ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Եթէ կրկին անգամ վերյիշենք հայերէն բանաստեղծութեան մեծ տաղանդ Պարոյր Սեւակի տողերը Սաղաթէլ Պասիլ այն արտակարգ մտաւորականներէն է, որ լծուած է աշխարհը շալակած տանելու, այդ մեծ բեռին։ Կեանքի բոլոր հանգրուանները կ՚արդարացնեն Սաղաթէլի մասին այս հաստատումը։ Ան երբեք չի խրտչիր իր ուսերու տարողութենէ շատ աւելի ծանր բեռերուն տակ։ Երբ կը հաւատայ, թէ պէտք է տալ, ալ չի սպասեր այս կամ այն դիւրութեան ապահովումը։ Այլ կը լծուի գործի հոն, ուր որ կարիք կայ։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել թէ շռայլօրէն կը բաժնէ այն ինչ որ ունի։ Միտք է շատ անգամ իր ունեցածը։ միտքի կարողութիւնն է, որ կը տրամադրէ բոլորին։ Այս տողերով չենք ուզեր սխալ հասկացողութեան մը տեղի տալ։ Ան չոր ու ցամաք խրատախօս մը չէ երբեք, երբ պիտի խօսինք տալու մասին գիտցէք, որ այդ տալը գործ է ընդհանրապէս, այլ ո՛չ թէ խօսք։ Օրինակի համար Հալէպի մէջ սրճարան կը բանեցնէ, որ սրճարան չէ այլ ակադեմիա։ Ակադեմիա՝ որմէ պիտի օգտուին բոլոր այն կարիքաւորները, որոնք պէտքութիւն ունին միտքեր արծարծելու, խորհուրդներ կուտակելու, վերջապէս նոր տեսադաշտ, նոր մերձեցում գտնելու։
Սաղաթէլ Պասիլ Հալէպի դաժան տարիներուն «Ակօս»ի սիւնակագիրն էր եւ «Ճերմակ Ագռաւ» խորագրեալ այդ սիւնակով պոլսահայ ընթերցողին կը փոխանցէր պատերազմի սարսափը միշտ թողելով այն տպաւորութիւնը, թէ կարծես ինք այդ սարսափի մէջէն չէ որ կը գրէ, այլ կարծես հեռուէն դիտող մը ըլլար։ Մինչդեռ պատերազմի բոցը արդէն իսկ պատած էր իր միջավայրը եւս։ Խուճապ չկար Սաղաթէլի տողերուն մէջ։ Ո՛չ ալ սարսափ։ Կար միայն ու միայն պատերազմի դաժանութիւնը մարդուն մարդու դէմ գործադրած վայրագութիւնը։
Պատերազմը Սաղաթէլն ալ պոկեց տարաւ իր հարազատ քաղաքէն։ Ստիպուեցաւ ճաշակելու պանդխտութիւն կոչուած կսկիծը։ Թափառեցաւ նախ դէպի Թուրքիա եւ ապա Հայաստան։ Թուրքիոյ մէջ գտնուած տարիներուն նոյնպէս անտարբեր չմնաց կարիքաւորներուն հասնելու խնդրին մէջ։ Պաշտօն ստանձնեց մարդասիրական ընկերութեան մը Անտիոքի մասնաճիւղին մէջ, ստանձնելով նաեւ իր ծնողներուն ապրուստի հոգը։ Վերջապէս հասաւ Հայաստան, ուր իր եւ ընտանիքի համար աւելի բարենպաստ պայմաններ կային։ Եւ չհեռացաւ իրեն համար սրբազան համարուող ասպարէզէն ու շարունակեց ստեղծագործել։ Մեր ձեռքին է Սաղաթէլ Պասիլի «Ակօս»ի յօդուածներու ամբողջական հրատարակութիւնը հատորի մը մէջ։ «Յօդուածարան Ըստ Ճերմակ Ագռաւի» խորագրեալ այս հատորը թերթելով անգամ մը եւս տարուեցանք այն ուրախ տրամադրութեան, որ կ՚ապրէինք ամէն անգամ, որ կը ստանայինք Սաղաթէլի նոր յօդուածը։ Այնտեղ տեղադրուած են աւելի քան 60 յօդուածներ, որոնց վերընթերցումը դառն յիշատակներու վերապրումն է նաեւ։ Սաղաթէլի տողերուն մէջ զգացումները հակասականօրէն իրար կը յաջորդեն։ Մերթ յուսալքութիւն կը տիրէ, մերթ դիմադրելի կորով։ Մէկ բան որ պիտի պակսի պարտութեան հոգեբանութիւնը միայն։ Սաղաթէլ հանդուրժողութիւն չունի պարտութեան զգացումի դիմաց։ Ո՛չ, ան պարտուողը չէ, այլ մաքառողը։ Մաքառելու կամքն ու կորովը զինք կրնան առաջնորդել դէպի հեռու ափեր, բայց ան զարմանալիօրէն կը մնայ մերը, ուր որ ըլլայ, պայմանները ուր որ պարտադրէ։ Մեզի կը մնայ ողջունել Սաղաթէլի այս պատումներու գիրքի մը ձեւին տակ վերհրատարակութիւնը եւ գիտակցիլ այն իրողութեան, թէ մեր սիրելի ընկերը միշտ առիթներ պիտի ունենայ իր դէմ ծառացած բոլոր դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար։