14տարիներէ ի վեր Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նկուղին մէջ հայաստանցի երախաներուն ուսում ջամբող Հրանդ Տինք դպրոցին համար առաջին անգամ այս տարի սիրոյ սեղան կազմակերպուեցաւ։ 3 Դեկտեմբեր Կիրակի օր Գումգաբուի աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Ս. Պատարագին կրիփէ վարակուելու պատճառաւ կը բացակայէր Տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տէր Շիրվան Քհն. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տէր Անդրէաս Աւագ Քնհ. Յակոբեան։ Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարեց Գողթան դպրաց դաս երգչախումբը խմբավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։
Հայր Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութիւն եւ Թալար Հորոզօղլու ամոլին, որ դպրոցի հիմնադրութենէն այս կողմ նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցեն այս ուսման օճախի ճրագը վառ պահելու համար։ Վարդապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Հրանդ Տինք դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի, ուսուցչաց կազմին կատարած աշխատութիւններուն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի սիրոյ սեղան կազմուեցաւ յարակից Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ։
Այս արարողութեան ներկայ էին «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի այրին Ռաքէլ Տինք, Աւետարանչական Եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրէն ներս Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, նոյն շրջանակով դիւանագէտ Իկոր Մարտիրոսեան, բարերարներ Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ Արէտ Երկան, Պէշիքթաշի քաղաքապետի խորհրդատու Նուրհան Փալաքօղլու, փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, զանազան եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ հասարակութեան հոծ բազմութիւն մը։
Միջոցառման բացումը կատարեց դպրոցի ուսուցիչներէն Լիլիթ Պօղոսեան։ Իսկ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի սատարողներուն։ Տնօրէնուհին նշեց, որ այս տարի դպրոցի առիթներով ուսում կը ստանան 148 աշակերտներ։
Հրանդ Տինք հիմնադրամի նախագահ Ռաքէլ Տինքն ալ միասնութեան խորհուրդի կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ, թէ միասնութիւնը նոր ոգի կը փոխանցէ մեզ։ «Կը յիշեմ տարիներ առաջ մեր պատմական երկիրը լքելով Իսթանպուլ եկած մեր ժողովուրդը։ Յիշեցի այդ եկողներուն պատշաճ ուսում ստանալուն համար մեծ աշխատութիւն տանող Շնորհք Պատրիարքը, Տէր Կիրակոսը եւ Հրանդ Կիւզելեանը։ Այդ տարիներուն պոլսահայերը կ՚արհամարհէին գաւառէն եկածները։ Մեզ նախատեցին, բայց հիմա հոս ենք։ Այսօր Հայաստանէն եկողները արհամարհողներ կան, միթէ մենք հաւասար մարդիկ չե՞նք։ Պէտք է ձերբազատուինք այս արհամարհելու սովորութենէն եւ որդեգրենք միասնաբար ապրելու կամքը։ Ամէն հաւաքականութիւն կարիքը ունի իր երազները իրականացնելու համար աշխատող մարդկանց։ Եթէ լուծուի Պօղոսեան Վարվառեան դպրոցի խնդիրը այս աշակերտները աւելի յարմար միջավայրի մէջ ուսում պիտի ստանան»։
Ռաքէլ Տինքի ելոյթէն ետք աշակերտները ներկայացուցին իրենց պատրաստած ծրագիրը։
Դպրոցի բարերար Թալար Հորոզօղլու ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ 2017-2018 թուականներուն ելմտական մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Ան նշեց թէ դպրոցը սա պահուն 530 հազար ԹԼ.-ի կարիք ունի։