Վաքըֆներէ պատասխանատու վարչապետի փոխանորդ Պիւլենթ Չաւուշօղլու 22 Նոյեմբերին մասնակցած «Խմբագրի Սեղանը» հաղորդումին յայտնեց թէ սխալած են փոքրամասնութիւններու պատկանող կարգ մը կալուածներու գրանցման մէջ։ Այս մասին հասարակութիւնը իրազեկ դարձած էր «Ակօս»ի լրատուութեամբ։ Մարտինի մէջ, երբ գիւղերու իրավիճակը կը փոխուէր եւ որոշ բնակչութենէ նուազ գիւղերը կը դառնային թաղամաս, այդ գիւղերու հասարակապատկան կալուածներն ալ կը փոխանցուէին պետութեան։ Այսպէսով Մարտինի մէջ ասորի համայնքին պատկանող զանազան եկեղեցիներ նախ փոխանցուեցան Պետական Գանձին եւ ապա Կրօնից Տեսչութեան։ Գայթակղութեան յայտնաբերումէն ետք իբրեւ թէ սխալը սրբագրելու պատրուակով այս անգամ ալ այդ կալուածները փոխանցուեցան Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Այդ օրերուն զանազան կառոյցներ գլխաւորութեամբ Կրօնից Տեսչութեան հերքած էին «Ակօս»ի հրատարակութիւնը։ Չաւուշօղլու հաղորդումի միջոցին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները. «եկեղեցիները չենք գրաւած։ Անոնք արդէն փոքրամասնութիւններու պատկանող եկեղեցիներ են։ Սեղանի վրայ առնուած որոշումները դժբախտաբար սխալութիւններու տեղի կրնան տալ։ Այսպէս ասորիներու պատկանող գերեզմանատունն ալ փոխանցուած է Կրօնից Տեսչութեան։ Մենք այժմ, որպէս Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւն եկած ենք այդ սխալները սրբագրելու։ Այժմ Մօր Կապրիէլ Վանքին պատկանող գերեզմանատունը կրկին կը փոխանցենք իրենց»։
Այս յայտարարութիւնը ընելով հանդերձ Չաւուշօղլու խուսափեցաւ փոխանցումին ինչպէս կատարուելուն մասին բացատրութիւններ փոխանցելէ։