ան­տա­ռում ան­ծա­նօթ թուփ մը կը տես­նէ։ Թու­փի տե­րեւ­նե­րը կը ճղլէ եւ ջու­րը կը քսէ դէմ­քի խո­ցերուն։ Քիչ անց կը նկա­տէ որ խո­ցերը ան­ցել են, ինքն ալ կը լաւ­նայ։

Աշ­խարհն իրեն կ՚ըլ­լայ։ Ան­մի­ջապէս կը վա­զէ հօր մօտ՝ կի­սուե­լու իր ու­րա­խու­թեամբ։

Աղ­ջի­կը հօ­րը կը պատ­մէ այդ հրա­շալի թփի զօ­րու­թեան մա­սին եւ անոնք միասին կ՚եր­թան ան­տառ, կը գտնեն այդ թու­փը։ Եւ հայ­րը բժշկա­րար թու­փը կը տա­նի իրենց այ­գում կը տնկէ։ Անուն ալ թու­թուն կը դնէ։

Մէկ ու­րիշ զրոյց ալ թու­թունը կը ներ­կա­յաց­նէ այլ լոյ­սի ներ­քոյ։ Կ՚ըսեն թէ պոռ­նիկ կին մը ժա­մանա­կին ըսել էր թէ ին­քը պի­տի մարդկանց բեր­նէն մտնէ, քթէն դուրս ել­նի։ Ժո­ղովուրդը կը հա­ւատայ թէ անոր խօս­քը իրաւ կա­տարուեցաւ, որով­հե­տեւ մեռ­նե­լէն ետ­քը այս կնոջ գե­րեզ­մա­նին թու­թուն բու­սած էր։

Ինչպէս նկա­տեցինք, բոյ­սե­րու մա­սին հա­յոց հա­ւատա­լիք­նե­րում թու­թունը մէ՛կ բա­րեբեր է, բժշկա­րար, տար­բեր հի­ւան­դութիւննե­րու (սրտա­ցաւ, խո­ցեր) դար­ման, մէ՛կ ալ՝ վնա­սաբեր, չար սա­տանա­յէն բխող կամ պոռ­նիկնե­րին վա­յել մի բան։ Ամէն դէպ­քում պիտի շեշտենք, որ ինչպէս դէպքերի մեծ մասում, մեղքը, թերեւս, թութունինը չէ…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ