ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
«Շատ մարդիկ փորձեր են օր յելնան Սիփնայ գլուխ, չեն կարողացած, հարի յիրկուն (երեկոյեան) բանձրցեր են, լուսուն զուրանք մէկ լէ սարի տակն են տեսած, չարայ (ճար) չկայ, չեն կարող բանձրնայ ի գլուխ»։
Սիփան, Ծիպան, Սեպուհ, Սիպան, Սիփան սար, Սյուպխան, Սուպխան, Սուփան, Սուփխան, Սուփհան – շատ են Սիփանայ անունները։ Կը կարծեն, որի սկզբանէ Ցիփան եղած է՝ լերան ստորոտում գտնուող Ցիփներ՝ Ցիփանններ գիւղերու անուններէն, սակայն արաբերէնի ու թրքերէնի ազդեցութեան ներքոյ ց-տառը ս-ի փոխուած է։
Սիփանը վեր կը խոյանայ Վանայ լճէն հիւսիս։ Լերան փէշերը հիւսիսում կը տարածուեն մինչեւ Մանազկերտ, հարաւում՝ Վանայ լիճ, արեւմուտքում՝ Արծկէ, արեւելքում՝ Արճեշ։ Ոմանք այն կը նոյնացնեն Ուրարտուի Այադի երկրամասում Ասորեստանեան արձանագրութիւններու մէջ յիշատակած Ուիզուկու լերան հետ։
Հայկական լեռնաշխարհի հինգերորդ ամենաբարձր լեռն է։ Յաճախ կը կարդանք թէ այն երկրորդ կամ երրորդն է՝ 4.434 մ բարձրութեամբ, բայց ինչպէս ցոյց կը տրուի «Հայկական Աշխարհագրական» նախագծի կայքում, այդ տուեալը ստոյգ չէ, եւ իրականէն Սիփանի բարձրութիւնը 4.058 մ կը կազմէ։
Բազմածին ու վայելուչ է Սիփանը։ Կազմուած է թթու լաւաներէն եւ կատարին ունի երեք հանգած հրաբուխ, խառնարանն ունի 150 մ խորութիւն։ Լեռնագագաթը մշտապէս ծածկուած է ճերմակ ձիւնով, ինքը շառաւիղաձեւ մասնատուած է կատարեն իջնող գետահովիտներով ու ձորերով, լանջերը՝ պատուած մարգագետիններով։
Սիփանն անտառներ չունի, փոխարէնը գարունը դեռ չսկսած մինչեւ ուշ աշուն նրա լանջերը փարթամօրէն կը կանաչեն՝ պատուելով հազարագոյն բուրումնաւետ ծաղիկներով։ Փէշերէն կը բխեն բազմաթիւ սառնորակ աղբիւրներ, որոնք կ՚ոռոգեն շրջակայ հողերը։ Ստորոտում կը պսպղան բազմաթիւ փոքր, վճիտ լճակները։
Մշտապէս ձիւնածածկ, կոնաձեւ ու մարգագետիններով պատուած Սիփանը շատ կը նմանի Մասիս լերան, այդու ստացած է նաեւ Երկրորդ Մասիք, Նեխ Մասիք, Նեխ Մասիս, Մասիս, Մասիք, Մասյաց լեռ եւ Մասիսը յիշեցնող նմանատիպ այլ անուններ։
Աւանդութիւնը կ՚ըսէ թէ Նոյը նախ Սիփանայ վրայ կանգ կ՚առնէ, բայց վերջինս դիմեց Նոյին եւ խնդրեց, որ նա իր տապանով գնայ հսկայ Մասիս լերան գագաթին կանգնի։ «գնա՛ Մասիս, որ բարձր է, քան զիս»։ Ինչպէս գիտենք, Նոյն այդպէս էլ արել է։
Եւ ինչպէս Մասիսը, Սիփանայ գագաթը բարձրանալ նոյնպէս անհնար էր, զի սուրբ լեռ է։ Շատերը կը փորձէին, բայց ամէն երեկոյ կը բարձրանային լեռն ի վեր, իսկ առաւօտ լոյսին յանկարծակի կը յայտնուէին լերան ստորոտում։
Այսպէս անգամ մը Շէխաղուպայ փաշոյի Վարդանի հայր Մանուկը, որ շատ սրտոտ ու քաջ մարդ կ՚երեւար, կը յայտնէ որ ինք անպատճառ Սիփանայ գագաթը կը գրաւէ։ Կ՚առնէ իր զէնքերը եւ առաւօտ կանուխ կ՚երթայ, կը բարձրանայ սարն ի վեր, մութը որ կ՚ընկնի, կը պարկէ սարի լանջին՝ քունն առնելու, առաւօտեան կ՚արթննայ՝ կը տեսնէ, որ նորէն սարի ստորոտին է։ Շատ կը տանջուի, բայց ամէն անգամ վերջը նոյնը կ՚ըլլայ։
Օր մըն ալ սարի փէշին քարայրի մը ռաստ կու գայ, կը մտնայ այնտեղ, Աստուած գիտէ որքան կ՚երթայ, յանկարծ մեծ ու շէն քաղաք կը տեսնէ։ Առաջ կու գայ, կը տեսնէ «քաղաք կայնուկ, տներ, քօշկ ու սարէք յըմեն սաղ սալամա՜թ»։ Այնքան գեղեցիկ էին քաղքի տներն ու պալատները, կարծես որմնադիրները հէնց նոր էին աւարտել իրենց գործը։
Մանուկ կը մօտենայ քաղաքի շուկային, ուր բազմաթիւ դուքաններ, կրպակներ՝ լի տեսակ-տեսակ բարիքներով, առջեւը կանգնած վաճառականներով։ Մանուկ չամիչ կ՚ուզէ առնել, վաճառականի մը կը մօտենայ, կ՚ըսէ «քառսուն փարի չամիչ տուր», ամմա ձայն չկայ։ Մանուկ ձեռք կու տայ վաճառականին, սա տեղնուտեղը հօդս կը ցնդի, ձեռք կու տայ չամիչին, սա էլ կը փոշիանայ։
Ինչ աներ Մանուկ, հազիւ մէկ կեռ գլուխ փայտ կը յափշտակէ ու «հազար ափսո՜ս» ըսելով՝ նեղ կածանով դուրս կու գայ շէն ու պոլ քաղքէն։ Ճամբին մէկ այլ քարայր կը հանդիպի, ներս կը մտնայ ու ի՞նչ՝ 8 թիզ երկարութեամբ, 4 թիզ լենքով մարդու ոտնահետքեր կը տեսնայ, յետոյ՝ գետ մը։ Յանկարծ կեռգլուխ փայտը գետը կ՚ընկնայ ու Մանուկ քոռ ու փոշման տուն կը դառնայ։
Շաբաթ մը չի անցնէ, Մանուկ կսկծու կը հիւանդնայ մեռնի։ Արդէն յետոյ մարդիկ կ՚իմանան որ Մանուկի կեռ գլուխ փայտը Մանձկերտու առաջ Սնջանայ առուի մէջ ջրաղացպան մը գտած է, մէջը՝ լիքը ոսկի։
Գուցէ Մանուկ դեւերու առասպելական քաղա՞քը տեսած է։ Չէ՞ որ առաջ, շատ առաջ Սիփանայ կող, շէն ու բէն, Դեւերու ձեռքի տակ, կռապաշտոց մեծ քաղաք եղած է։ Քաղաքի բնակիչներ շատ անաստուած ու բռնաւոր կեղնին, ուստի Աստուած կ՚անիծէ անոնց, քաղաք անմիջապէս մոխիր կեղնի, սարի գագաթին էլ ձիւնը 12 ամիս չի պակսի…