Ինչպէս նախորդ շաբաթ յայտարարած էինք Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի անունով հիմնուած հիմնադրամը գնահատելով կատարուած աշխատանքները, այս տարի յատուկ մրցանակով պարգեւատրեց Հրանդ Տինք հիմնադրամը։ Այս առթիւ պարգեւը ստանալու համար Ֆրանսա գնաց Հրանդ Տինք հիմնադրամի նախագահ Ռաքէլ Տինք, որ մրցանակը ստացաւ Ֆրանսայի այժմու նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ձեռքէն։ Շիրաք հիմնադրամի դատակազմը այս մասին ըրած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ երկխօսութեան եւ փոխադարձ իրար հասկացողութեան սկզբունքներով գործող Հրանդ Տինք հիմնարկը մշակութային զանազանութիւնը կը դիտէ իբրեւ հարստութիւն եւ տարբերութիւններու ճանաչումը իբրեւ իրաւունք։ Կը խրախուսէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացումը։ Տինք ընտանիքը փոխանակ ոխի եւ վրիժառութեան ախտին մատնուելու Թուրքիոյ ժողովրդավարական զարգացումներու մէջ անուրանալի դերակատարութիւն ունեցող հիմնադրամ մը հաստատեց։
Մրցանակատուուչութեան հանդէսին Ռաքէլ Տինք ելոյթ ունեցաւ ու ըսաւ հետեւեալը.
«Ձերդ գերազանցութիւն Նախագահ Մաքրոն, յարգարժան Շիրաք ընտանիք, մեծարգոյ հիւրեր։
Երբ 2007թ. մեր ընտանիքի վերապրած ողբերգութենէն ետք մեր ընկերներու հետ միասին որոշեցինք հիմնել այս հիմնադրամը, միայն մէկ մտադրութիւն ունէինք՝ շարունակել Հրանդի ջանքերը այս կառոյցի միջոցով, ու մարդու իրաւունքներու համար պայքարելով փորձել լրացնել մեր կեանքին մէջ ստեղծուած մեծ դատարկութիւնը։ Ռասիստական մտածողութիւնը, որ անոր թիրախ եւ թշնամի դարձուց, եւ որը սպաննեց անոր, այսօր ոչ միայն կը ջանայ իշխանութիւն ձեռք բերել Թուրքիոյ մէջ, այլեւ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ստեղծելով նոր «ուրիշներ» եւ «թշնամիներ», վեր խոյացնելով նոր պատեր։ Այս աշխարհն այնքան ցաւ ապրած է. արդեօք սա բաւակա՞ն չէ։ Այսքան արիւն եւ արցունք թափուած է, հերի՞ք չէ։ Ցաւ ու տառապանք քարոզելու փոխարէն՝ չպիտի արդեօ՞ք ուղիներ գտնենք ամոքելու ցաւը։ Պետութիւններու նպատակը չպիտի ըլլայ սպաննելը, այլ կենդանի պահելը։ «Որովհետեւ Աստուած մեզ երկչոտութեան ոգի չտուաւ, այլ՝ զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Աստուածաշունչ, Տիմոթէոս 2 1։7)։
Որպէս հայ, ով գիտէ թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ տեղահանուած, ես ցաւ կ՚ապրիմ՝ տեսնելով տեղահան եղած ու աշխարհով մէկ ցրուած միլիոնաւոր փախստականներուն։ Յատկապէս ապշեցուցիչ է հետեւիլ այս իրավիճակի վերաբերեալ պետութիւններու արձագանգին։ Ատելութեան խօսքը թափ կ՚առնէ ողջ աշխորհի մէջ եւ կը ստիպէ մարդկանց ալ աւելի մեկուսանալ իրենց սեփական կրօնական եւ ազգային համայնքներուն մէջ։
Միայն ատելութեան խօսքը չէ, սակայն, որ թափ կ՚առնէ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ձայները եւս կը բարձրանան։ Մեր հիմնադրամի նպատակն է պայքարիլ խտրականութեան դէմ՝ սկսած մեր սեփական տունէն՝ Թուրքիայէն, ստեղծել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լեզու, տարբեր ինքնութեան մարդկանց մերձեցնել, պահպանել մշակութային ժառանգութիւնը, բարելաւել Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները, բանալ սահմանները մի ժամանակաշրջանին, երբ պատեր կը կառուցուին, նպաստել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, եւ ամենակարեւորը, յաղթահարել մարդկանց մտքի մէջ գոյութիւն ունեցող սահմանները։ Այս ամէնուն հասնելու համար Թուրքիոյ մէջ մենք կը գործենք միասնաբար՝ հայերով, թուրքերով, քրտերով, մահմետականներով եւ քրիստոնեաներով։ Մենք հպարտ ենք ըլլալ մասը այդ մեծ ընտանիքին, որը կռիւ կու տայ նոյն գաղափարներուն համար եւ ողջ աշխարհի մէջ կը պայքարի մարդու իրաւունքներու համար։ Չնայած երբեմն մեզ կը թուի, թէ մենք կը պայքարինք մեծ ալիքներու դէմ, մեզ անչափ յոյս կու տայ այն գիտակցութիւնը, որ մենք միայնակ չենք՝ ըլլայ Թուրքիոյ մէջ, թէ աշխարհի մէջ։ Այս մրցանակն ստանալով ոգեշնչող «Զուկակ» թատերական ընկերութեան հետ միասին եւ այսօր ըլլալով այստեղ ձեզ հետ՝ մենք աւելի ուժեղ կը դառնանք։ Իմ եւ մեր հիմնադրամի անունով՝ սրտանց կը ցանկանանք երախտագիտութիւն յայտնել մրցանակի համար, որը, յոյսով ենք, ալ աւելի կը զօրացնէ բոլոր անոնց, ովքեր Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին ժողովրդավարութեան համար եւ դժուարին ժամանակներ կ՚ապրին»։
Այս առթիւ Էմանուէլ Մաքրոն ալ իր կարգին ողջունեց դատակազմի որոշումը եւ խօսքը ուղղելով Ռաքէլ Տինքի ըսաւ հետեւեալը.
Մատամ Ռաքէլ Տինք շնորհակալ ենք ձեր ըրածներուն համար։
«Ֆրանսա միայն աշխարհին հետ հաղորդակից եղած ժամանակ մեծ երկիր է։ Հիմնադրամը 2009-էն այս կողմ Թուրքիոյ մամուլի մէջ խտրական, սեռապաշտ պատգամները կը հրապարակէ»։
Մաքրոն անդրադարձաւ նաեւ հիմնադրամին Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան նպաստող աշխատութիւններուն։ «Երեք երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն կայացնելու դժուարութիւնը անձնական փորձառութեամբ գիտեմ։ Բայց դուք ի դէմ այդ դժուարութեան կը շարունակէք այս գետնի վրայ եւս աշխատիլ»։ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներու խնդրին եւ խոստացաւ յարատեւօրէն հետաքրքրուիլ անոնց խնդիրներով։