ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԽՈՆԱՐՀ

Բառ մը որ սիրեց ըմբոստանալ

Արտաքինով հեզ է ան, հլու եւ հնազանդ, համեստ եւ հպատակ։ Նաեւ, ցած, ստորին, անշուք եւ վար։ Այս հոմանիշները, յարգելի ընթերցող, չգոր­ծա­ծեցինք ստո­րաց­նե­լու հա­մար բառ մը, որ հա­զար հինգհա­րիւր տա­րի հա­ւատար­մօ­րէն ծա­ռայեց հա­յոց լե­զուին, ող­բա­կից եղաւ մեր «խո­նար­հած» քա­ղաք­նե­րուն եւ տա­ճար­նե­րուն, դար­ձաւ «խո­նար­հա­զարդ», «խո­նար­հա­գոյն» եւ «խո­նար­հա­միտ»։ (Վեր­ջի­նին, 1261 թուակա­նին ար­ժա­նացած էր Խա­չենի Աթա­բակ իշ­խա­նը՝ «այր խո­նար­հա­միտ», Գան­ձա­սար վան­քի նկատ­մամբ ցու­ցա­բերած հո­գատա­րու­թեան հա­մար)։ Բա­ռը նոյ­նիսկ եր­կինք բարձրա­ցաւ որ­պէս ջեր­մե­ռանդ աղօթք, ինչպէս Նա­րեկա­ցին կը մրմնջէր.

«Որ­դի ան­ճառ մե­ծիդ Աս­տուծոյ,

խո­նար­հե­ցոյ զունկն քո»։

Մեր գրա­կանու­թիւնը՝ հո­գեւոր տա­ղաչա­փու­թե­նէն մին­չեւ պատ­մա­կան եր­կեր, խո­հական բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն մին­չեւ աշու­ղա­կան եր­գեր՝ դի­մեց «խո­նարհ» բա­ռին ու ստեղ­ծեց պատ­կե­րալից նկա­րագ­րութիւններ, ինչպէս «խո­նար­հեալ բարձրու­թիւն», «խո­նարհ ծա­ռայ», «խո­նարհ աչ­քեր», «խո­նար­հուած եկե­ղեցի», «խո­նարհ ծա­ղիկ»։ Բա­ռը նաեւ դար­ձաւ Ակ­սել Բա­կունցի պատ­մուածք՝ «Խո­նարհ աղ­ջիկ» եւ Ստե­փան Ալա­ճաճեանի վէպ՝ «Եղէգ­նե­րը չխո­նար­հուեցին»։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը այս բա­ռով բա­րեւեց հա­յաշ­խարհը կեր­տած վար­պետնե­րուն. «Եւ վար­պետներ, խո­նարհ ու հան­ճա­րեղ»։

Մեր խո­նար­հած բա­նաստղծնե­րէն մէ­կը եղաւ Վա­հան Տէ­րեանը. «Ես հաս­կա­նում եմ քո խենթ աչ­քե­րի հրե­ղէն լե­զուն, խո­նարհ եմ լի­նում ես, որ­պէս գե­րի»։ Խո­նար­հե­ցաւ նաեւ անոր սիր­տը.

«Ես մի ճամ­բորդ եմ մթնում մո­լորուած,

Ու հոգ­նած սիր­տըս դար­ձել է խո­նարհ».

Եր­կար դա­րեր հա­յը յար­գեց անոր խոր­հուրդը ու ան­սաց։ Քեր­թող Ներ­սէս Անձնա­պատ­ցի վար­դա­պետը խրա­տական քա­ռեակ մը յօ­րինեց եւ զգու­շա­ցուց մեզ՝ ան­խո­նար­հութեան հե­տեւանքնե­րու հա­մար.

Ոմանք հպարտ եւ ան­խո­նարհ

Եւ ի յա­ղօթս ծոյլ եւ տկար,

Նո­ցա փա­կեալ է դուռն երկնից,

Ոչ վա­յելեն շնորհս ան­ճառ։

Միջ­նա­դարուն հա­յու­հի­ներ սկսան այս բա­ռը ըն­դունիլ որ­պէս անուն, «Խո­նարհ»։ Ան նաեւ միանա­լով արա­բերէն «մե­լեք», այ­սինքն «հրեշ­տակ» բա­ռին՝ յա­ռաջ բե­րաւ Խո­նարհ-Մե­լեք անձնա­նու­նը, որուն բար­բա­ռային ձեւն էր «Խու­նարմե­լեք»։ Ըստ պատ­մա­կան աղ­բիւրնե­րու, ձե­ռագ­րի մը մէջ յի­շատա­կուած է «տի­կին Խու­նարմե­լեք» մը, Ծե­րի կին, տա­նու­տէր Սա­տաղա­յի մեծ մայ­րը։ Այժմ կան հա­յու­հի­ներ, որոնք իբ­րեւ անուն կը կրեն բա­ռին փա­ղաք­շա­կան տար­բե­րակը՝ «Խո­նար­հիկ»։

Խո­նարհ գտնուեցան նաեւ... աշուղնե­րը։ Գա­րեգին Լե­ւոնեանը նկա­տեց այս երե­ւոյ­թը եւ ան­մի­ջապէս նշեց 1892 թուակա­նին իր ծննդա­վայ­րի՝ Ալեք­սանտրա­պոլի մէջ լոյս ըն­ծա­յած «Հայ աշուղներ» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ. «... աշու­ղը առ­հա­սարակ լի­նում է խո­նարհ, սրա­միտ եւ վառվռուն մարդ... Խո­նարհ են՝ որով­հե­տեւ խնջոյքնե­րում կամ մի որ եւ է մար­դա­շատ տե­ղերում հա­մեստ՝ քաղցրա­բարոյ, եւ համ­բե­րող կ՚լի­նեն, միշտ չէ­զոք մնա­լով»։ Կը նե­րէք, չներ­կա­յացու­ցի մեր յար­գե­լի հե­ղինա­կը։ Գա­րեգին Լե­ւոնեանը, ու­սումով նկա­րիչ՝ պատ­մա­բան էր, արուես­տա­բան, Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ճե­մարա­նի մէջ գե­ղարուես­տի պատ­մութեան եւ նկար­չութեան դա­սախօս, ինչպէս նաեւ «Գե­ղարուեստ» պատ­կե­րազարդ հան­դէ­սի հրա­տարա­կիչ։ Ան­շուշտ պէտք է նաեւ յի­շել, թէ ան որ­դին էր սի­րուած գու­սան Ճի­ւանիի ու յա­ճախ իր հօ­րը հետ երթ ու դարձ կ՚ընէր Թիֆ­լիս եւ Ալեք­սանդրա­պոլ՝ ներ­կայ էր աշու­ղա­կան հա­ւաքոյթնե­րուն եւ ակա­նատես կ՚ըլ­լար անոնց կեն­ցա­ղին եւ բնա­ւորու­թեան։

Հայ­կա­կան մա­տենա­գիտու­թեան պատ­մութիւ­նը մե­զի կը յի­շեց­նէ մէկ այլ տե­ղեկու­թիւն. «Խո­նարհ» բա­ռը 1853 թուակա­նին ար­ժա­նացաւ Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան հրա­տարա­կիչ վար­դա­պետ­նե­րու յա­տուկ ու­շադրու­թեան։ Այդ թուակա­նին Վիէն­նա­յի մէջ առա­ջին ան­գամ լոյս տե­սաւ գիրք մը, որուն անուանա­թեր­թին վրայ բա­ռը գրա­ւեց կեդ­րո­նական տե­ղը- խո­նար­հա­բար ան­շուշտ։ Այդ գիր­քը կը կո­չուէր «Ոս­կի գրքոյկ կամ գործնա­կան խո­նար­հութիւն»։ Իսկ 1900 թուակա­նին բա­ռիս հան­դէպ նոյն ազ­նուու­թիւնը ցոյց տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի տպա­րանը։ Հոն լոյս տե­սաւ ու­թը էջ­նոց հա­մեստ հրա­տարա­կու­թիւն մը. «Մկրտիչ խո­նարհ ծա­ռայ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Հայ­րա­պետ եւ հո­վիւ ընդհա­նուր Հա­յաս­տա­նեայց սուրբ եւ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հա­ւատա­ցեալ հօ­տին Քրիս­տո­սի եւ անար­ժան սպա­սաւոր տանն Աս­տուծոյ Կա­թու­ղի­կէ Սուրբ Էջ­միած­նի, նա­խակար­գեալ Մայր Աթո­ռոյ Սուրբ Գրի­գորի հօրն մե­րոյ Լու­սա­ւոր­չին», այլ խօս­քով՝ «Մկրտիչ խո­նարհ ծա­ռայ»։

Բայց, յար­գե­լի ըն­թերցող, օր մը, վար­դա­պետ­նե­րուն քա­րոզած «խո­նար­հութիւն» եւ «խո­նար­համտու­թիւն» բա­ռերը յար­մար չե­կան հա­յու­թեան։ Բառ մը, որ ձե­ւաւո­րած էր մեր ազ­գի նկա­րագի­րը՝ դար­ձաւ այ­պա­նելի։ Ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի օրերն էին անոնք։ Այդ օրե­րուն վե­րելք ապ­րե­ցաւ «խո­նարհ»ին ըմ­բոստ եր­կուորեակը՝ «ան­խո­նարհ»։ Ռաֆ­ֆին էր այդ ժա­մանա­կաշրջա­նի գլխա­ւոր գրիչն ու ոգին։ Անոր անդրա­նիկ վէ­պին, «Սալ­բի»ին կը պատ­կա­նին հե­տեւեալ միտ­քե­րը. «Ամօթ է մեզ, երբ մենք, անա­սուննե­րին հա­ւասա­րուե­լով ըն­դունենք այդ անար­գութիւ­նը, մեր գլու­խը խո­նար­հեցնե­լով եւ ու­րի­շի ոտ­քի տա­կը տա­լով»։ Սալ­բին ու­նի «ան­խո­նար­հութեան» հա­րուստ պա­շար. Ահա մէկ այլ մէջ­բե­րում, «Շատ ազ­գեր, որ հա­յի կի­սի չափ չկան, ո՜չ մի ազ­գի առաջ չեն խո­նար­հեցնում իրանց ան­պարտե­լի գլու­խը, այլ քա­ջու­թեամբ եւ թրի զօ­րու­թեամբ պահ­պա­նում են իրանց ազ­գա­յին ան­կա­խու­թիւնը»։ Ազ­գի թու­լութեան մէջ Ռաֆ­ֆին մատ­նանշեց նաեւ մայ­րե­րու բա­ժինը. «Մայ­րե­րը տղա­յական հա­սակից ծան­րա­բեռ­նում են խեղճ երե­խայի գլու­խը սուտ առաս­պելնե­րով- ծա­ռայու­թիւն, խո­նար­հութիւն, համ­բե­րու­թիւն, ստրկա­կան հնա­զան­դութիւն»։ Չխո­նար­հե­լու կրա­կը պա­տեց Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հը ու վառ մնաց մին­չեւ «Ար­ցա­խեան շար­ժում», ապա դար­ձաւ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մա­շար. «Խո­նարհ Հե­րոս­ներ», նուիրուած՝ նա­հատակ զի­նուոր­նե­րուն։ Այ­սօր հա­զարա­ւոր ծա­ղիկ­ներ կը խո­նար­հին անոնց հո­ղակոյ­տե­րուն վրայ։

«Խո­նարհ ծա­ռանե­րը մայ­րե­նիին», յար­գե­լի ըն­թերցող, եր­կու վան­կով ստեղ­ծեր են գրա­կան բարձրու­թիւններ։ Բա­ռը, թէ՛ հա­մեստ եւ թէ՝ ըմ­բոստ, բայց միշտ որ­դիական ծա­ռայա­սիրու­թեամբ՝ թարգման եղեր է հա­յոց վիշ­տե­րուն եւ բաղ­ձանքնե­րուն։ Իսկ գալ շա­բաթ, «որ­դի»ն պի­տի ներ­կա­յանայ։ Ան, որ­պէս հիմ­նա­կան թե­րակա­տարը այդ բո­լորին՝ պի­տի պատ­մէ ի՛ր ոդի­սականը։