Տիյարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախկին նախագահ Թահիր Էլչի սպանութեան երկրորդ տարելիցի առթիւ 28 Նոյեմբերին յիշատակուեցաւ զանազան միջոցառումներով։ Էլչի մահացած էր Տիյարպէքիր քաղաքի պատմական Չորս Ոտքով Մինարէթի ստորոտը, երբ կը բողոքէր ապահովական ուժերու կրակոցով այդ պատմական շինութեան վնասուելուն դէմ։ Նշենք որ այս ճարտարապետական առումով իւրայատուկ կառոյցը նախապէս եղած է զանգակատուն եւ աւելի ետք վերածուած է մինարէի։
Անուանի փաստաբանը ծանօթ էր, որպէս մարդու իրաւունքներու ջատագով։ Պետական բռնութենէ տուժածներու պաշտպանութիւնը կը ստանձնէր առանց, որեւէ գումար պահանջելու։ Էլչիի սպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն դէմ ուղղուած հերթական յարձակումներու նոր օղակ մըն է պարզապէս եւ այդ օղակը բնականաբար տեղի տուաւ հասարակական ընդվզումի մը, մանաւանդ Տիյարպէքիր քաղաքի մէջ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ ամենամեծ մասնակցութեամբ ոգեկոչումն ալ կատարուեցաւ Տիյարպէքիրի մէջ։ Սպանութեան ժամուն՝ 10.53-ին Չորս Ոտքով Մինարէթի առջեւ հաւաքուածները նախ յարգանքի լռութիւն պահեցին ի պատիւ Թահիր Էլչիի։ Ապա այցելութիւն տրուեցաւ Էլչիի շիրիմին եւ երեկոյեան ժամերուն ալ տեղի ունեցաւ յիշատակման արարողութիւն մը Ճիկերխուն Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։
Իսկ 29 Նոյեմբեր Չորեքշաբթի օր Տիյարպէքիրի Արհեստաւորներու Միութեան սրահին մէջ պիտի կայանայ գիտաժողով մը, որուն նիւթն է Թահիր Էլչի եւ հեղինակը անյայտ ոճիրներ։ Այս ժողովին պիտի մասնակցին փաստաբաններ՝ Էրէն Քեսկին, Ժողովրդական Դատողութիւն Հարթակէն Օրհան Կազի Էրթեքին, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութենէն Ուրֆայի Պատգամաւոր Օսման Պայտեմիր եւ լրագրող Իսմայիլ Սայմազ։
Մինչ այդ կ՚արժէ յիշել, թէ ոճիրէն ետք այս խնդիրը ուսումնասիրող դատարանի մօտ երկու անգամ դատախազի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ մինչեւ այսօր ալ ոչ ոք մեղադրուած։