ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՈՐԴԻ

Հայոց լեզուի աչքին լոյսը

Ծանրագլուխ, լուրջ եւ վստահելի, նաեւ հնազանդ եւ ծառայասէր։ Ծայրագոյն վիճակներուն՝ զո­հուե­լու պատ­րաստ բո­լորի փրկու­թեան հա­մար։ «Որ­դի» բառն է ան, հա­յոց բա­նաւոր ըն­տա­նիքին՝ մայ­րե­նիին հա­րազատ զա­ւակը, աչ­քին լոյ­սը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այս երկվանկն է, որ գրա­ւոր հա­յերէ­նի ար­շա­լոյ­սէն՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի եւ Սա­հակ Պար­թե­ւի օրե­րէն սկսեալ դար­ձաւ մեր իրա­գոր­ծումնե­րուն խո­նարհ եւ հա­ւատա­րիմ թե­րակա­տարը։

Վե­րադառ­նանք 5-րդ դար ու պատ­կե­րաց­նենք։ Թարգմա­նիչ սուրբը մե­լանի մէջ թա­թախած է եղէ­գը ու պատ­րաստ է սպի­տակ մա­գաղա­թի նուրբ մա­կերե­սի վրայ գրի անցնե­լու եւ յա­ւեր­ժացնե­լու հա­յոց լե­զուի բա­ռերը։ Անոնք մէկ առ մէկ ձե­ռագ­րա­տուն կը մտնեն ու սուրբին կը ներ­կա­յանան։ Յու­նա­կան, պարսկա­կան, լա­տինա­կան եւ հնդկա­կան ծա­գում ու­նե­ցող բա­ռերը քիչ մը յա­ւակ­նոտ են, որով­հե­տեւ անոնք կը կրեն հե­ռաւոր ծո­վերու եւ աշ­խարհնե­րու, հա­մեմ­նե­րու եւ հիւ­թե­րու գրա­ւիչ բոյ­րը։ Յե­տոյ ներս կը մտնեն այն բա­ռերը, որոնք եր­կու ար­մատ ու­նին կամ յա­րադ­րուած են մաս­նիկնե­րով։ Յա­տուկ վե­րաբեր­մունք կ՚ակնկա­լեն անոնք, որով­հե­տեւ ներ­կա­յանա­լի են եւ զար­դա­րուն։ Ապա ներս կը մտնէ խոս­տումնա­լից, հա­սուն երի­տասարդ մը։ Պարզ։ Բարձրա­վիզ։ Առ­նա­գեղ։ Ու­նի վառ աչ­քեր։ «Որ­դի» բառն է ան։ Սուրբը կը հարցնէ. «Որո՞ւն զա­ւակն ես դուն»։ Կը պա­տաս­խա­նէ. «Աս­տուծոյ»։ Հա­յոց անդրա­նիկ դաս­տիարա­կը գրի կ՚առ­նէ հե­տեւեալ երկտո­ղը, շա­րակա­նի մը պա­տառի­կը. «Մե­ղա՜յ քեզ, Քրիս­տոս, որ­դի Աս­տուծոյ»։ Նոյն գրի­չը խո­նար­հե­լով կը շա­րու­նա­կէ. «Խոս­տո­վանիմ առ քեզ, որ­պէս զա­նառակ որ­դին»։ Պատ­մութիւ­նը կը յի­շէ, թէ այդ «անա­ռակ որ­դի»ն, մեր անդրա­նիկ դաս­տիարա­կիչը, ազ­նուական Վար­դա­նի երա­նելի որ­դին էր։ Նոյն թուական­նե­րուն բա­ռին առ­ջեւ խո­նար­հե­ցաւ Սա­հակ Պար­թե­ւը. «զՄա­րիամու զեղ­բայրն ի թաղ­մա­նէ յա­րու­ցեալ որդւոյն Մա­րիամու»։ Կէս դար ետք, Մով­սէս Խո­րենա­ցիի գրի­չը եր­գեց. «Ծնաւ նոր ար­քայ ի Բեթ­ղե­հէմ քա­ղաքի, Որ­դիք մարդկան, օրհնե­ցէ՛ք»։ Իսկ ի՛նքը՝ Քրիս­տոս, Յա­կոբ եւ Յով­հաննէս առա­քեալ եղ­բայրնե­րուն տուաւ «մա­կանուն» մը՝ «Որ­դիք որոտ­ման»։ 700-ական թուական­նե­րուն, Յով­հաննէս Օձ­նե­ցի աս­տուածա­բան, իմաս­տա­սէր, երա­ժիշտ եւ բա­նաս­տեղծ կա­թողի­կոսը այդ եղ­բայրնե­րուն հա­մար յօ­րինեց «Որոտ­ման որ­դի­ներ» կա­նոնը, հինգ շա­րական­նե­րու շարք մը։ Իսկ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին, Քրիս­տո­սի ծննդեան հա­զարա­մեակին ստեղ­ծեց եր­կու բա­ռակա­պակ­ցութիւն. «Որ­դիք զօ­րու­թեանց», «Որ­դիք դա­ւաճա­նողք»։ 1152 թուակա­նին Ներ­սէս Շնոր­հա­լին գրի առաւ քնա­րեր­գա­կան երկնա­յին բա­նաս­տեղծու­թիւն մը։ Բո­լորը «ին» վեր­ջա­ցող, իւ­րա­քան­չիւրը ու­թը վան­կա­նոց 4000 բա­նատո­ղերու մէջ սուրբը պատ­մեց Քրիս­տո­սի կեան­քը ու զայն կո­չեց՝ «Յի­սուս որ­դի»։ 1200-ական թուական­նե­րուն ապ­րե­ցաւ մէկ այլ աս­տուածա­բան, բա­նաս­տեղծ, երա­ժիշտ՝ Յով­հաննէս Երզնկա­ցին, որուն գրի­չը շռայ­լօ­րէն գո­վեր­գեց «որ­դի»ն.

 

«Տէրն որ­դի ծա­ռայի ծնեալ,

Ծա­ռայն որ­դի ստեղ­ծո­ղին, Մա­րիա՜մ.

Ցըն­ծա­ցէ՜ք, ցըն­ծա­ցէ՜ք, ցըն­ծա­ցէ՜ք, որ­դի՜ք Ադա­մայ։

Օրհնե­ցէ՜ք, օրհնե­ցէ՜ք, օրհնե­ցէ՜ք, որ­դի՜ք Ադա­մայ»։

 

Յար­գե­լի ըն­թերցող, նկա­տած էք, թէ ոս­կե­դարեան եւ միջ­նա­դարեան մա­տենագ­րութեան մէջ «որ­դի» բա­ռի գոր­ծա­ծու­թիւնը առ­հա­սարակ հո­գեւոր բնոյթ ու­նէր։ Յի­շել կ՚ար­ժէ նաեւ, թէ Աս­տուածա­շունչի մէջ «որ­դի» բա­ռը գոր­ծա­ծուած է մօ­տաւո­րապէս 6000 ան­գամ։

Բո­լոր ստու­գա­բան­նե­րը հա­մաձայն են, թէ «որ­դի» բա­ռը բուն հայ­կա­կան է, մեր մայ­րե­նիին հա­րազատ զա­ւակը։ Սե­ռած է portiyo բա­ռէն։ Ար­մատն է per կամ por, որոնք կը նշա­նակեն «ծնունդ տալ»։ Գե­ղեցիկ է յի­շել նաեւ, թէ հայ ազ­գը կը կո­չուի «Որ­դիք Թոր­գո­մայ»։

«Որ­դի»ն շատ բեղմնա­ւոր գտնուեցաւ։ Ան ծնունդ տուաւ ութսու­նի չափ բարդ կամ ածանց բա­ռերու։ Շա­տեր հպար­տութիւն բե­րին՝ հայ­րա­ցած, այժմ ալե­­հեր՝ «որ­­դի»ին, ինչպէս՝ ազա­­տոր­­դի, ար­­քա­­­յոր­­դի, իշ­­խա­­­նոր­­դի, քա­­ջոր­­դի։ Գո­­յացան բա­­ռեր, որոնք ապա­­հովե­­ցին ցե­­ղի շա­­րու­­նա­­­կակա­­նու­­թիւնը. բազ­­մորդիու­­թիւն, որ­­դեծնու­­թիւն, եղ­­բօ­­­րոր­­դի, քե­­ռոր­­դի, թոռ­­նորդի։ Երեք բառ մտայ­­ղա­­­ցանք Քրիս­­տո­­­սի հա­­մար. աս­­տուածոր­­դի, տեառ­­նորդի, կու­­սորդի։ Իսկ «ամ­­լորդի» բա­­ռը վե­­րապա­­հեցինք Յով­­հաննէս Մկրտի­­չի հա­­մար։ Ստեղ­­ծե­­­ցինք բա­­ռեր... (Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ազ­­դա­­­րարու­­թիւն. Եթէ սե­­նեակի մէջ փոքր տա­­րիքի երե­­խաներ կան, անոնք մէկ վայրկեան դուրս ել­­լեն) ...կաս­­կա­­­ծելի ծնունդ ու­­նե­­­ցած­­նե­­­րու հա­­մար. աղախ­­նորդի, դա­­յեակոր­­դի, հար­­ճորդի, բո­­զոր­­դի, պոռնկոր­­դի, իշոր­­դի, շնոր­­դի։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ բա­­ռեր, նող­­կա­­­լի եւ գա­­նելի, որոնք ծնած ըլ­­լալ կ՛երե­­ւին իշ­­խա­­­նամոլ կայսրե­­րու եւ կայսրու­­հի­­­ներու կող­­մէ։ Ահա օրի­­նակ­­ներ. որ­­դե­­­կեր, որ­­դե­­­կոտոր, որ­­դեսպան, որ­­դիատեաց։ Բայց աշ­­խարհի վրայ դեռ գո­­յու­­թիւն ու­­նին «որ­­դեխնամ», «որ­­դե­­­գիր» եւ «որ­­դե­­­սէր» մար­­դիկ։

Երբ բա­­ռը դա­­րերու ըն­­թացքին կ՛աճէր ու կը դառ­­նար աւե­­լի պերճ, դպիր­­նե­­­րը խո­­րանէն կը շա­­րու­­նա­­­կէին անոր անու­­նը եր­­գել եւ բա­­րեպաշտ ժո­­ղովուրդը փրկու­­թեան հա­­մար անոր կը դի­­մէր. «Որ­­դի Աս­­տուծոյ... աղա­­չենք զքեզ, ողոր­­մեա արեամբ քո փրկեալ հօ­­տի»։ Մինչ հա­­մեստ եւ իմաս­­տուն «որ­­դի»ն, ծնունդ կու տար պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու, ինչպէս՝ «Որ­­դիք լու­­սոյ», «Որ­­դիք խա­­ւարի», «Որ­­դիք ի հօ­­րէ»։ Բրուտնե­­րը կո կո­­չուէին՝ «Որ­­դիք բրտից», եղ­­բօ­­­րոր­­դի­­­ներն ու քե­­ռոր­­դի­­­ները՝ «Որ­­դիք որդւոց», իսկ որ­­դե­­­գիր զա­­ւակ­­նե­­­րը՝ «Հոգ­­ւոյ որ­­դի»։

«Որ­­դի» բա­­ռը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, գալ շա­­բաթ ծնունդ պի­­տի տայ փո­­խաբե­­րու­­թիւննե­­րու, բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու, գիր­­քե­­­րու եւ եր­­գե­­­րու, իսկ հայ ժո­­ղովուրդը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ ծնունդ տալ պա­­տուա­­բեր որ­­դի­­­ներու. Ալի­­շանին, Կո­­միտա­­սին, Թու­­մա­­­նեանին, Շի­­րազին, Չա­­րեն­­ցին եւ Սե­­ւակին՝ աչ­­քի լոյ­­սե­­­րը մեր ազ­­գին։ Իսկ վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան, Երե­­ւան քա­ղաքի Արաբ­կիր թա­ղամա­սի «Հա­յոր­դեաց» տան մէջ բեմ պի­տի բարձրա­նայ ի՛նքը՝ «որ­դի» բա­ռը։ Եւ մեր եր­կը հա­զարա­մեայ խոս­տումնա­լից երի­տասար­դը պի­տի խօ­սի լու­սա­ւոր ապա­գայի մա­սին։