Պատմութեան նոր լուսաբացներ

Իւրա­­քան­­չիւր ան­­գամ ու­­րա­­­խու­­թեան ալիք մը կը պա­­տէ մեզ, երբ կը ծա­­նօթաց­­նենք «Արաս» հրա­­տարակ­­չութեան նոր մէկ գոր­­ծը։ Մօտ ան­­ցեալին Իս­­թանպու­­լի գիր­­քի փա­­ռատօ­­նի նա­­խօրեակին անդրա­­դար­­ձած էինք շարք մը նոր գոր­­ծե­­­րու մա­­սին։ Այդ օրե­­րուն իսկ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը կ՚աւե­­տէր, թէ մա­­մու­­լի տակ է նոր գիր­­քեր, որոնք շու­­տով կը տրա­­մադ­­րուին ըն­­թերցող­­նե­­­րուն։ Ահա այ­­սօր անոնցմէ եր­­կուքը ար­­դէն լոյս տե­­սած են։

«Դաշ­­նակներ եւ Իթ­­թա­­­հատա­­կան­­ներ» ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը շատ կա­­րեւոր նիւ­­թի մը վեր­­լուծումն է, տրուած ըլ­­լա­­­լով որ այս եր­­կու կու­­սակցու­­թիւննե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը խո­­րապէս ազ­­դած են մեր պատ­­մութեան եւ ու­­նե­­­ցած են ճա­­կատագ­­րա­­­կան դե­­րակա­­տարու­­թիւն։ Տիգ­­րան Մես­­րոպ Գա­­լիկեանի այս ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը ու­­նի յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն մը եւս, քա­­նի որ ան մեզ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ առա­­ջին ան­­գամ հրա­­տարա­­կուած բազ­­մա­­­թիւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան տուեալ։ Գա­­լիկեան այս նիւ­­թով բա­­զում հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու հե­­ղինակն է եւ կը կա­­տարէ «Ար­­մէ­­­նիան Ռըվ­­յու» պար­­բե­­­րակա­­նի խմբագ­­րի պաշ­­տօ­­­նը։ Ան դա­­սախօս է նաեւ Ուոր­­չիստըր հա­­մալ­­սա­­­րանի պատ­­մութեան բաժ­­նին մէջ։

«Արաս»ի հրա­­տարա­­կած երկրորդ գիր­­քը իրա­­կանու­­թեան մէջ շար­­քի մը նոր օղակն է, քա­­նի որ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը մի­­ջոցէ մը ի վեր լոյս կ՚ըն­­ծա­­­յէ պատ­­մա­­­բան Ռի­­չարտ Յով­­հաննի­­սեանի շատ կա­­րեւոր ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը՝ հայ­­կա­­­կան քա­­ղաք­­նե­­­րու պատ­­մութիւ­­նը։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ անուանի գիտ­­նա­­­կանի տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին կա­­տարած դա­­սախօ­­սու­­թիւննե­­րէն պատ­­րաստուած այս շար­­քը նա­­խապէս մեզ ներ­­կա­­­յացուց Բա­­ղէշ-Մուշի ի եւ Վա­­նի պատ­­մութեան ձօ­­նուած ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը։ Այս ան­­գամ Յով­­հաննի­­սեան կը քննար­­կէ հայ իրո­­ղու­­թեան մի այլ շատ կա­­րեւոր կեդ­­րո­­­նը՝ Խար­­բերդը։ Այս մա­­սին կա­­տարած հա­­ղոր­­դագրու­­թեան մէջ «Արաս» հրա­­տարակ­­չութիւ­­նը կը նշէ նաեւ շար­­քի յա­­ջորդ գիր­­քե­­­րը, որոնք են՝ Էրզրում, Սե­­բաս­­տիա, Տիար­­պէ­­­քիր եւ Եդե­­սիա, Կի­­լիկիա, Սեւ Ծո­­վեան շրջան, Իս­­թանպուլ, Կարս եւ Անի, Զմիւռնիա, Կե­­սարիա եւ Կա­­պատով­­կիա, Փոքր Ասիա, Մու­­սա Լեռ։

Ինչպէս կը տես­­նուի շար­­քի ամ­­բողջա­­ցու­­մով մեր գրա­­դարան­­նե­­­րը պի­­տի ու­­նե­­­նան հա­­յոց բնաշ­­­խարհի եւ ապ­­­րած վայ­­­րե­­­­­­­րու մա­­­սին լիակա­­­տար հա­­­տոր մը։

Իր հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան սկսած օրէն ցայսօր «Արաս» կը ձգտի շատ կա­­­րեւոր բաց մը լրաց­­­նել մեր իրո­­­ղու­­­թեան մէջ եւ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել այն թան­­­կա­­­­­­­գին աւան­­­դը, որ օժ­­­տեց մեր մտքի զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մին մին­­­չեւ Մեծ Աղէ­­­տի տա­­­րինե­­­րուն։ Ոչ միայն հրա­­­տարակ­­­չութիւ­­­նը, այլ ամ­­­բողջա­­­կան կեր­­­պով մտքի զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մը կանգ առած էր կար­­­ծես 1915 տխուր թուակա­­­նով եւ այ­­­սօր այդ հան­­­գած կրա­­­կի մո­­­խիր­­­նե­­­­­­­րը կրկին բո­­­ցավա­­­ռուած են շնոր­­հիւ նուիրեալ գոր­­ծիչնե­­րու, կամ ալ այս օրի­­նակով եթէ ըսենք՝ հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րու, խմբա­գիր­նե­րու, հե­ղինակ­նե­րու ջանքերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ