Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեանի գահակալութեան շրջանին թափ ստացած են նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւնները։ Այս ծիրէն ներս 3 Դեկտեմբեր Կիրակի յետմիջօրէին Քենթ մշակոյթի կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ յատուկ միջոցառում մը, յիշատակելու եւ պանծացնելու համար հանրածանօթ բանաստեղծ Զահրատի վաստակը իր մահուան տասնամեակին առթիւ։
Միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քաղաքիս Լուսաւորիչ երգչախումբը, ասմունքողներ Սիլվա Կոմիկեան եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու, իսկ Զահրատի գրականութեան մասին ելոյթ պիտի ունենան Յովհաննէս Շաշկալ, Սեւան Տէյիրմենճեան, Եալչըն Արմաղան եւ Հերմինէ Նաւասարդեան։