Թուրքիոյ Խորհրդարանի մէջ, երբ փլանաւորման եւ պիւտճէի յանձնախումբէ ներս կը քննարկուէր Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան պիւտճէն երեսփոխան Կարօ Փայլան օրակարգի բերաւ Վանի Արտամետ գաւառի մէջ հայկական գերեզմանատան վրայ զուգարան կառուցուելու խնդիրը։ Փայլան ընդվզում յայտնեց ըսելով «իմ նախնիներուս գերեզմանն է այդ տեղը։ Երբ լսեցի չուզեցի հաւատալ եւ անձամբ գացի ստուգելու։ Ինչ մեղք, որ ճիշդ էր։ Հին գերեզմանատան տարածքին վրայ աղօթատեղի, սրճարան եւ զուգարան կառուցած էին։ Վայրի անմիջական հարեւանութեամբ կը գտնուի ուրարտական աւերակներ։ Եկեղեցւոյ մնացորդաց եւ այդ բոլորին վրայ անխղճօրէն կառուցուած զուգարան մը։ Անընդունելի երեւոյթ։ Պէտք է միջամտել»։
Փայլանի այս ելոյթին դէմ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլուշ յայտնեց թէ, արդէն տեղեակ են այդտեղ կատարուածներէն եւ որոշած են Թանգարանի Տնօրէնութեան հսկողութեան ներքեւ 60 օրուայ ընթացքին վերացնել այդ շինութիւնները։
Ի դէմ նախարարի այս յայտարարութեան Արտամետի նշանակուած քաղաքապետը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հաղորդած է, թէ փլուզում մը պիտի չկատարուի։ «Յարգելի համաքաղաքացիներ ամառուայ ամիսներուն միասնաբար բացումը կատարեցինք ծովափնեայ փլաժին։ Նախապէս ըսած էի որ այստեղ գտնուած շինութիւնները անխնամ վիճակի մէջ են եւ որոշած ենք անոնք բարեկարգել։ Մեր այդ աշխատանքը մրոտելու համար զանազան միջամտութիւններ կատարուեցան։ Խեղաթիւրեցին նախարարութեան յայտարարութիւնը։ Ընդամէնը 100 քառակուսի մեթր տարածքի մը ասֆալդապատումի փոխարէն քարահիւս ծածկուելու մասին եղած առարկութիւնը ներկայացուցին որպէս փլուզման որոշում։ Ոչ մէկ բան պիտի փլենք։ Ընդ հակառակը գալ տարի նաւեր, նաւակներ պիտի շրջագայէ այս վայրի մէջ եւ ժողովուրդը պիտի օգտուի բնութեան ընդձեռած գեղեցկութենէն»։