ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԽՈՆԱՐՀ

Մեր բառերուն ամենէն համեստը

Այո, կան այդպի­սիներ. կը սի­րեն նկա­տուիլ։ Փար­թամ են եւ զար­­դա­­­րուն, նկա­­րագի­­րով՝ պճնա­­սէր։ Կը սի­­րեն նաեւ իրենց ազ­­նիւ տոհ­­մի եւ փա­­ռաւոր ան­­ցեալի մա­­սին գո­­վաբա­­նու­­թիւններ շա­­րել։ Խմբան­­կարնե­­րու մէջ կը գրա­­ւեն կեդ­­րո­­­նական տե­­ղը։ Չէ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մարդկա­­յին նկա­­րագի­­րի վեր­­լուծում մը չէ ասի­­կա, ոչ ալ՝ կը խօ­­սինք ան­­ձի մը մա­­սին։ Այլ՝ պտոյտ մըն է, որ կը կա­­տարենք հա­­յերէ­­նի դաշ­­տե­­­րուն մէջ։ Կը փոր­­ձենք ներ­­թա­­­փան­­ցել բա­­ռերու նե­­րաշ­­խարհին եւ անոնց թա­­քուն պատ­­մութիւննե­­րուն։ Ու մայ­­րե­­­նիի բազ­­մանդամ եւ բազ­­մա­­­բոյր պար­­տէ­­­զին մէջ կը նկա­­տենք մէ­­կը, որ առանձնա­­ցած է։ Քիչ մը ամչկոտ։ Կը շիկ­­նի երբ նկա­­տես զայն։ Բա­­ռերու խմբան­­կա­­­րին մէջ հա­­զիւ տե­­սանե­­լի է, ահա հոն է, աջ ծայ­­րը, եր­­րորդ շարք։ «Խո­­նարհ» բառն է ան։ Բառ մը, որ շատ խօսք չու­­նի իր ար­­մատնե­­րու մա­­սին։ Լե­­զուա­­բան­­ներ առա­­ջար­­կած են, թէ ան փո­­խառու­­թիւն մը կրնայ ըլ­­լալ։ Ստու­­գա­­­բան­­ներ անոր «րհ» վեր­­ջա­­­ւորու­­թիւնը հա­­մեմա­­տելի կը գտնեն իրա­­նական բա­­ռերու հետ։ Այսքան։ Ոչ մէկ այլ բա­­ցատ­­րութիւն։ Նկա­­րագ­­րա­­­յին է իր լռու­­թիւնն ու զսպուածու­­թիւնը։ Սա­­կայն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, երբ խո­­նար­­հօ­­­րէն անոր մտեր­­մա­­­նաք, կը տես­­նէք, թէ ի՛նչ պատ­­մութիւններ ու­­նի իր յի­­շողու­­թեան մէջ։ Երբ սրտա­­կից դառ­­նաք անոր, կը լսէք իր ան­­ցեալի խոր­­քէն հո­­սող բազ­­մա­­­տեսակ մրմունջներ- քիչ մը դառն, քիչ մը հեզ, քիչ մը ըմ­­բոստ, քիչ մը խեռ։

«Խո­­նարհ» բա­­ռը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, մեր լե­­զուի խան­­ձա­­­րու­­րա­­­յին օրե­­րէն իսկ մե­­զի հետ էր ու լե­­զու դար­­ձաւ ժո­­ղովուրդի ճա­­կատա­­գիրին։ 5-րդ դա­­րուն երբ կը թարգմա­­նուէր Աս­­տուածա­­շունչը ար­­դէն հա­­սունցած էին «խո­­նար­­հա­­­գոյն», «խո­­նար­­հագնաց», «խո­­նար­­հել», «խո­­նար­­հա­­­ցու­­ցա­­­նել», «խո­­նար­­հութիւն» եւ «խո­­նար­­հեալ» բա­­ռերը, ինչպէս նաեւ «զե­­րեսս ի խո­­նարհ ար­­կա­­­նել», «աչք ի խո­­նարհ», «յեր­­կե­­­մենից եւ ի խո­­նարհ», «ի մի­­ջոյն եւ ի խո­­նարհ», «ի վեր ի խո­­նարհ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Ան նաեւ ստա­­ցաւ «հա­­մեստ, յար­­գա­­­լից» իմաս­­տը հե­­տեւեալ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու մէջ. «խո­­նարհ առ­­նել», «խո­­նարհ լի­­նել», «խո­­նարհ սրտիւք»։ Այդ օրե­­րուն բառս նաեւ ապ­­րե­­­ցաւ փառ­­քի պա­­հեր. անոր շնոր­­հուեցաւ «Եօթը առա­­քինու­­թիւններ» ցան­­կին առաջ­­նութիւ­­նը։ (Երկրոր­­դը՝ եղ­­բայրա­­սիրու­­թիւն, եր­­րորդը՝ հե­­զու­­թիւն)։ Սուրբ Հայ­­րե­­­րու կող­­մէ ան կո­­չուե­­ցաւ «ընտրեալ­­նե­­­րու» 10 գլխա­­ւոր նշան­­նե­­­րէն մէ­­կը։ Իսկ Մատ­­թէոսի եւ Ղու­­կա­­­սի աւե­­տարան­­նե­­­րուն մէջ իր եր­­կու վան­­կե­­­րէն ներս ամ­­փո­­­փեց կեան­­քի իմաս­­տա­­­սաիրու­­թիւնը. «Զի ամե­­նայն որ բարձրա­­ցու­­ցան» զանձն, խո­­նար­­հեսցի՛. Եւ որ խո­­նար­­հե­­­ցու­­ցա­­­նէ զանձն՝ բարձրաս­­ցի՛»։

Այս փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րէ ետք բա­­ռը այ­­լեւս պատ­­րաստ էր աճե­­լու եւ առա­­ւել ծա­­ռայե­­լու հա­­յոց լե­­զուին։ Ուստի, յայտնուեցան բարդ եւ ածանց բա­­ռեր, ինչպէս՝ խո­­նար­­հա­­­բար, խո­­նար­­հագնաց, խո­­նար­­հա­­­կան, խո­­նար­­հա­­­կողմն, խո­­նար­­հա­­­հայեաց, խո­­նար­­հա­­­հակ, խո­­նար­­հա­­­ձիգ, նա­­խախո­­նարհ, խո­­նար­­հա­­­սիրտ, խո­­նար­­հա­­­միտ։ Վեր­­ջի­­­նը, ի՛նչ երա­­նելիու­­թիւն, յար­­մար եկաւ քաջ հայ մը նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար. Պատ­­միչ Ղա­­զար Փար­­պե­­­ցին «Թուղթ առ Վա­­հան Մա­­միկո­­նեան» նա­­մակին մէջ այսպէս յի­­շեց հա­­յոց սպա­­րապետ-տա­­նու­­տէ­­­րը. «Այր քաղցր եւ խո­­նար­­հա­­­միտ»։ Այս նա­­մակէն հինգ դար անց՝ «Մա­­տեան Ող­­բերգու­­թեան» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ բա­­ռը 46 ան­­գամ յօ­­ժարե­­ցաւ, որ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին կա­­րենայ ձե­­ւակեր­­պել պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, ինչպէս՝ «Ճշմա­­րիտ էակա­­նու­­թիւն, բարձր եւ խո­­նարհ», «Բարձրու­­թիւն խո­­նար­­հեալ», «Խո­­նար­­հութիւն տօ­­նելի», «Զի բարձրա­­ցուսցես զփայտս խո­­նարհ»։

1144 թուակա­­նին Մի­­ջագետ­­քի քրիս­­տո­­­նէու­­թեան բարձր բեր­­դը՝ հա­­յաբ­­նակ Եդե­­սիա քա­­ղաքը գրա­­ւուե­­ցաւ Հա­­լէպի Զան­­գի ամի­­րային կող­­մէն։ Այս ող­­բերգու­­թիւնը տա­­րի մը ետք ծնունդ տուաւ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի «Ողբ Եդե­­սիոյ» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան։ Դի­­մառ­­նութիւն մըն էր ան, ուր քա­­ղաքը իր դժբախ­­տութիւ­­նը կ՚ող­­բար այ­­րի կնոջ մը պատ­­կե­­­րով։ 1600 տող­­նոց գո­­հարի ամե­­նէն սրտա­­ռուչ տո­­ղերէն մէ­­կը հե­­տեւեալն է. «Ի բարձրու­­թեանցն վայր ան­­կայ, խո­­նար­­հե­­­ցայ եւ ափ­­շե­­­ցայ»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք լաւ գի­­տէք, թէ ի՛նչ լուռ ցա­­ւեր կան այդ «խո­­նար­­հե­­­ցայ» բա­­ռին մէջ։ Դուք գի­­տէք, թէ այդ օր բար­­բա­­­րոսին առ­­ջեւ խո­­նար­­հե­­­ցան կոյ­­սեր եւ մա­­նուկներ, քա­­հանա­­ներ եւ եպիս­­կո­­­պոս­­ներ, ար­­հեստա­­ւոր­­ներ եւ արուես­­տա­­­գէտ­­ներ։ Բա­­նաս­­տեղծը, ի՛նչ նրբու­­թիւն, «խո­­նարհ» բա­­ռի գոր­­ծա­­­ծու­­թեամբ ծած­­կած է Եդե­­սիոյ կո­­տորա­­ծին եւ կո­­րուստին ահ­­րե­­­լիու­­թիւնը։ Իսկ Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կը «Հրա­­ւիրակ Արա­­րատեան» եր­­կին մէջ խօ­­սեցաւ մէկ այլ խո­­նար­­հած քա­­ղաքի՝ «չնաշ­­խարհիկ» տա­­ճար­­նե­­­րով զար­­դա­­­րուած Անիի մա­­սին. «Այդ խո­­րանք կա­­մարա­­կապ փլու­­զեալ ի վայր խո­­նար­­հե­­­ցան»։ Իսկ այ­­սօր հայ­­կա­­­կան մա­­մու­­լը խո­­նար­­հումով տեղ կու տայ «խո­­նար­­հած» -նաեւ վե­­րականգնած- եկե­­ղեցի­­ներու լու­­րե­­­րուն։ Կ՚ու­­զենք մէջ­­բե­­­րել քա­­նի մը հա­­տը. «Վա­­նայ Ծո­­վուն սահ­­մա­­­նակից 13 գիւ­­ղա­­­քաղաք­­նե­­­րու 90 անուն վան­­քե­­­րը... մեծ մա­­սը խո­­նար­­հած», «Սուրբ Կա­­թողի­­կէ Ծի­­րանա­­ւոր եկե­­ղեցի, խո­­նար­­հուած հայ­­կա­­­կան առա­­քելա­­կան եկե­­ղեցի», «Կոն­­դի բար­­ձունքին, մեծ երկրա­­շար­­ժից խո­­նար­­հուած միջ­­նա­­­դարեան եկե­­ղեցու տե­­ղում, 1710թ. կա­­ռու­­ցուել է Ս. Յով­­հաննէս Մկրտիչ Եկե­­ղեցին», «Նի­­նոծ­­մինդա­­յի խո­­նար­­հուած Ս. Խա­­չի տե­­ղում կը կա­­ռու­­ցուի նոր եկե­­ղեցի», «Շի­­րակում վեր­­կանգնուել է եւս մէկ խո­­նար­­հուած եկե­­ղեցի»։

Բա­­ռը դա­­րերու ըն­­թացքին ու­­նե­­­ցաւ իմաս­­տի զար­­գա­­­ցում։ Մեր հե­­ղինակ­­նե­­­րը նկա­­րագ­­րե­­­ցին «խո­­նարհ աչ­­քեր», «խո­­նարհ հրա­­ժեշտ» եւ «խո­­նարհ կա­­տարում»։ Զա­­պէլ Եսա­­յեանի հա­­մար ան նշա­­նակեց «հա­­սարակ, ստո­­րին»- «Խեղճ հայրս... հա­­կառակ իր խո­­նարհ ծա­­գու­­մին եւ չար­­քաշ կեան­­քին փա­­փուկ ոտ­­քեր ու­­նէր»։ Թու­­մա­­­նեանի հա­­մար՝ «հնա­­զանդ»- «Մենք քո խո­­նարհ ծա­­ռաներդ... ահա մեր ամ­­րոցն էլ էն սա­­րի գլխին է»։ Րաֆ­­ֆիի հա­­մար՝ «հեզ, հան­­գիստ, խա­­ղաղ»- «Աղ­­ջի­­­կը… եղել էր իր հօրն ու մօր խո­­նարհ զա­­ւակը»։ Իսկ Հա­­մօ Սա­­հեանի հա­­մար «կախ, հա­­կուած», ինչպէս «Առա­­ջին Սէր» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ նկա­­րագ­­րուած երկրորդ սէ­­րը.

Երկրոր­­դը խո­­նարհ մա­­նու­­շակ էր մի,

Կա­­նաչ թփի մէջ թա­­քուն ծի­­ծաղեց։

Բայց, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եղան օրեր, երբ հա­­յը եւ անոր զա­­ւակ­­նե­­­րը մեր­­ժե­­­ցին խո­­նար­­հիլ։ Ազ­­գը եր­­գեր հիւ­­սեց ու գո­­վեր­­գեց իր «ան­­խո­­­նարհ» եւ «ան­­խո­­­նար­­հե­­­լի» նոր նկա­­րագի­­րը.

Տա­­լուո­­րիկի զա­­ւակ եմ քաջ,

Չեմ խո­­նար­­հիր վա­­տին առաջ։

Դուք գալ շա­­բաթ կը տես­­նէք, թէ այս երկվան­­կը ինչպէս դա­­րերու ըն­­թացքին պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ ծա­­ռայել մեր լե­­զուին։ Ան նախ պի­­տի դառ­­նայ հա­­մեստ տի­­կին­­նե­­­րու եւ հան­­դարտ պատ­­մուածքնե­­րու անուն։ Իսկ օր մըն ալ պի­­տի թօ­­թափէ իր մեղմ բնա­­ւորու­­թիւնը, պի­­տի խո­­յանայ, ըմ­­բոստ գրիչ­­նե­­­րէ նոր շունչ առած՝ պի­տի դառ­նայ հայ­րե­նասի­րական պատ­մա­վէպ եւ ազա­տատենչ հե­րոս­նե­րու նուիրուած ֆիլ­մա­շար։