Հանրապետութեան շրջանի պոլսահայ գրականութեան կարեւորագոյն դէմքերէն է բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի։ Ունեցաւ բեղուն գրիչ, հրատարակեց բազմաթիւ բանաստեղծական հատորներ։ Իր մէջ գոյացող փոթորիկները նախ յանգեցուց, հանդարտեցուց մտքին մէջ եւ ապա շարադրեց հրաշալի տողեր, որոնց մէջ այդ նոյն փոթորիկը կը ցոլար առանց այրելու, առանց թրջելու, առանց սառեցնելու, բայց պահելով իր էութիւնը։ Գիտէր Թուրքիոյ պայմաններու մէջ Արարատ փառաբանելու հաւանական անպատեհութիւնները։ Ինչ փոյթ կ՚ըսէր այն ինչ որ ըսել պիտի ուզէր դարձեալ կ՚ըսէ այդ ահագին լեռնազանգուածը վերածելով մի ոմն Մասիս Արարատեանի կերպարին։ Երկու տարի առաջ հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն ետին թողելով գրական հսկայ վաստակ մը։
Ինծի համար յատուկ նշանակութիւններ ունեցող աւագ գրիչ մըն է նաեւ Խրախունին։ Մեր յարաբերութիւններուն մէջ աւելի յաճախ կը դիմէի իրեն բուն անունով՝ պարոն Ճիւմպիւշեան ըսելով։
Երկար ընդհատումէ ետք, երբ վերստին հրատարակուիլ սկսաւ Մխիթարեան Սանուց Միութեան «Սան» հանդէսը, ընկերներու առաջարկով ես ալ սկսայ արձակ էջեր յանձնել խմբագրութեան վարիչ Նորայր Տատուրեանի։ Սակայն նախքան խմբագրութիւն իմ ձեռագիրները կը տանէի պարոն Ճիւմպիւշեանին տառասխալները սրբագրելու խնդրանքով։ Ամէն անգամուն ամօթով ետ կը ստանայի իմ յանձնած ձեռագիրը, որ համարեա կարմիրով ներկուած կ՚ըլլար։ Այդ սխալներու մէկ մասը մի գուցէ անուշադրութեան հետեւանքն էին, բայց մնացածները ուղղագրութեան չտիրապետելու պատճառաւ գոյացած։ Չեմ գիտեր թէ իմ բացակայութեան ինչեր կը խորհէր այդ ահռելի սխալներուն մասին։ Բայց ինծի դէմ միշտ քաջալերանքով կ՚արտայայտուէր եւ կը գովաբանէր ընտրուած նիւթը կամ պատմելու ոճը։ Այսօրուայ նման կը յիշեմ, թէ որքան մեծ ոգեւորութիւնով գնահատած էր «Թող երախան չմսի» պատմուածքը, որ նիւթ կ՚առնէր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան առաջին օրերուն տիրող ծանր պայմանները։ Ճիւմպիւշեան ոգեւորուած էր, այդ պատմուածքի կառուցուածքէն եւ այդ ոգեւորութեան մէջ նիւթը անգամ չէր ըներ ահռելի տառասխալներուն։
Նորայր Տատուրեան գաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ վերջ գտաւ «Նոր սան»ի հրատարակութեան ոդիսականը։ Իսկ ես սիրած էի պատմուածքներ գրել, քանի որ խրախուսուած ու քաջալերուած էի Խրախունիի նման վարպետի մը կողմէ։ Այսպէս համարձակեցայ գրել շարունակել, այս անգամ շահագործելով մի ուրիշ վարպետի՝ հայ գրականութեան նուիրեալներէն Ռոպէր Հատտէճեանի, որ նոյնպէս կ՚անտեսէր ահռելի ուղղագրական սխալները յանուն գրական ոճին։ Այսպէս «Նոր սան»է ետք, «Մարմարա»ի էջերէն լոյս տեսնող պատմուածքները յաջողեցան հասնիլ ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակի մը, որ իր հետ պիտի բերէր աւելի շատ ընթերցում եւ աւելի շատ գնահատանք։
Այսօր, երբ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ կը յիշեմ Զարեհ Խրախունին իմ աչքերու առջեւ կը պարզուի իւրայատուկ արիսթոքրաթի կերպարը։ Ֆէօթր գլխարկը գլխուն անցած է հին Մերսետես ինքնաշարժի ղեկին, կողքին ունենալով տիկին Մարլէնը կը սուրայ Վոսփորի եզերքին դէպի նշանաւոր Քոճաթաշի աղբիւրը, ուր սովորութիւն դարձուցած էր շաբաթական հերթականութեամբ այցելել եւ ըմպելի ջուր բերել տուն։
Կորուստներ կան, որոնց բացակայութիւնը ընդհանրապէս ժամանակի ընթացքին է, որ աւելի տեսանելի կը դառնայ։ Ուրեմն ինծի համար ալ Արթօ Ճիւմպիւշեան շատ աւելի վառ կերպար մը ըլլալով կը յիշուի, քան բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի։ Իր գործերով անմահացողներէն է ան եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ շատերու ծանօթ պիտի դառնայ գրչանունով։ Իսկ ես, որ վայելեցի իր մտերմութիւնը այսօր անգամ մը եւս պիտի սգամ սիրելի յիշատակի մը Արթօ աղբարիկի կորուստը։
pakrates@yahoo.com