Ի. դարու մեծագոյն բանաստեղծներէն Զահրատ մահուան 10-ամեակին առթիւ ոգեկոչուեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ 3 Դեկտեմբեր Կիրակի օր, կայացող գրական հաւաքոյթի կազմակերպիչն էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանը։
Երեկոյեան պատուոյ հիւրն էր բանաստեղծի կողակիցը տիկին Անայիս Եալտըզճեան։ Գրասէրներու հոծ բազմութեան իրենց ներկայութիւնը բերին Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ այլ բազմաթիւ հոգեւորականներ։ Ներկայ էին նաեւ Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճ, Պէշիքթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ բազմաթիւ գրասէրներ։
Գարօլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ կայացող երեկոյեան Զահրատի կեանքին, գործերուն եւ բազմաբեղուն աշխատութեան մասին զեկուցեցին՝ Յովհաննէս Շաշքալ, Եալչըն Արմաղան, Հերմինէ Նաւասարդեան։ Սեւան Տէյիրմենճեանի ելոյթը անոր բացակայութեան պատճառաւ ընթերցուեցաւ Թամար Մանկասարի կողմէ։ Զահրատի արտասանուած բոլոր թրքերէն բանաստեղծութիւնները թարգմանուած էին Յովհաննէս Շաշքալի կողմէ որոնք ասմունքեց Պօղոս Չալկըճըօղլուն։ Թամար Մանկասարի կողմէ Զահրատի կեանքէն նմոյշներ ներկայացուեցան պաստառի վրայ ։
Զահրատի բանաստեղծութիւններէն «Իմ աչքերը», «Ոսպ ստկող կինը», «Բառերը կը սպասեն», «Հէք Խարալամպոս»ը արտասանեց ասմունքող՝ Սիլվա Կոմիկեան։
Երեկոյեան երաժշտական բաժինը սկսաւ Գարին Չուպուքճեան Պոզքուրթի մեներգութեամբ, որուն նուագակցեցաւ Աննա Գէորգեան Ուղուրլեան։ Երաժշտական բաժնի երկրորդ մասին հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբը Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ Ճուլիա Դաւիթի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Երգչախումբը կատարեց հինգ երգեր։
Ապա Պօղոս Չալկըօղլու Զահրատին գրի առած վերջին բանաստեղծութիւնը արտասանեց որ ձօնուած էր Հրանդ Տինքի մահուան։
Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ
չեն կրակեր ։ Հրանդ հաւատաց։ Թէպէտ երկչոտ
հաւատաց թէ աղաւնի մըն է։
Բայց կրակեցին։
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած
անկողինի մէջ»։
Թող պառկի լոյսերու մէջ։
Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝
անաղարտ արձանի մը պէս։
Յայտագիրը աւարտեցաւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հուսկ բանքով։