Պիւյիւքտերէի թնճուկը կը մեծնայ

Պիւյիւքտերէի Սրբոց Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէի վերաբերեալ պնդումներն ու մեղադրանքները եւ անոնց շուրջ ընթացող քննարկումները կը շարունակուին։ Այս շրջագծով ՎԱՏԻՓ-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը «Ակօս»ին յայտնած էր թէ Սիւմէ անցեալին դատապարտուած է, սակայն հակառակ այս պարագային այդ ժամանակուան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան երաշխաւոր եղած էր անոր։ Այս նիւթի շուրջ Աթէշեանը քննադատած էին նաեւ համայնքային այլ վարիչներ։ Աթէշեան իր հերթին պատասխանեց այս պնդումներուն, որոնց դէմ դարձեալ արտայայտուեցաւ Յարութիւն Շանլը։

Աթէշեան իր յայտարարութեան մէջ նշած է թէ Մուրատ Սիւմէն չէ ճանչցած նախքան անոր Պիւյիւքտերէի մէջ պաշտօն ստանձնելը։ «Նախքան ընտրութիւնները Մուրատ Սիւմէ հարցուց, թէ արդեօք կրնայ խումբ մը կազմելով մասնակցիլ ընտրութիւներուն։ Ես ալ ըսի թէ բոլոր համայնքայինները իրաւունք ունին մասնակցելու ընտրութիւններուն», յայտնած է Աթէշեան։ Ան կտրականապէս հերքեց բոլոր այն պնդումները, ըստ որոնց երաշխաւոր կանգնած է Մուրատ Սիւմէին։

Արամ արք. Աթէշեանի այս յայտարարութիւններուն դիմաց վերստին արտայայտուեցաւ Յարութիւն Շանլը։ Ան նշեց թէ Պիւյիւքտերէի եկեղեցւոյ նախկին վարիչները պաշտօնէ հեռացնելու եւ նորերն ընտրելու աշխատանքին մէջ լուրջ դեր ունեցած են։ Այդ օրերուն Արամ Աթէշեան յայտնած է, թէ Մուրատ Սիւմէն լաւ կը ճանչնայ, հետեւաբար զինքը մեզի ան առաջարկած էր։ «Աւելի վերջ պրպտեցինք ու տեսանք թէ Մուրատ Սիւմէի վերաբերեալ բացասական տեղեկութիւններ կան։ Երբ այդ մասին յայտնեցի սրբազանին, ան ըսաւ թէ լաւ կը ճանչնայ Մուրատ Սիւմէն եւ ամէն նիւթի մէջ երաշխաւոր է իրեն», նշեց Շանլը։

Միւս կողմէ Պիւյիւքտերէի վերաբերեալ Պատրիարքարանի երդիկին տակ պիտի կազմուի յանձնաժողով մը՝ Սահակ եպսկ. Մաշալեանի ղեկավարութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ