Յետ այսու Թուրքիա պիտի ապրիմ

Գերմանաբնակ յայտնի գրող Քեմալ Եալչըն Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեանի դէպի Գերմանիա կատարած այցելութենէն օգտուելով հարցազրոյց մը կատարեց իր հետ։ Պէքճեան սրբազան այս առթիւ բաւական լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց ընտրութեան գործընթացին եւ յետ այսու կատարելիքներուն մասին։ Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցը։

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ- Սիրելի սրբա­զան ձե­զի հետ մեր ծա­նօթու­թիւնը ու­նի 20 տա­րուայ ան­ցեալ մը, որ սկսաւ Քէօլ­նի մէջ։ Այժմ ընտրուած էք, որ­պէս Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քութեան տե­ղապահ։ Այս նոր պաշ­տօ­նին մէջ յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թեմ ձեզ։ Բայց ի՞նչ կը նշա­նակէ պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ եւ ի՞նչ են անոր պար­տա­կանու­թիւննե­րը։

ԳԵ­ՐԵԳԻՆ ՊԷՔ­ՃԵԱՆ- Նախ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ ձեր բա­րի մաղ­թանքնե­րուն հա­մար։ Պատ­րիար­քա­կան տե­ղապա­հի պար­տա­կանու­թիւնը կը սկսի այն պա­հուն, երբ գոր­ծող պատ­րիար­քը հի­ւան­դա­ցած է, զուրկ է իր պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարե­լէ կամ, երբ թա­փուռ է պատ­րիար­քա­կան աթո­ռը եւ անհրա­ժեշ­տութիւն դար­ձած է նոր պատ­րիար­քի մը ընտրու­թիւնը։ Ահա այդ պա­հուն տե­ղապա­հը պաշ­տօն կը ստանձնէ ընտրու­թիւնը կազ­մա­կեր­պե­լու հե­ռան­կա­րով։

Ք.Ե. -Իսկ ինչպէ՞ս կը ճշդուի տե­ղապա­հը։

Գ.Պ.- Տե­ղապա­հը կը ճշդուի Հա­յոց Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ բարձրա­գոյն մարմնի կա­տարած ընտրու­թիւնով։ 15 Մարտ 2017-ին կա­յացաւ այդ ժո­ղովը ու ես 34 հո­գեւո­րական­նե­րու 23-ի ձայ­նե­րով ընտրուեցայ տե­ղապահ։

Ք.Ե.- Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը են­թա­կայ է՞ Էջ­միած­նին։

Գ.Պ.- Բա­րոյա­կան առու­մով այո։ Թէ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նին եւ թէ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը են­թա­կայ է Էջ­միած­նին։ Սա­կայն այս միայն բա­րոյա­կան կապ մըն է եր­կու եկե­ղեցի­ներուն մի­ջեւ։ Էջ­միածի­նը չի կրնար ուղղա­կիօրէն մի­ջամ­տել։ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանին։ Պատ­րիար­քա­րանը ան­կախ աթոռ մըն է։

Ք.Ե.- Ի՞նչ կը նշա­նակէ այդ ան­կա­խու­թիւնը։

Գ.Պ.- Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը ինք կը ձեռ­նադրէ, ինք կը պաշ­տօ­նակո­չէ այս աթո­ռի հո­գեւո­րական­նե­րը։ Բո­լոր վար­չա­կան գոր­ծե­րը ինք կը ստանձնէ։ Բա­ցի Պոլ­սոյ եւ Երու­սա­ղէմի պատ­րիար­քութիւննե­րէն ամ­բողջ աշ­խարհի տա­րած­քին հայ հա­մայքնե­րու հո­գեւո­րական­նե­րը ուղղա­կիօրէն կը նշա­նակուին Էջ­միած­նի կող­մէ։ Ան կը նշա­նակէ, ան կը քննար­կէ եւ պա­հան­ջեալ հար­կին ան հա­շիւ կը պա­հան­ջէ։

Ք.Ե.- Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քը հայ հա­մայնքնե­րու հա­մաշ­խարհա­յին խնդիր­նե­րուն քննար­կուած կրօ­նական բնոյ­թով ժո­ղով­նե­րուն կը մաս­նակցի՞ Էջ­միած­նի մէջ։

Գ.Պ.- Եթէ հրա­ւէր ստա­ցած է կը մաս­նակցի։ Բայց Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քը Էջ­միած­նին մէջ լիազօ­րու­թիւներ չու­նի։ Կրօ­նական նիւ­թե­րու շուրջ իր տե­սակէ­տը կը պար­զէ, բայց ձայն չի գոր­ծա­ծեր։

Ք.Ե.- Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը եր­կար տա­րիներ փո­խանոր­դի մը մի­ջոցաւ կա­ռավա­րուե­ցաւ։ Փո­խանոր­դը ինչպէ՞ս կը ճշդուի։

Գ.Պ.- Ինք ոչ թէ պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ է, այլ պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանորդ։ Ընտրուած է Հո­գեւո­րական­նե­րու ընդհա­նուր խոր­հուրդի որո­շու­մով, բայց նման կար­գադրու­թիւնը պե­տու­թեան կող­մէ առա­ջար­կուած էր։

Ք.Ե.- Իսկ 15 Մարտ 2017-ին կա­յացող տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը ո՞վ կազ­մա­կեր­պեց։

Գ.Պ.- Պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանոր­դը Հո­գեւոր խոր­հուրդի որո­շու­մով կազ­մա­կեր­պեց։ Ինք ալ մաս­նակցած էր այդ ընտրու­թեան։ Տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէ ետք ինքնա­բերա­բար վերջ գտած է փո­խանոր­դի հան­գա­ման­քը։

Ք.Ե.- Սա պա­հուն ո՞վ է պատ­րիար­քի ընդհա­նուր փո­խանոր­դը։

Գ.Պ.- 15 Մար­տի ընտրու­թիւնը ես շա­հեցայ։ Այդ ընտրու­թե­նէն ետք Պատ­րիար­քա­րանը ես եմ, որ կը ներ­կա­յաց­նեմ։ Տե­ղապա­հը փո­խանորդ չէ։ Ուղղա­կի կը ներ­կա­յաց­նէ Պատ­րիար­քա­րանը։ Տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն ետք ընդհա­նուր փո­խանոր­դի բո­լոր լիազօ­րու­թիւննե­րը եւ պաշ­տօննե­րը ին­ծի փո­խան­ցուած են։ Մին­չեւ նոր պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը ըն­թա­ցիք բո­լոր գոր­ծե­րը ես եմ, որ պի­տի իրա­կանաց­նեմ։

Ք.Ե.- Թուրքիոյ պե­տու­թեան հա­յոց դէմ մեր­ձեցման մէջ փո­փոխու­թիւներ կա՞ն։

Գ.Պ.- Այո, կան որոշ դրա­կան փո­փոխու­թիւններ։ Առայժմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը աւե­լի կա­յուն են։ Պե­տու­թիւնը ո՛չ միայն հայ հա­մայնքի հետ, այլ բո­լոր հա­մայնքնե­րուն հետ լաւ յա­րաբե­րու­թիւններ ու­նե­նալու կ՚աշ­խա­տի։

Ք.Ե.- Յստա­կօրէն ի՞նչ տե­սակ դրա­կան զար­գա­ցումնե­րու կ՚ակ­նարկէք։

Գ.Պ.- Պե­տու­թիւնը նա­խապէս ձեռք դրած հայ հա­սարա­կու­թեան պատ­կա­նող կարք մը կա­լուած­նե­րը վե­րադար­ձուց, իսկ մէկ մասն ալ վե­րադարձնել կը խոս­տա­նայ։ Սա դրա­կան զար­գա­ցում է ար­դէն։ Դրա­կան օրի­նակ­նե­րէն մէկն ալ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թեան մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ ու­նե­նալն է։ Նա­խապէս եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգ­ման հա­մար ահա­քին դժուարու­թիւնով ար­տօ­նու­թիւն կը խնդրէինք։ Ընտրուած թա­ղական խոր­հուրդնե­րը դպրո­ցը նո­րոգե­լու կամ ուսման հա­մար պի­տանի նիւ­թե­րը ճա­րելու մէջ դժուարու­թիւններ կ՚ապ­րէին։ Այժմ բա­ցի պե­տական հաս­տա­տու­թիւնե­րէ որոշ քա­ղաքա­պետա­րան­ներ եւս կը նպաս­տեն այս ծա­ռայու­թիւննե­րուն։ Եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր անե­լի մատ­նուած խնդիր էր Սկիւ­տա­րի Սուրբ Խաչ վար­ժա­րանի վար­չութիւ­նը ընտրե­լու ար­տօ­նու­թիւն չէին տար։ Այժմ այդ արտնու­թիւնն ալ ապա­հովուած է։ Այսպէ­սով դպրո­ցի նախ­կին սա­ներէն բաղ­կա­ցող նոր վար­չութիւ մ ը գո­յաց­նել կա­րելի եղաւ։ Հայ հա­մայնքի վե­րադար­ձուած կա­լուած­նե­րու եկա­մու­տով այժմ կրնանք կարգ մը դպրոց­նե­րու հո­գերը ապա­հովել։ Ես այս բո­լորը կը դի­տեմ, որ­պէս դրա­կան զար­գա­ցումներ։

Ք.Ե.- Իսկ ի՞նչ աշ­խա­տու­թիւն կը տա­նիք պատ­րիար­քի ընտրու­թեան նիւ­թով։

Գ.Պ.- Նախ կ՚ու­զեմ հա­մայնքին կար­ծիքնե­րը, առա­ջարկնե­րը եւ մտա­ծումնե­րը իմա­նալ։ Գրե­թէ ամէն օր կամ առան­ձին-առան­ձին կամ ալ խմբո­վին կը հան­դի­պիմ հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու հետ։ Կ՚ու­զեմ բո­լորին հա­մակար­ծիք ըլ­լա­լիք պատ­րիարք մը ընտրել ար­դար ընտրու­թեան մը հե­տեւան­քով։

Ք.Ե.- Ո՞վ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ այս ընտրու­թիւնը։

Գ.Պ.- Թուրքիոյ ընտրու­թեան մա­սին օրէնքնե­րու հա­մաձայն ընտրու­թիւննե­րը կը կազ­մա­կեր­պուին ընտրա­կան խոր­հուրդնե­րու կող­մէ։ Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան նիւ­թով ար­դէն կայ որոշ աւան­դութիւններ։ Հա­սարա­կու­թեան մէջ որոշ յար­գանք վա­յելող վստա­հելի ան­ձե­րէն կազ­մե­ցինք նա­խաձեռ­նարկ մար­մին մը։ Այս յանձնա­խումբն է, որ պի­տի կա­տարէ ընտրու­թեան խոր­հուրդի մը պաշ­տօննե­րը։ Պի­տի պատ­րաստէ ընտրող­նե­րու ցու­ցա­կը։ Պի­տի ստու­գէ, թէ ով­քեր պի­տի կրնան մաս­նակցիլ ընտրու­թեան։ Պի­տի ապա­հովէ ընտրու­թեան մեր աւան­դա­կան կա­նոն­նե­րուն հա­մապա­տաս­խան ձե­ւով անցկա­ցուի­լը։ Մեր նպա­տակը հայ հա­մայնքի իրա­կան կամ­քի դրսե­ւորու­մը ապա­հովել է։

Ք.Ե.- Իսկ ե՞րբ պի­տի կա­յանայ ընտրու­թիւնը

Գ.Պ.- Նա­խատե­սած էինք 13 Դեկ­տեմբեր թուակա­նը։ Այդ թուակա­նը գոր­ծադրե­լու հա­մար պէտք է պե­տու­թիւնը մեր դի­մու­մին պաշ­տօ­նապէս պա­տաս­խան տայ։ Առանց պե­տու­թեան հաս­տա­տու­մին չենք կրնար ընտրու­թիւն կա­տարել։

Ք.Ե.- Իսկ ով­քե՞ր կրնան պատ­րիարք ընտրուիլ։

Գ.Պ.- Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւնը պատ­րիար­քի ընտրու­թեան հա­մար յա­տուկ կա­նոնագ­րութիւն մը կը պատ­րաստէ եւ ընտրու­թիւնը անոր հի­ման վրայ կը կա­տարուի։ Հո­գեւո­րակա­նի մը պատ­րիարք ընտրուելուն հպա­մար պայ­ման է, որ ինք նոյ­նիսկ եր­կրէ դուրս ծնած ըլ­լայ, գո­նէ հայ­րը Թուրքիա ծնած պիտի ըլ­լայ։ Պատ­րիարք ընտրուելու հա­մար Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի ըլ­լալ պայ­ման չէ։ Բայց ընտրու­թե­նէ ետք պայ­ման է քա­ղաքա­ցիու­թիւն ստա­նալ եւ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան աձ­նա­գիրը կրել։

Ք.Ե.- Իսկ դուք պատ­րիար­քութեան թեկնա­ծո՞ւ էք։

Գ.Պ.- Այո՛, ես ալ կ՚ար­դա­րաց­նեմ պա­հան­ջուած պայ­մաննե­րը եւ թեկ­նա­ծու եմ։

Ք.Ե.- Իսկ եթէ չընտրուիք Գեր­մա­նիա պի­տի վե­րադառ­նա՞ք։

Գ.Պ.-Ընտրուիմ, թէ չընտրուիմ յետ այ­սու Թուրքիա պի­տի ապ­րիմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ