ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
16եւ 17 Նոյեմբեր թուականներուն Թեհրանի մէջ կայացաւ «Հայ Դատն Այսօր» 13-րդ խորհրդաժողովը։ «ՀՈՒՍԿ» Հայկական Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ «Միջազգային Յարաբերութիւններու Իրանական Կեդրոն»ի համագործակցութեամբ ժողով մը եւս կայացաւ 15 Նոյեմբեր չորեքշաբթի օր, որ նիւթ կ՚ունենար տարածաշրջանի աշխարհագրական ու քաղաքական նոր իրադարձութիւններու քննարկման հեռանկարով։ Այս ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին բացի հայ վերլուծաբաններէ պարսիկ քաղաքական եւ ակադեմական շրջանակներէ մասնագէտներ։ Անոնք կը վերլուծեն հարաւ Կովկասեան եւ միջին արեւելեան զանազան զարգացումները յատկապէս ծանրանալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումը խափանող գործօններու եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ տեղի ունեցած անկախ Քիւրտիստանի հեռանկարով հանրաքուէի հետեւանքներուն շուրջ։ Այստեղ ուշադրութիւնը կը խտանար գերհզօր պետութիւններու ունեցած դերակատարութեան վրայ։ Այդ դերակատարութիւնը հետզհետէ կը սպառնար Իրանի եւ Լիբանանի նման համեմատաբար համերաշխ երկիրներու անդորրին։
Ատենախօսներու զեկոյցները շնորհիւ հայերէնէ-պարսկերէն կամ պարսկերէնէ-հայերէն թարգմանութեան դրութիւնով հասանելի դարձաւ բոլոր ներկաներուն։
Խորհրդաժողովի այս նիստը կայացաւ «Արարատ» մարզաւանի դահլիճին մէջ, ուր հնչեց Իրանի հիմնը եւ յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Քերմանշահ նահանգի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։
Յաջորդ օր 16 Նոյեմբերին յետմիջօրէին մեկնարկեց «Հայ Դատն Այսօր» խորհրդաժողովը, ուր բարցման զեկոյցներ արտասանեցին Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգսեան, Թեհրանի Հայ Դատի Գրասենեակէն Իսիկ Իւնանիսեան, Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն Պետօ Տեմիրճեան եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակէն Կիրօ Մանոյեան։
Այդ օրուայ առաջին ասուլիսի զեկուցողներն էին՝ Կիրօ Մանոյեան եւ Հենրիկ Խալոյեան, որոնք իրենց տեսութիւնները ներկայացուցին «Հայ Դատի եւ հայոց պահանջատիրութեան այժմեան փուլը 100 ամեակից յետոյ, մարտահրաւէրներ եւ հեռանկարներ» ընդհանուր խորագրի ներքեւ։ Իսկ երկրորդ նիստին քննարկուեցաւ «Գերտէրութիւններու եւ տարածաշրջանային խաղաղցողներու դերակատարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական հեռանկարի մէջ» ընդհանուր խորագրով։ Այստեղ ելոյթ ունեցան Իրանի Խորհրդարանի մէջ պաշտօնավարող հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի դասախօս Վահրամ Պետրոսեան։ Վահրամ Պետրոսեան մասնագիտութեամբ քրտագէտ է եւ կը տիրապետէ վերջին տարիներուն ալ աւելի ուշադրութեան արժանացած քրտական խնդրի մանրամասնութիւններուն։
Տրուած ըլլալով, որ ուրբաթը որպէս պաշտամունքի օր ոչ աշխատանքային է ամբողջ Պարսկաստանի տարածքին։ 17 Նոյեմբերի նիստը մօտ 40 վայրկեան ուշացոմով սկսաւ։ Այս օրուայ զեկուցողներն էին Գրիգոր Ղազարեան եւ Բագրատ Էսդուգեան, որոնք արտայայտուեցան «Որտեղ է կանգնած եւ դէպի ուր կ՚երթայ Թուրիքան այսօր» խորագրի սահմաններով։ Իրաւ ալ Թուրքիա իր յարափոփոխ քաղաքական դիրքորոշումով անկայունութեան կարեւոր գործօն մը դարձած է Միջին Արեւելքի եւ ինչու չէ Հարաւ Կովկասի սահմաններէն ներս։
Ամբողջ խորհրդաժողովի թերեւս կարեւորագոյն նիւթերէն մէկն էր «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն. հնարաւոր զարգացումներ, պատերազմի վտանգ» խորագիրը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի փոխ նախագահ Վահրամ Բալայեան։
«Հայաստանը Բեւեռներու Միջեւ. ԵՄ, թէ՞ ԵԱՏՄ»։ Ահաւասիկ եւս շատ կարեւոր եւ այժմէական խորագիր մը, քանի որ այս օրերուն անգամ մը եւս կ՚ալեկոծէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային քաղաքականութեան օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է Հայաստանի մէջ որոշ համոզում մը կը միտի դէպի արեւմտեան աշխարհ մերձենալ, որպէսզի երկրէ ներս հաստատուի Եւորպայի մէջ ծաւալած եւ հետզհետէ համաշխարհային ընդունելութիւն գտած որոշ հասկացողութիւններ։ Յատկապէս քաղաքացիական իրաւունքները երաշխաւորող յատկութիւն մը կը տեսնուի արեւմտեան ազդեցութեան հետեւանքով։ Մինչ այդ ռուսերէնը որպէս մշակոյթ բաւական խոր արմատներ ունի Հայաստանի հասարակութեան մօտ, քանի որ ժողովուրդը ռուսերէնով եւ Մոսկուայի միջոցաւ կը կապուի համաշխարհային բոլոր ընկալումներուն։ Միւս կողմէ կայ շատ ազդեցիկ երկրորդ մերձեցում մը, որ մանաւանդ անվտանգութեան մտահոգութիիւններով կապուած է Ռուսաստանի եւ վերապահութեամբ կը մօտենայ այդ ազդեցութենէն հեռանալ ձգտող բոլոր առաջարկներուն։ «Կլոպալ» վերլուծական կեդրոնի նախագահ Ստեփան Գրիգորեան արտայայտուեցաւ այս դժուարին նիւթին շուրջ՝ շեշտելով թէ կարելի է որոշ հաւասարակշռութիւններ ապահովելով, թէ մերձենալ ԵՄ-ի եւ թէ Եւրասիօ տնտեսական միութեան կազմին մէջ մնալ։ «Հայաստանը այս երկուքին միջեւ կամուրջ մը կազմելու կարողութիւնը եւ լծակները ունի» եզրակացուց Գրիգորեան։
Լիբանանէն ժամանած Վահրամ Էմմիեան խիստ բովանդակալից կերպով նկարագրեց Միջին Արեւելքի ճգնաժամին Լիբանանի եւ Իրանին սպառնացող զարգացումները։ Էմմիեանի զեկոյցը նոյնպէս ժամանակակից բնոյթ ունէր, քանի որ կը վերլուծէր նոյնիսկ այս օրերու տակաւին շարունակուող զանազան դէպքերը։ (Վահրամ Էմմիեանի այս ուշագրաւ զեկոյցը ամբողջութեամբ արտատպուած է թերթիս Բ. էջին մէջ)։
Կլոր սեղան
Համագումարի վերջին նիստը կանխատեսուած էր կլոր սեղանի դրութեամբ։ Այստեղ ժողովավար Արամ Շախնազարեան շատ ճկուն եւ ուշիմ եղանակով հարցումներ ուղղեց կլոր սեղանի մասնակիցներ Կիրօ Մանոյեան, Կարէն Խանլարեան, Վահրամ Պետրոսեան, Ստեփան Գրիգորեան, Բագրատ Էսդուգեան եւ Արմէն Իսրայէլեանին։ Ժողովը բնութագրող խորագիրը ներկայացուած էր «Անկախ Քիւրտիստան, տարածաշրջանային քարտէզի փոփոխութիւն, դրանց ազդեցութիւնը Հայ Դատի հոլովոյթի վրայ» ձեւով։ Այս ընդհանուր խորագրի ներքեւ քննարկուեցաւ՝
-Միացեալ, անկախ Քիւրտստանի ստեղծման հեռանկարները ու հնարաւորութիւնները։
-Դրա հնարաւոր ազդեցութիւնը դրական կամ բացասական ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ։
-Այս գործընթացն ինչպէ՞ս պէտք է դիտարկենք Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի համատեքստում։
Այս նիստով եզրափակուած եղաւ եռօրեայ ծանրաբեռնուած աշխատաժողով մը, որ մեծ յաջողութեամբ գլուխ հանեց Թեհրանի Հայ Դատի կազմը։ Որքան որ այս խորագիրով կը գործեն աշխարհացրիւ յանձնախումբեր, Թեհրանի կազմը յանձնախումբի մը սահմանումէն բաւական վեր է իր յարմարութիւններով։ Այս երեւոյթին ետին կայ թեհրանահայութեան հսկայ պատմական կուտակումը։ Վերջապէս յիշել պէտք է, որ պարսկահայութիւնը յետեղեռնեան շրջանին կազմուած գաղթավայր մը չէ, այլ բազմադարեան անցեալ ունեցող գաղութ մը, որ դարերու ընթացքին յաջողած է ձեւաւորել խիստ կազմակերպուած համայնք մը։ Անշուշտ, որ այստեղ շատ կարեւոր գործօն մըն է կուսակցական ազդեցութիւնը։ Պարսկաստանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւս ունի իր նշանակութիւնը եւ հեղինակութիւնը, սակայն զուգահեռաբար գործօն է քաղաքական միտքը, որ կը պարգեւէ նման դժուարին կազմակերպութիւնը դիւրաւ յաջողելու առիթը։ Պարտինք խոստովանիլ, որ Թեհրանէն վերադարձին մեր կուտակած տպաւորութիւնները կիսելու համար խիստ անբաւարար պիտի մնան թերթի էջերու տարողութիւնը։ Այն ինչ որ տեսանք ու վայելեցինք այս պատմական քաղաքին մէջ հաւանաբար շատ երկար ժամանակ դրոշմուած պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ եւ զանազան առիթներով պիտի գտնեն իրենց ցոլացումը։