Ծ.Խ. Ստորեւ՝ այն ելոյթը, զոր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան գրի առած էր Զահրատի ոգեկոչման հանդէսին համար։
Գերապայծառ տէր, յարգելի ներկաներ,
Մեզի՝ բանախօսներուս յատկացուած 10 վայրկեանը բաւարար չըլլայ թերեւս գծելու Զահրատի ամբողջական դիմագիծ մը, սակայն քանի մը բանախօսներ միասնաբար անպայման ուրուագծային դիմանկար մը պիտի բերեն մեր աչքերուն առջեւ, մանաւանդ երբ քերթողին ժամանակակիցն ըլլալու առաւելութիւնն ալ ունինք՝ գալիք սերունդի համեմատութեամբ։ Ես իմ հաշւոյս այս 10 վայրկեանը պիտի չխճողեմ գրադատական վերլուծումներով կամ Զահրատի բանաստեղծութեան խորքային քննութեամբ, այլ վրձինի մէկ-երկու հարուածով պիտի փորձեմ վկայաբանութիւն մը շարադրել Զահրատի կամ իր ստեղծագործութեան մասին։ Այլապէս, բաւական ըսելիքներ ունինք իր քերթողութեան մասին, օրինակ՝ իր բանաստեղծութեան ակունքներուն վերաբերեալ։ Զահրատեան արտադրանքի արեւմտահայ, յատկապէս յետեղեռնեան բանաստեղծական աւանդութեան, ի մասնաւորի Սիամանթոյի կամ Զարիֆեանի առնչութիւնները նոր հորիզոններու առջեւ կրնան դնել մեզ։ Աւելին՝ Կարպիս Ճանճիկեանի ու թրքական բանաստեղծութեան նորարար շարժումներուն ազդեցութիւնը, զուտ պատահական իսկ ըլլան, համաժամանակեայ քննութեան մը շատոնց արժանի են։ Սակայն, ինչպէս խոստացայ, ասոնց մասին խօսելու տեղն ու ժամանակը չէ կարծեմ հանդիսաւոր այս ձեռնարկը։
Դեռ քանի մը օր առաջ, դասարանին մէջ կարդացինք «Ահմետ էֆենտի փողոցը»։ Կը յիշէք անշուշտ. ասիկա այն փողոցն է ուր մութին մէջ սիրահարներ կը համբուրուին եւ Կիկօ կը վախնայ հոնկէ անցնելու, որովհետեւ առանձնութիւնը միտքը կ՚իյնայ։ Աշակերտներս, որոնք առաջին անգամ հայալեզու քերթողութեան կը ծանօթանային, իրենց առջեւ Զահրատով բացուող դռնէն կը մտնէին համարձակ ու ուրախ քայլերով՝ քանի մը տող անդին կարդալու համար բացօթեայ շատ պառկած ու քիչ մըն ալ հողին տակ քնանալու հարկադրուած Կիկոյին կօշիկներուն ճակատագիրը՝ «հանգիստ իր կօշիկներուն»։ Կօշիկները՝ չարչարուած, հանգստանալո՞ւ պէտք ունէին արդեօք, թէ կօշիկներն էին հանգուցեալը։ Եռատող քերթուածը ո՛չ թէ հաստատում մը, այլ հարցում մը կը դնէր մեր առջեւ։ Հարցում մը՝ առանց պարոյկի։ Պատասխանի մը պիտի չյանգէր անշուշտ մեր զրոյցը եւ արդէն պատասխան մըն ալ չէինք փնտռեր, բայց դէպի այդ պատասխանը ընթանալու խաբկանքը ահա՛ այն տարածքն էր, ուր Զահրատ իրեն յատուկ հարցասիրութեամբ ու սրամտութեամբ առաջնորդած էր մեզ եւ պիտի ուզէր որ հոն մնայինք աւելի երկար։ Պատահաբար չէ որ իրեն կը վերագրեմ հարցասիրութիւնը. հարցասէր մըն է ան, դէպի պատասխան ընթացող մտածումներ հրահրող մը։
Յամենալ Զահրատի բանաստեղծութեան տարածքին -երբ մանաւանդ «Արաս» հրատարակչատան շնորհիւ դիւրամատչելի են իր բոլոր հատորները, ի կեանս թէ յետմահու տպուած-, նոր Զահրատ մը բացայայտելու աստիճան ատակ է զարմացնելու մեզ, ցնցելո՛ւ աստիճան։ Դպրոցական ընթերցումներէն կամ բեմական արտասանութիւններէն անդին, բանաստեղծին գործերը մանկապատանեկան կամ երգիծական գրականութիւնը կը սահմանազանցեն եւ կը բացայայտեն, իր իսկ խօսքերով, «տխուր Զահրատ»ը։ Եւ հոն, այդ ընդարձակ տարածքին վրայ պտտելու ժամանակ կը զգանք, թէ մենք բանաստեղծը ճանչնալ նախընտրած ենք իր զուարթութեան, իր աղուորութեան մէջ, իր պարզ բառերը «խաբած են» մեզ՝ տալով հասարակ բան մը կարդալու թիւր տպաւորութիւնը, մինչդեռ Զահրատ տխուր է խորքին մէջ, ուր ստուեր կայ, կան փուշեր։ Տխրութիւն մը որ, նոյնի՛սկ, մերթ Կիկոյով ալ կը յայտնուի…
Հայաստան իր այցելութիւններէն մէկն էր։ Կարծեմ 2000-ականներու անմիջապէս սկիզբը։ Մեր ժամադրուած ժամէն շատ աւելի կանուխ եկած էր համալսարան, այնպէս որ բանասիրականի դռնէն երբ մտայ՝ զինք տեսայ հանդիպակաց դարաւանդին վրայ, անհոգ զրոյցի բռնուած ուսանողուհիի մը հետ։
Քանի մը վայրկեան ետք դուրսն էինք՝ երթալու համար մատենագէտ, Մաշտոցեան մատենադարանի տնօրէն հանգուցեալ Հրաչեայ Թամրազեանին քովը, որ այն ժամանակ կը վարէր «Նայիրի» հրատարակչատունը։ Ուրախ հանդիպում մըն էր. Թամրազեան, որ տաղանդաւոր բանաստեղծ մըն էր միաժամանակ, կը գնահատէր Զահրատին արուեստը ջերմ ու անկեղծ արտայայտութիւններով։ Հրաժեշտ տալէ ետք Թամրազեանին, կը քալէինք Իսահակեան փողոցին վրայ, զրուցելով մէկ կողմէ ալ։ Կեցաւ պահ մը։ Կարծեցի թէ յոգնած է ու կ՚ուզէ շունչ մ՚առնել։ Կարճ պահ մըն էր երբ մշուշուած տեսայ իր դէմքը, ստուեր մը կար աչքերուն խորքը, թեթեւ ձանձրոյթ մը, որոնցմէ միշտ հեռու պահած էր ան իր ընթերցողները։ «Է՜հ, -ըսաւ,- ես ալ, դուն ալ շատ լաւ գիտենք, որ անցողիկ ու պարապ բաներ են այս բոլոր գովասանքները, համակրանքի արտայայտութիւնները»։
Անակնկալ խոստովանութիւն մը, նո՛յնքան եւ աւելի՛ անակնկալ զգացմունքայնութեամբ մը, զոր երբեք չէի ակնկալեր իրմէ։ «Տխուր Զահրատ»ն էր հոն, որուն կ՚ակնարկէր անվերնագիր քերթուածի մը մէջ։
Եւ ահա ուրիշ մը իրմէ, մուտքի հատուածը «Աղօթք»ին, առնուած 1971 թուակիր «Բարի երկինք»էն.
«Բոլորին
Թող բոլորին օրհնութիւններն աւիշի պէս գան սրսկին
Սէզին վրայ սա ազազուն որ Զահրատ Զահրատ ըլլալ կը յաւակնի պարզապէս
Թող բոլոր հին օրհնութիւններն այդ սէզին վրայ կաթկթին -
Որովհետեւ ծանր է վիշտը որ սա պահուս կը սպառնայ
Ու այդ սէզը եթէ նոյնիսկ
նոյնիսկ Զահրատն ալ ըլլայ
կը փտի -» …։
Թումանեանի «հին օրհնութենէն» արձագանգի մը թրթռացումը չէ՞ք լսեր միթէ այս ի սրտէ աղօթքի ծալքերուն, աւելի քան ութսուն տարիներու հեռաւորութենէն։ Զահրատ՝ փխրուն, տկար սէզ մը, որ Զահրատ ըլլալ կը յաւակնի պարզապէս, փտելու սպառնալիք կը դիմագրաւէ՝ վիշտի ծանրութեան տակ։ «Տխուր Զահրատ» մը՝ դէմյանդիմանուած միւս Զահրատին, զոր մենք ճանչնալ կը կարծենք։
Իր մահէն տասնամեակ մը անց, 2017-ի այս վերջին օրերուն, բանաստեղծը տակաւին սպառած չէ ինքզինք, միայն թէ զինք պէտք է «ազատագրենք» այլեւս դպրոցական կամ ծիսային հանդիսաւորութենէն, ծանօթանանք հետը վերստին։
Այս ոգեկոչումը դառնայ առիթ մը՝ պեղելու խորքերը Զահրատին։
Շնորհակալութիւն…