Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու 15 Նոյեմբեր չորեքշաբթի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ վաքըֆներէ պատասխանատու փոխվարչապետ Հաքան Չաւուշօղլուի եւ նախագահ Էրտողանի կարգ մը խորհրդականներուն հետ։
Ուշագրաւ է որ Պետրոս Շիրինօղլուի այս հանդիպումները կը կայանան այնպիսի շրջանի մը մէջ, երբ քննարկումներ կ՚ընթանան պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ։ Կ՚ենթադրուի թէ այս հանդիպումներու ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձած են պատրիարքական ու համայնքային ընտրութիւններու հարցերը։ Յայտնի դարձաւ, որ փոխվարչապետ Չաւուշօղլուի հետ կայացած հանդիպումը տեւած է երկու ժամ։ Հանդիպման աւարտին Շիրինօղլուի կողմէ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած։ Ըստ լսումներու, Շիրինօղլու նշած է թէ մամուլին որեւէ յայտարարութիւն պիտի չկատարուի այս մասին։
Այս հանդիպումներու բովանդակութիւնը անշուշտ հետաքրքրական է համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն, պատրիարքական ընտրութեան դերակատարներուն, ինչպէս նաեւ ողջ հանրութեան համար, քանի որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ առկայ են հարցման նշաններ։ Սակայն պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան եւ համայնքային հաստատութեան կարգ մը վարիչներն իսկ որեւէ տեղեկութիւն չունին այս հանդիպումներու մասին։
Ինչպէս պիտի յիշուի, 24 Հոկտեմբեր 2017-ին Պետրոս Շիրինօղլու, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպսկ. Մաշալեան, Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկեչ եւ Արամ արք. Աթէշեան մէկտեղուած էին կուսակալ Վասիբ Շահինի հետ, երբ քաղաքէս կը բացակայէր տեղապահ սրբազան հայրը։ Այս հանդիպման աւարտին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարուած չէր, միայն ըստ կարգ մը լսումներու հանրութիւնը տեղեակ դարձած էր, թէ կուսակալը անհանգստութիւններ ունի պատրիարքական տեղապահին եւ Նախաձեռնարկ մարմնին վերաբերեալ։