Իզմիրի գիտցածները եւ նոր լսածները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Ակօս»ի նախորդ համարի այս էջին վրայ, երբ ընթերցողներուն հետ կը կիսէինք մեր Պարսկաստանի այ­ցե­լու­թեան տպա­ւորու­թիւննե­րը գրու­թիւնը աւար­տին բե­րած էինք ըսե­լով, թէ «… պար­տինք խոս­տո­վանիլ, որ Թեհ­րա­նէն վե­րադար­ձին մեր կու­տա­կած տպա­ւորու­թիւննե­րը կի­սելու հա­մար խիստ ան­բա­ւարար պի­տի մնան թեր­թի էջե­րու տա­րողու­թիւնը։ Այն ինչ որ տե­սանք ու վա­յելե­ցինք այս պատ­մա­կան քա­ղաքին մէջ հա­ւանա­բար շատ եր­կար ժա­մանակ դրոշ­մուած պի­տի մնան մեր յի­շողու­թեան մէջ եւ զա­նազան առիթ­նե­րով պի­տի գտնեն իրենց ցո­լացու­մը»։

Խոս­տո­վանինք որ այս տո­ղերով ըսել կ՚ու­զէինք, թէ Թեհ­րա­­նի տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կենք կի­­սել մեր սի­­րելի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն հետ։ Թէեւ այդ ատեն ալ գի­­տէինք, որ խմբագ­­րա­­­տան մէջ հա­­զիւ եր­­կու օր անցնե­­լէ վերջ կրկին ճա­­նապարհ պի­­տի իյ­­նանք այս ան­­գամ հե­­տեւե­­լու մի այլ կա­­րեւոր աշ­­խա­­­տու­­թեան Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կազ­­մա­­­կեր­­պած Զմիւռնիոյ եւ շրջա­­կայ­­քի հա­­րիւ­­րա­­­մեակի ըն­­թացքին ու­­նե­­­ցած փո­­փոխու­­թիւննե­­րու վեր­­լուծման հա­­մար։ Բայց նաեւ խոս­­տո­­­վանինք, որ չէինք պատ­­կե­­­րացու­­ցած այս աս­­տի­­­ճան պատ­­կե­­­րաւոր ապ­­րումնե­­րով վե­­րադառ­­նանք եւ ան­­համբեր ըլ­­լանք, այդ բո­­լորը ըն­­թերցո­­ղի հետ կի­­սելու հա­­մար։ Իս­­կա­­­պէս ալ ցնցիչ էր այս այ­­ցե­­­լու­­թիւնը մէ­­կէ աւե­­լի յատ­­կութիւննե­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ։ Նախ նշենք, թէ Զմիւռնիա եւս իր կար­­գին բա­­զում յատ­­կութիւններ ու­­նե­­­ցող պատ­­մա­­­կան քա­­ղաք մըն է, որ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն հետզհե­­տէ կը վե­­րագտնէ իր ու­­րոյն դի­­մագի­­ծը։

24 եւ 25 Նո­­յեմ­­բեր թուական­­նե­­­րուն Զմիւռնիա Ատ­­նան Սայ­­կուն գե­­ղարուես­­տի կեդ­­րո­­­նին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ եր­­կօ­­­րեայ գի­­տաժո­­ղով «Զմիւռնիոյ եւ շրջա­­կայ­­քի հա­­սարա­­կական, մշա­­կու­­թա­­­յին եւ տնտե­­սական փո­­փոխու­­թեան հա­­րիւր տա­­րին, 1850-1950» խո­­րագի­­րով։

Մի­­ջոցառ­­ման բաց­­ման խօս­­քը կա­­տարեց պատ­­մա­­­բան Այ­­հան Աք­­թար եւ բաց­­ման զե­­կոյ­­ցը խօ­­սեցաւ Էլ­­չին Մա­­ճար։ Մա­­ճար իր զե­­կոյ­­ցին մէջ յի­­շատա­­կեց յոյն ակա­­դեմա­­կան Վան­­կե­­­լիս Քեհ­­լի­­­յոթի­­սի վաս­­տա­­­կը ուղղուած Զմիւռնիոյ պատ­­մութեան։ Քեհ­­լի­­­յոթիս դա­­սախօ­­սած էր Պո­­ղազի­­չի հա­­մալ­­սա­­­րանի պատ­­մութեան բաժ­­նի մէջ եւ իր վա­­ղահաս մա­­հով մեծ կո­­րուստ պատ­­ճա­­­ռած ակա­­դեմա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րուն։ Այս եր­­կու ելոյթնե­­րէ ետք կա­­յացաւ օրուայ առա­­ջին նիս­­տը դար­­ձեալ Փրոֆ. Աք­­թա­­­րի ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ։ Այս նիս­­տին Էվան­­կե­­­լիա Աք­­լա­­­տի խօ­­սեցաւ Ա. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն Իզ­­մի­­­րի կու­­սա­­­կալ Մուսթա­­ֆա Ռահ­­միի կեն­­սագրա­­կան գի­­ծերուն եւ գոր­­ծունէու­­թեան մա­­սին։ Իսկ Ճա­­նան Պո­­լէլ նիւթ ու­­նե­­­ցաւ քա­­ղաքի հրեայ հա­­մայնքը եւ ԺԹ. դա­­րուն այս քա­­ղաքը եկող սկով­­տիացի միս­­յո­­­նար­­նե­­­րու աշ­­խա­­­տանքնե­­րը։ Երկրորդ նիս­­տը կը քննար­­կէր տնտե­­սական եւ հա­­սարա­­կական փո­­փոխու­­թիւննե­­րը։ Հա­­րիս Էք­­զերցօղ­­լուի ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ կա­­յացած այս նիս­­տին Այ­­չա Աքար­­չայ, Նուրհան Տա­­ւու­­թեան եւ Սե­­զին Փո­­լաթի միատեղ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը ներ­­կա­­­յացուց Այ­­չա Աքար­­չայ «Կայսրու­­թե­­­նէն հան­­րա­­­պետու­­թեան անցման մի­­ջոցին Եգէակա­­նի շրջա­­կայ­­քի գիւ­­ղատնտե­­սական ար­­դիւնա­­բերու­­թիւն» խո­­րագի­­րով։ Էմ­­րէ Էրօլ Իզ­­մի­­­րի մեր­­ձա­­­կայ գա­­ւառ­­նե­­­րէ Ֆո­­քայի կեն­­սունակ առօ­­րեային ամա­­յանա­­լու երե­­ւոյ­­թը եւ Էլի­­նոր Մո­­լաքալ հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին տա­­րինե­­րուն Զմիւռնիոյ ան­­հե­­­տացած քրիս­­տո­­­նեայ ինքնու­­թիւնը նկա­­րագ­­րեց։ Յետ­­մի­­­ջօրէի առա­­ջին նիս­­տի ժո­­ղովա­­վարն էր Տի­­միդ­­րիս Քա­­մու­­զիս։ Այս նիս­­տին Անտրէաս Պալ­­թաս իբ­­րեւ յոյն ազ­­գա­­­յին գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ վեր­­լուծեց Զմիւռնիոյ մար­­զա­­­կունքնե­­րը 1890-1922 թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ։ Անա­­հիտ Քար­­տա­­­շեան ներ­­կա­­­յացուց Զմիւռնիոյ հա­­յու­­թեան օս­­մա­­­նեանա­­կանու­­թիւնը խրա­­խու­­սե­­­լու նպա­­տակաւ կազ­­մա­­­կեր­­պած տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րը։ Այս նիս­­տի վեր­­ջին ատե­­նախօսն էր Նի­­քոս Օր­­տուլի­­տիս, որ յու­­նա­­­կան էս­­դուտիան­­դի­­­նա ոճի երաժշտու­­թեան հա­­մաշ­­խարհա­­յին տա­­րածու­­մի մա­­սին զե­­կու­­ցեց։

Օրուայ վեր­­ջին նիս­­տը կա­­յացաւ «Նոր հաս­­տա­­­տումներ, նոր գա­­ղափար­­ներ» ընդհա­­նուր խո­­րագի­­րով եւ Էլ­­չին Մա­­ճարի ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ։ Այս նիս­­տին Էսին Պերքթաշ խօ­­սեցաւ Հայ­­նո­­­ցի Իզ­­մի­­­րի մի­­ջազ­­գա­­­յին տօ­­նավա­­ճառի վե­­րած­­ման եւ Ի. դա­­րու տե­­ւողու­­թեան մէջ Պաս­­մա­­­նէ թա­­ղամա­­սին են­­թարկուած փո­­փոխու­­թիւննե­­րուն շուրջ։ Նի­­քոլա Ու­­զունօղ­­լու Զմիւռնիոյ «Արե­­ւել­­քէն բարձրա­­ցող լոյ­­սը» հա­­մալ­­սա­­­րանի ար­­խի­­­ւը ծա­­նօթա­­ցուց, իսկ Անտրէա Պու­­րութիս նիւթ առաւ քա­­ղաքի մի­­ջազ­­գա­­­յին դպրոց­­նե­­­րը «Քաղ­­քե­­­նիու­­թիւնը կրթել» են­­թա­­­խորա­­գիրով։

Ասու­­լի­­­սի չորս նիս­­տե­­­րու աւար­­տին «Ակօս»ի աշ­­խա­­­տակից Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լու յա­­տուկ զե­­կոյ­­ցով մը հան­­դէս եկաւ պատ­­մե­­­լով Զմիւռնիոյ հայ տիպ ու տա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը։

Հա­­կառակ որ առա­­ջինը աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին օր էր բա­­նախօ­­սու­­թեան եր­­կու օրե­­րուն ալ սրա­­հը ամ­­բողջո­­վին լե­­ցուն էր հե­­տաքրքիր զան­­գուածով։

Բո­­լորին ծա­­նօթ է, որ եր­­կի­­­րը ու­­նի ար­­հեստա­­կան եւ յե­­րիւ­­րա­­­ծոյ պատ­­մութիւն մը, որուն մէջ շատ կա­­րեւոր տեղ կը գտնէ Իզ­­մի­­­րի ու շրջա­­կայ­­քի ան­­ցուդար­­ձե­­­րը։ Դէպ­­քե­­­րը շրջե­­լու, իմաս­­տազրկե­­լու կամ բո­­լորո­­վին հա­­կառակ իմաստներ վե­­րագ­­րե­­­լու աւան­­դոյթը առաս­­պելնե­­րով օժ­­տած է նաեւ այս քա­­ղաքը։ Ար­­դա­­­րեւ երկրորդ օրուայ ասու­­լիսնե­­րու առա­­ջին նիս­­տը յատ­­կա­­­ցուած էր Զմիւռնիոյ հրդե­­հին։ Հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նի պաշ­­տօ­­­նական պատ­­մութեան տե­­սու­­թիւնը յա­­րատե­­ւօրէն կը պնդէր, թէ 9 Սեպ­­տեմբեր 1922-ին թրքա­­կան բա­­նակը ազա­­տագ­­րած է Զմիւռնիան ծով թա­­փելով ար­­շա­­­ւիչ յոյ­­նե­­­րը։ Եւ ապա կ՚աւելցնէ եւս սուտ մը, ըստ որու յոյ­­նե­­­րը փա­­խուստի ժա­­մանակ հրկի­­զած են բո­­վան­­դակ քա­­ղաքը։ Մինչդեռ պա­­տերազ­­մի ժա­­մանա­­կագ­­րութիւ­­նը փաս­­տա­­­ցի կեր­­պով կը հաս­­տա­­­տէ, թէ Յու­­նաստա­­նէն եկած զօ­­րամա­­սերը քա­­ղաքի ան­­կումէն եր­­կու օր առաջ ար­­դէն հե­­ռացած էին իրենց նա­­ւատոր­­մով, հե­­տերնին տա­­նելով նաեւ քա­­ղաքի կարգ մը մե­­ծահա­­րուստնե­­րը եւ աւա­­գանին։ Ար­­դա­­­րեւ թրքա­­կան բա­­նակը Զմիւռնիա ար­­շա­­­ւած ժա­­մանակ քա­­ղաքի մէջ ոչ մէկ դի­­մադ­­րութիւն կա­­յացաւ, քա­­նի որ ոչ զի­­նուոր կար, ոչ ալ զի­­նեալ խմբակ­­ներ։

Սուաւի Այ­­տը­­­նի ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ կա­­յացող նիս­­տին առա­­ջին զե­­կու­­ցո­­­ղը Մի­­խաիլ Վար­­լաս այս բո­­լորը նիւթ ու­­նե­­­ցաւ ընդգծե­­լով մա­­նաւանդ ալ հրդե­­հի առաս­­պե­­­լը եւ փաս­­տա­­­ցի տուեալ­­նե­­­րով պար­­զեց, թէ հրդե­­հը թուրք զի­­նուոր­­նե­­­րու քա­­ղաքը ար­­շա­­­ւելէ ետք տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է կան­­խե­­­լու հա­­մար յու­­նաց հա­­ւանա­­կան վե­­րադար­­ձը։

Յաս­­միկ Գրի­­գորեան այս բաժ­­նին մէջ օրա­­կար­­գի բե­­րաւ շատ կա­­րեւոր նիւթ մը, որն է Զմիւռնիոյ աղէ­­տի շրջա­­նին ար­­ձա­­­նագ­­րուած հա­­ւաքա­­կան անձնաս­­պա­­­նու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րը։ Նման երե­­ւոյ­­թը ար­­դէն ծա­­նօթ է հայ ան­­հա­­­տին, քա­­նի որ լսած ենք այս բնոյ­­թի բազ­­մա­­­թիւ դէպ­­քեր յատ­­կա­­­պէս աք­­սո­­­րի կա­­րաւան­­նե­­­րու Եփ­­րատ գե­­տը անցնե­­լու պա­­հուն։ Արի Շե­­քերեան եւս ընտրած էր ու­­շագրաւ նիւթ մը եւ կը քննար­­կէր զի­­նադա­­դարի տա­­րինե­­րուն զար­­գա­­­ցած յոյն եւ հայ բա­­րեկա­­մու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րը։ Երկրորդ նիս­­տը եւս ու­­նէր ու­­շագրաւ խո­­րագիր մը՝ «Ազ­­գայնա­­կանու­­թիւն, վե­­րակեր­­տում եւ սե­­փակա­­նու­­թիւն»։ Երի­­տասարդ ակա­­դեմա­­կան Մեհ­­մետ Փո­­լաթէլի վա­­րած այս ժո­­ղովին Ալփ Եիւ­­ճել Քա­­յա եւ Էր­­քան Սեր­­չէ ներ­­կա­­­յացու­­ցին 1873-1896 թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ ապ­­րուած մեծ ճգնա­­ժամի տա­­րինե­­րուն Զմիւռնիոյ բա­­նուոր դա­­սակար­­գի վի­­ճակին մա­­սին։ Էմ­­րէ Էր­­տեմ լքեալ կա­­լուած­­նե­­­րու իւ­­րացման գոր­­ծընթա­­ցի մէջ կա­­տարուած­­նե­­­րը ու­­սումնա­­սիրեց մեկ­­նե­­­լով Զի­­րաատ դրա­­մատան ազ­­դե­­­րէն։ Իւ­­միտ Քուրթ եւս անդրա­­դար­­ձաւ ապ­­րանքնե­­րու յափշտակ­­ման խնդի­­րին եւ այդ առ­­թիւ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րուն։ Իսկ Թա­­լաթ Ու­­լուսոյ «Սուտ քա­­ղաքին իրո­­ղու­­թիւնը» խո­­րագ­­րեալ զե­­կոյ­­ցով մի առ մի հրա­­պարա­­կեց պաշ­­տօ­­­նական տե­­սու­­թեան հիւ­­սած կեղ­­ծիքնե­­րը։ Էս­­րա Տա­­նաճըօղ­­լու Թա­­մու­­րի ժո­­ղովա­­վարու­­թեամբ կա­­յացող նիս­­տը եւս լե­­ցուն էր ու­­շագրաւ զե­­կոյցնե­­րով։ Այստեղ Ալեք­­սանդրոս Լամբրու երի­­տասար­­դութիւն, բռնու­­թիւն եւ ազ­­գայնա­­կանու­­թիւն եզ­­րե­­­րու մէջ ներ­­կա­­­յացուց 1934-ի ամ­­րան աշա­­կեր­­տութեան Զմիւռնիոյ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու դէմ գրգռուելու երե­­ւոյթնե­­րը։ Յո­­վանիս Գա­­րաք­­րիստոս Իզ­­մի­­­րի եւ շրջա­­կայ­­քի յոյն հա­­սարա­­կու­­թեան մշա­­կոյ­­թին եւ սե­­ռային ինքնու­­թիւննե­­րու երե­­ւոյթնե­­րուն շուրջ։ Իսկ Օնուր Ինալ զե­­կու­­ցեց Իզ­­մի­­­րի եւ շրջա­­կայ­­քի պատ­­մութեան մա­­սին։

Եր­­կօ­­­րեայ բա­­նախօ­­սու­­թեան վեր­­ջին նիս­­տը վա­­րեց Ալփ Եիւ­­ճել Քա­­յա։ Այստեղ Էս­­րա Տա­­նաճըօղ­­լու Թա­­մուր «Մեծ պատ­­մութեան փոքր պա­­տումնե­­րը», իսկ Իւ­­միտ Էսէր «Կոր­­սուած եր­­կիր, խամ­­րած Օս­­մա­­­նեան մի­­նու­­թիւն յետ­­պա­­­տերազ­­մեան շրջա­­նին իզ­­միրցի երեք յոյ­­ներ» խո­­րագ­­րեալ զե­­կոյց մը ար­­տա­­­սանեց։ Օրուայ աւար­­տին Այ­­հան Աք­­թար ընդհա­­նուր վեր­­լուծու­­մը ըրաւ եր­­կօ­­­րեայ գի­­տաժո­­ղովին եւ ներ­­կա­­­ները հրա­­ւիրեց իրենց տե­­սու­­թիւննե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։

Ինչպէս նա­­խորդ օրի­­նակ­­նե­­­րը այս վեր­­ջինն ալ յա­­ջողու­­թեամբ պսա­­կուած աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը եղաւ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի հաշ­­ւոյն եւ հի­­մա կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը կը մաս­­նակցի մին­­չեւ սոյն տա­­րուայ աւար­­տին Անա­­րատ Յղու­­թիւն շէն­­քի «Հա­­ւաք» սրա­­հին մէջ կա­­յանա­­լիք ասու­­լիսնե­­րու շար­­քին, որոնցմէ առա­­ջինը պի­­տի կա­­յանայ այս շա­­բաթա­­վեր­­ջին նիւթ ու­­նե­­­նալով Պոս­­նիա Հեր­­ցե­­­կովի­­նայի պա­­տերազ­­մի սար­­սա­­­փին հետ առե­­րեսուելու եղա­­նակ­­նե­­­րը։

Այս բնոյ­­թի գի­­տաժո­­ղով­­նե­­­րը նշա­­նակա­­լից են նաեւ տուեալ քա­­ղաքի մէջ կա­­տարուած ըլ­­լա­­­լու յատ­­կութիւ­­նով։ Բնա­­կանա­­բար տե­­ղացի ժո­­ղովուրդին իր քա­­ղաքի պատ­­մութեան մա­­սին լսած­­նե­­­րը իւ­­րացնելն ալ շատ աւե­­լի հեշտ եղա­­նակով կը կա­­տարուի, քան թէ մի անստոյգ վայ­­րի մա­­սին պատ­­մուածներ։ Այս տպա­­ւորու­­թիւնը զգա­­լի էր մա­­նաւանդ սուրճի դա­­դար­­նե­­­րու պա­­հուն կա­­յացող զրոյցնե­­րով։ Մար­­դիկ յու­­զումով կ՚անդրա­­դառ­­նա­­­յին բո­­լոր այն գի­­տելիք­­նե­­­րուն մա­­սին, որոնց հա­­մար աւան­­դա­­­կանօ­­րէն սխալ պատ­­կե­­­րացում ու­­նե­­­ցած են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ