Լիբանանի Վերջին Զարգացումներն Ու Անոնց Նշանակութիւնը Շրջանային Յարաբերութիւններու Լոյսին Տակ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմ­բեր 2016-ին, Լի­բանա­նի Խորհրդա­րանը Դի­մադ­րութեան ճամ­բա­րի՝ 8 Մար­տի ու­ժե­րէն Ազ­գա­յին Ազատ Հո­սանք Կու­սակցու­թեան ղե­կավար զօ­րավար Մի­շէլ Աու­նը ընտրեց Լի­բանա­նի հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ՝ այդպի­սով վերջ տա­լով 2,5 տա­րուան նա­խագա­հական թա­փուր դրու­թեան։ Եր­կու օր ետք, չո­րեք­շաբթի, 2 Նո­յեմ­բեր եւ հինգշաբ­թի 3 Նո­յեմ­բեր 2016-ին Պաապ­տա­յի նա­խագա­հական պա­լատին մէջ երես­փո­խանա­կան պլոք­նե­րուն հետ տե­ղի ու­նե­ցած վար­չա­պետի նշա­նակ­ման պար­տա­դիր խորհրդակ­ցութիւննե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք երկրի վար­չա­պետ ընտրուեցաւ Դի­մադ­րութեան հա­կառա­կորդ ճամ­բա­րի՝ 14 Մար­տի ու­ժե­րէն Մուսթաք­պալ հո­սան­քի ղե­կավար Սաատ Հա­րիրին, որ կազ­մեց ազ­գա­յին միաս­նա­կանու­թեան կա­ռավա­րու­թիւն մը։

Լի­բանա­նեան կա­ռավա­րու­թիւնը անցնող մէկ տա­րուան ըն­թացքին խորհրդակ­ցութիւննե­րու, եր­կխօ­սու­թեան եւ քննար­կումնե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք եւ փո­խադարձ զի­ջումնե­րու հի­մամբ որ­դեգրեց ընտրա­կան նոր օրէն­քը, կա­տարեց թա­փուր մնա­ցած պե­տական պաշ­տօննե­րու նշա­նակումներ, ինչպէս նաեւ որ­դեգրեց պե­տական մար­զի պաշ­տօ­նեանե­րու աշ­խա­տավար­ձե­րու յա­ւել­ման օրէն­քը։ Քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ տի­րող դրա­կան մթնո­լոր­տը իր ար­ձա­գան­գը ու­նե­ցաւ ապա­հովա­կան գետ­նի վրայ. Լի­բանա­նեան բա­նակը յա­ջողե­ցաւ Ռաս Պաալ­պա­քի եւ Քաայի բար­ձունքնե­րէն վտա­րել ՏԱԻՇ-ի զի­նեալ­նե­րը՝ այդպի­սով ամ­բողջաց­նե­լով Ար­սա­լի բարձրունքնե­րէն Ժապ­հաթ Նուսրա­յի զի­նեալ­նե­րու վտար­ման Հըզ­պալլա­յի կա­տարած քայ­լը։

Այս բո­լորը լի­բանան­ցի­ներուն մօտ ստեղ­ծեց երկրի քա­ղաքա­կան ու ապա­հովա­կան կեան­քի բնա­կանո­նաց­ման եւ ապա­գայի նկատ­մամբ լա­ւատե­սու­թեան մթնո­լորտ մը։ Հարկ է նշել, որ այս զար­գա­ցումնե­րը ար­դիւնք էին «բա­րեն­պաստ» ազ­դա­կի մը. մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նային ու­ժե­րը չէին ու­զեր, որ շրջա­նին մէջ տի­րող դժուար կա­ցու­թեան մէջ յա­ւելեալ գլխա­ցաւ մը ստեղ­ծուի՝ իրո­ղու­թիւն մը, որուն իբ­րեւ ար­դիւնք Լի­բանա­նը վե­րածուեցաւ շրջա­նային փո­թոր­կոտ ով­կիանո­սին մէջ կա­յու­նութեան կղզիի մը, ուր հար­ցե­րը կը լու­ծուին եր­կխօ­սու­թեամբ, հան­դարտու­թեամբ եւ փո­խադարձ զի­ջու­մի սկզբունքի հի­մամբ։ Իրա­պէս ալ Լի­բանա­նի եռա­պետե­րը՝ նա­խագա­հը, խորհրդա­րանի նա­խագահն ու վար­չա­պետը անցնող մէկ տա­րուան ըն­թացքին յա­ջողե­ցան ակա­նազեր­ծել դժուարու­թիւննե­րը եւ տա­րակար­ծութիւննե­րը, չէ­զոքաց­նել ու մե­կու­սացնել խնդրա­յարոյց տի­պար­նե­րը եւ ներ­քին կա­յու­նութեան պահ­պանման հա­մար՝ «ինքզինք զանց կա­ցու­ցե­լու» քա­ղաքա­կանու­թիւն որ­դեգրե­լով Լի­բանա­նը հե­ռու պա­հել շրջա­նային ու մի­ջազ­գա­յին առանցքնե­րու պայ­քա­րէն։

Ներ­լի­բանա­նեան դրա­կան զար­գա­ցումնե­րը պայ­մա­նաւո­րուած էին մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նային ու­ժե­րու հա­մար ՏԱԻՇ-ի դէմ պայ­քա­րի առաջ­նա­հերթ ըլ­լա­լու իրո­ղու­թեամբ։ Ան­գամ մը, որ հա­ւատադրժո­ղական այդ խմբա­ւոր­ման պար­տութիւ­նը դար­ձաւ մօ­տալուտ ու հաս­տատ, պայ­մաննե­րը փո­խուե­ցան եւ մրցա­կից ճամ­բարնե­րը սկսան ո՛չ միայն հե­տաքրքրուիլ, մտա­ծել ու խօ­սիլ, այլ նաեւ գործնա­կան քայ­լե­րու ձեռ­նարկել մինչ այդ դա­րակը նե­տուած կամ ան­տե­սուած հին ու նոր հար­ցե­րու նկատ­մամբ։ Այս առու­մով բե­կումնա­յին եղաւ Իրա­քի Քրտա­կան ինքնա­վար մար­զի ան­կա­խու­թեան ուղղու­թեամբ կա­տարած քայ­լը, որ ու­շադրու­թիւնը շե­ղեց ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րէն, որ­մէ իրա­ւամբ զգու­շա­ցու­ցած էր ամե­րիկեան կող­մը։

Իրա­քի Քրտա­կան Ինքնա­վար Մար­զի իշ­խա­նու­թիւննե­րու 25 Սեպ­տեմբեր 2017-ին մար­զի Իրա­քէն ան­ջատման շուրջ հան­րա­քուէ կա­տարե­լու մտադ­րութիւնն ու քայ­լը ար­ժա­նացաւ գրե­թէ բո­լոր եր­կիրնե­րու մեր­ժումին։ Հան­րա­քուէին դէմ չէին միայն Իս­րա­յէլը, որ բա­ցայայ­տօ­րէն յայ­տա­րարեց ու կը շա­րու­նա­կէ յայ­տա­րարել իր զօ­րակ­ցութիւ­նը, Սէու­տա­կան Արա­բիան, որ ծա­ծուկ կեր­պով զօ­րակ­ցե­ցաւ, եւ Միացեալ Նա­հանգնե­րը, որոնք քիւրտե­րու ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքին սկզբունքով հա­մաձայն ըլ­լա­լով հան­դերձ հրա­պարա­կաւ կոչ ուղղե­ցին՝ զայն յե­տաձ­գե­լու։ Այս երեք եր­կիրնե­րու հա­սարա­կաց նպա­տակը ստեղ­ծումն էր քրտա­կան պա­տուա­րի մը, որ ար­գելք պի­տի հան­դի­սանար Իրա­քէն ու Սու­րիայէն անցնե­լով մին­չեւ Իս­րա­յէլի սահ­մա­նակից հա­րաւա­յին Լի­բանան հաս­նող իրա­նեան մի­ջանցքի մը ստեղծման։ Հան­րա­քուէն չբե­րաւ քիւրտե­րուն սպա­սած ար­շա­լոյ­սը, այլ լրջօ­րէն վտան­գեց նշեալ մար­զի ինքնա­վարու­թիւնը եւ Սու­րիոյ մէջ իսկ քիւրտե­րուն ու­նե­ցած ձեռքբե­րումնե­րը։ Ար­դա­րեւ, այդ հան­րա­քուէն ստեղ­ծեց քիւրտե­րուն հա­մար մա­հաբեր Իրաք-Իրան-Թուրքիա մեր­ձե­ցում մը։ Աւե­լին, Աս­թա­նայի միջ­սուրիական եր­կխօ­սու­թեան ժո­ղովի ծի­րին մէջ գո­յացած Ռու­սիա-Իրան-Թուրքիա մեր­ձե­ցու­մը վեր­ջի­նիս ար­տօ­նեց մուտք գոր­ծել հիւ­սի­սային Սու­րիոյ Իտ­լիպ նա­հանգ՝ այդպի­սով մե­կու­սացնե­լու Սու­րիոյ հիւ­սիս արեւմտեան քրտաբ­նակ Աֆ­րին քա­ղաքը եւ Իրա­քէն Մի­ջերկրա­կան ծով եր­կա­րող քրտա­կան մի­ջանցքին ճամ­բան փա­կելու։

Քրտա­կան գոր­ծօ­նին հա­մար ստեղ­ծուած բա­ցասա­կան կա­ցու­թիւնը հա­կակշռե­լու հա­մար քիւրտե­րու հո­վանա­ւոր՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րը ան­մի­ջապէս ձեռ­նարկե­ցին հա­կաքայ­լե­րու՝ թի­րախ դարձնե­լով Իրա­նի հո­վանա­ւորու­թիւնը վա­յելող Հըզ­պալլան։ Ահա թէ ին­չու ան­ցեալ ամ­սուան վեր­ջա­ւորու­թեան ամե­րիկեան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նատար­ներ սկսան խիստ յայ­տա­րարու­թիւններ կա­տարել Հըզ­պալլա­յի դէմ։ Միացեալ Նա­հանգնե­րու փոխ­նա­խագահ Մայք Փենս յայ­տա­րարեց. «Հըզ­պալլան ահա­բեկ­չա­կան խմբա­ւորում մըն է եւ ահա­բեկ­չութեան հիմ­նա­կան հո­վանա­ւոր Իրա­նի մէկ մաս­նա­ճիւ­ղը»։ Միացեալ Նա­հանգնե­րու ազ­գա­յին ապա­հովու­թեան խորհրդա­տու զօր. Հըր­պըրթ Մաք­մասթըր յայ­տա­րարեց. «Կը կար­ծեմ, որ Միացեալ Նա­հանգներն ու Հըզ­պալլան կ՚ուղղուին դէ­պի դի­մակա­յում»՝ աւելցնե­լով. «Մե­զի եւ բո­լոր եր­կիրնե­րուն հա­մար կա­րեւո­րագոյ­նը Հըզ­պալլա կո­չուած ախ­տը դի­մակա­յելն է»։ Քա­նի մը ժամ ետք Միացեալ Նա­հանգնե­րու Քոնկրէ­սի Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տու­նը Իրա­նի եւ Հըզ­պալլա­յի դէմ նոր պատ­ժա­միջոց­ներ որ­դեգրեց։

Միւս կող­մէ՝ Սու­րիոյ բա­նակն ու անոր դաշ­նա­կից­նե­րը՝ առա­ջին հեր­թին Հըզ­պալլան յա­ջողե­ցան ազա­տագ­րել Տէր Զօ­րը, ինչպէս նաեւ Իրա­քի սահ­մա­նակից Պու­քա­մալ քա­ղաքը։ Ատոր զու­գա­հեռ՝ իրա­քեան բա­նակն ու շիինե­րէ կազ­մուած աշ­խարհա­զօրը յա­ջողե­ցան ազա­տագ­րել Քա­յեմ քա­ղաքը։ Սու­րիոյ եւ Իրա­քի բա­նակ­նե­րու սահ­մա­նին վրայ իրա­րու հան­դի­պու­մով իրո­ղու­թիւն դար­ձաւ Իրա­նէն Լի­բանան եր­կա­րող իրա­նեան մի­ջանցքը, ինչ որ ու­ժեղ հա­րուած մըն էր ամե­րիկեան ճամ­բա­րին հա­մար։ Վեր­ջիններս բնա­կանա­բար ձեռ­նա­ծալ չմնա­ցին եւ այժմ փորձ կը կա­տարեն հա­րուա­ծելու այդ մի­ջանցքի վեր­ջին օղա­կին՝ Լի­բանա­նի կա­յու­նութիւ­նը՝ մեկ­նե­լով իրենց այն հա­մոզու­մէն, որ Լի­բանան կը գտնուի Հըզ­պալլա­յի՝ իմա Իրա­նի տի­րապե­տու­թեան տակ։

Լի­բանա­նի վար­չա­պետ Սաատ Հա­րիրի չո­րեք­շաբթի, 1 Նո­յեմ­բե­րին Սէու­տա­կան Արա­բիայէն Լի­բանան վե­րադառ­նա­լով յայ­տա­րարեց, թէ Սէու­տա­կան Արա­բիան նա­խան­ձախնդիր է Լի­բանա­նի կա­յու­նութեան, սա­կայն 48 ժամ ետք, հե­ռաձայ­նա­յին հա­ղոր­դակցու­թիւն մը ստա­նալէ եւ Իրա­նի գե­րագոյն հո­գեւոր պե­տի մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րու խորհրդա­տու Ալի Աք­պար Վի­լայե­թիի հետ հան­դի­պու­մէն ետք դար­ձեալ վե­րադար­ձաւ Ռիատ, ուրկէ ալ շա­բաթ, 4 Նո­յեմ­բե­րին Իրա­նի եւ Հըզ­պալլա­յի դէմ կարծր կե­ցուածքներ ար­տա­յայ­տե­լէ եւ իրեն դէմ մա­հափոր­ձի վար­կա­ծի մը ակ­նարկե­լէ ետք, յայ­տա­րարեց իր հրա­ժարա­կանը՝ անակնկա­լի մատ­նե­լով բո­լոր լի­բանան­ցի­ները, որոնց մտքե­րուն մէջ յա­ռաջա­ցան եր­կու հար­ցումներ. առա­ջին՝ թէ իրենց վար­չա­պետը ին­չո՞ւ իր հրա­ժարա­կանը յայ­տա­րարեց Սէու­տա­կան Արա­բիայէն եւ ոչ թէ լի­բանա­նեան աւան­դութեան հա­մաձայն, նա­խագա­հին հետ հան­դի­պելէ ետք Պաապ­տա­յի պա­լատէն, եւ երկրորդ՝ անցնող մէկ տա­րուան ըն­թացքին Լի­բանա­նի մէջ տի­րած քա­ղաքա­կան հա­մերաշ­խութեան լոյ­սին տակ, ինչպէ՞ս կա­րելի է բա­ցատ­րել վար­չա­պետի հրա­ժարա­կանի քայ­լը։ Այդ հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նը պէտք է փնտռել Ռիատի մէջ։

Մինչ Դի­մադ­րութեան ճամ­բա­րի ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թիւննե­րուն դի­մաց Ուա­շինկթը­նի կա­տարած հա­կաքայ­լը հա­ւասա­րակշռուած էր եւ կը սահ­մա­նափա­կուէր Հըզ­պալլա­յի դէմ նոր պատ­ժա­միջոց­նե­րու հաս­տա­տու­մով, Սէու­տա­կան Արա­բիան շրջա­նին մէջ իր կրած կո­րուստնե­րուն եւ Եմէ­նի դէմ պա­տերազ­մին մէջ ար­ձա­նագ­րած ձա­խողու­թե­նէն ջղա­գարուած Եմէ­նի հու­սի­ներուն կող­մէ Ռիատի մի­ջազ­գա­յին օդա­կայա­նին դէմ ար­ձա­կուած թե­ւաւոր հրթի­ռի դէպ­քը շա­հագոր­ծեց եւ իր ան­հա­մաչափ հա­կազ­դե­ցու­թեամբ՝ վտան­գեց Լի­բանա­նի կա­յու­նութիւ­նը՝ բան մը, որ կը մեր­ժեն ամե­րիկեան եւ եւ­րո­պական կող­մե­րը։

Իսկ ճիշդ ի՞նչ կ՚ու­զէ Սէու­տա­կան Արա­բիան, որ վար­չա­պետ Հա­րիրիի հրա­ժարա­կանէն քա­նի մը օր առաջ նոյ­նինքն վար­չա­պետ Հա­րիրիի վկա­յու­թեամբ կը յայ­տա­րարէր, թէ նա­խան­ձախնդիր է Լի­բանա­նի կա­յու­նութեան։ Սէու­տա­կան Արա­բիոյ Ծո­ցի եր­կիրնե­րու հար­ցե­րու պե­տական նա­խարար Թա­մեր Սապ­հան 6 Նո­յեմ­բե­րին «Արա­պիյա» պատ­կե­րաս­փիւռի կա­յանին հետ հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին կա­տարեց շարք մը յայ­տա­րարու­թիւններ՝ ինչպէս «Սէու­տա­կան Արա­բիա քա­ղաքա­կան եւ այլ բո­լոր մի­ջոց­նե­րը պի­տի որ­դեգրէ՝ Հըզ­պալլա­յին դի­մադ­րե­լու նպա­տակով։ Լի­բանա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը պի­տի նկա­տենք պա­տերազ­մի յայ­տա­րարու­թեան կա­ռավա­րու­թիւն՝ Հըզ­պալլա­յի պատ­ճա­ռով»։ Ան տո­ղատա­կի սպառ­նա­լով շեշ­տեց, որ լի­բանան­ցի­ները խա­ղաղու­թեան կամ Հըզ­պալլա­յի հո­վանիին մի­ջեւ ընտրու­թիւն պէտք է կա­տարեն, եւ «լի­բանան­ցի­ներն են, որոնք պի­տի որո­շեն, թէ Սէու­տա­կան Արա­բիոյ հետ հար­ցե­րը ինչպէ՛ս պի­տի լու­ծուին»։

Այս յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն մեկ­նե­լով կա­րելի է եզ­րա­կաց­նել, թէ Ռիատի պա­հան­ջը կազ­մութիւնն է լի­բանա­նեան նոր կա­ռավա­րու­թեան մը, որուն մաս չկազ­մէ երկրի մե­ծագոյն ըն­կե­րային ու քա­ղաքա­կան ու­ժե­րէն մէ­կը եղող Հըզ­պալլան, ինչպէս նաեւ լի­բանա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ անոր սան­ձումը։ Իսկ այն իրո­ղու­թիւնը, որ Լի­բանա­նի վե­րաբե­րեալ այդ յայ­տա­րարու­թիւննե­րը կա­տարո­ղը Ծո­ցի հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նատու մըն է՝ ցոյց կու տայ, որ Հըզ­պալլա­յէն ան­դին թի­րախը Իրանն է, բան մը, որ ան բա­ցայայտ դար­ձուց երբ պնդեց, թէ Լի­բանա­նը առե­ւան­գուած է Հըզ­պալլա­յի եւ Իրա­նի կող­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ