ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Թուրքիա Իրան Պիտի չըլլայ»

Բահլաւունի­ներու թա­գաւո­րու­թեան ան­կումէն ետք հա­րեւան եր­կիր Պարսկաս­տան որ­դեգրեց նոր անուն՝ «Իրա­նի իս­լա­մական Հան­րա­պետու­թիւն» եզ­րով։

Կրօ­նապե­տերու իշ­խա­նու­թեան տակ եր­կի­րը ապ­րե­ցաւ բա­ւակա­նին փո­թոր­կոտ անցման շրջան մը։ Իս­լա­մական հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­դիր Իմամ Խո­մէյ­նի ինչպէս կը պա­տահի նման յե­ղափո­խու­թիւննե­րէ ետք, հա­շիւ մաք­րեց հա­կառա­կորդնե­րուն եւ նաեւ իշ­խա­նափո­խու­թեան շրջա­նին իրեն զօ­րակ­ցողնե­րուն հետ։ Ամիս­նե­րու ըն­թացքին կա­խաղան հա­նուե­ցան բազ­մա­հազար ընդդի­մադիր­ներ, որոնց շար­քին Իրա­նի մէջ կա­րեւոր աւանդ ու­նե­ցող հա­մայ­նա­վար շար­ժումի՝ Թու­տե­հի ան­դամնե­րը։

Ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գը վե­րաձե­ւաւո­րուե­ցաւ Իս­լա­մական իրա­ւակար­գի՝ շե­րիաթի հրա­մայա­կան­նե­րուն հա­մապա­տաս­խան կեր­պով։ Ար­գի­լուե­ցաւ ալ­քո­հոլա­յին խմիչքնե­րու սպա­ռու­մը, նոյ­նիսկ պա­տահե­ցաւ երե­ւոյթներ երգն ու երաժշտու­թիւնը ար­գի­լելու վե­րաբե­րեալ։

Նա­խապէս ԱՄՆ-ի տա­րածաշրջա­նի կա­րեւոր դաշ­նա­կիցը, նոյ­նիսկ ոս­տի­կանը հա­մարուող եր­կի­րը ուղղու­թիւն փո­խելով դար­ձաւ գլխա­ւոր հա­կառա­կորդ։ Քա­ղաքա­կան այս շե­ղու­մին հե­տեւան­քը եկաւ շրջա­փակու­մով։ Իրան պա­շարուած եր­կիր է ԱՄՆ-ի կող­մէ, որուն նա­խագա­հը կը սի­րէ տե­ղի ան­տե­ղի բո­լոր առիթ­նե­րով «Ահա­բեկիչ պե­տու­թիւն» ածա­կանը գոր­ծա­ծել Մի­ջին Արե­ւել­քի այս կա­րեւոր մշա­կոյ­թին դէմ։

Իրան-Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կա­ռու­ցուած են պատ­մա­կան մրցակ­ցութեան մը են­թա­հողի վրայ, բայց եր­կու եր­կիրնե­րու վա­րիչ­ներն ալ ընդմիշտ խու­սա­փած են այդ դրուած­քին նոր լա­րուա­ծու­թիւննե­րու տե­ղի տա­լիք զար­գա­ցումնե­րէն։ Կա­րելի է ըսել թէ դի­ւանա­գիտու­թիւնը ծանր կշռած է քան ար­կա­ծախնդրա­կան ռազ­մա­վարու­թիւննե­րը։

Այս հա­ւասա­րակշռուածու­թեան մէջ իսկ հա­սարա­կու­թեան մօտ նշմա­րելի է որոշ վե­րապա­հու­թիւններ որոնք ծնունդ կառ­նեն դա­ւանան­քա­յին տար­բե­րու­թիւննե­րէ նաեւ։ Շիա Իրա­նի կարգ մը սրբու­թիւննե­րը նշա­նակու­թիւն չու­նին Թուրքիոյ մէջ։ Օրի­նակ մեր նա­խորդ շաբ­թուայ այ­ցե­լու­թեան օրե­րուն կը հան­դի­պէինք մե­ծածա­ւալ սեւ թրո­շակ­նե­րու, որոնք կը խորհրդան­շէին Քար­պա­լայի զո­հերու յի­շատա­կու­մը։ Երե­ւոյթ մը որուն կա­րելի չէ հան­դի­պիլ Թուրքիոյ մէջ։

Պի­տի չվա­րանինք ըսե­լու թէ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մօտ բա­ւակա­նին սխալ հա­մոզումներ կը տի­րեն Իրա­նի հան­դէպ։ Այդ ծի­րէն պէտք է դի­տել նաեւ հա­կաշե­րիաթա­կան շրջա­նակ­նե­րու յա­ճախ դի­մած «Թուրքիա Իրան Պի­տի չըլ­լայ» կար­գա­խօսը։ Հասկնա­լի է Իրա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կի­ներու գլուխնե­րը ծած­կե­լու մա­սին բա­նեցու­ցած ճնշումնե­րուն ընդվզիլ։ Բայց մի­թէ բաղ­դա­տու­թիւն մը կա­տարուա՞ծ է իբ­րեւ թէ տղա­մարդկանց (ան)պա­տուի հա­մար սպա­նած կի­ներու քա­նակին մա­սին։ Պար­տինք ըն­դունիլ թէ ամուսնա­լու­ծուիլ ցան­կա­ցող կնոջ սպա­նու­թիւնը պա­տուէ աւե­լի ան­պա­տուու­թեան խնդիր է եւ շատ աւե­լի յա­ճախա­կի երե­ւոյթ մը Թուրքիոյ հաշ­ւոյն։ Այս եւ տա­կաւին զա­նազան յատ­կութիւննե­րով Իրան­ցի­ներու կող­մէ աւե­լի ար­դար պի­տի ըլ­լայ վան­կարկել «Իրան Թուրքիա պի­տի չըլ­լայ» նա­խադա­սու­թիւնը։

Իսկ դի­տելով պոլ­սա­հայե­րու ներ­կայ վի­ճակը, պարսկա­հայը շատ ու շատ աւե­լի պատ­ճառներ ու­նի նոյն վան­կարկու­մը լիաթոք ար­տա­սանե­լու հա­մար։ Շատ ան­գամ իրո­ղու­թիւննե­րը աւե­լի յստակ տես­նե­լու հա­մար ոչ թէ լու­սարձա­կի, այլ հա­յելիի կը կա­րօտինք։

Հայ Դա­տի կազ­մա­կեր­պած խորհրդա­ժողո­վէ վե­րադար­ձին առա­ջին տպա­ւորու­թիւններն են որ թուղթի կը յանձնուին այսպէս։ սա­կայն հնգօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան մա­սին դեր բա­ւական կու­տա­կում կայ մեր մտքին մէջ որոնց կ’անդրա­դառ­նանք յա­ջորդ յօ­դուած­նե­րով։