Պատրիարքական Տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեան պատրիարքական ընտրութեան փուլերուն մասին տեղեկատուական նամակներ գրեց նախագահ Էրտողանին եւ Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցուած էր Պատրիարքարանի կայքէջէն։ «Ակօս»ի քաղած տեղեկութիւններուն համաձայն նախագահին ղրկուած նամակին մէջ գրուած է Էրտողանին հայ համայնքի խնդիրներուն մօտէն հետեւելու առթած գոհունակութեան մասին։ Յիշուած է փոխ կուսակալ Ազիզ Մերճանի ստորագրութեամբ եկած ֆաքսին տեղապահի ընտրութենէն հազիւ քանի մը վայրեան ետք հասած ըլլալու դրութիւնը եւ ըսուած է թէ ի դէմ պետութեան ոչ մէկ քայլի չէ ձեռնարկուած։ Նոյնպէս ընդառաջելով նախագահի թելադրանքին, Կարգադիր Յանձնախումբի ընտրութիւնը յետաձգուած է 16 Ապրիլի հանրաքուէէն վերջուան թուականի մը։ Նամակին մէջ շեշտուած է պատրիարքական աթոռին թափուր ըլլալու իրողութիւնը եւ ցանկութիւն յայտնուած է բազմադարեան աւանդութիւններու սկզբունքներով նոր ընտրութիւն կատարելու ցանկութիւնը։
Նման բովանդակութիւնով նամակ մըն ալ ուղարկուած է Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Այստեղ եւս նշուած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան նախորդ փորձերը առ ի տեղեկութիւն։