Պատրիարքական Տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան այցելեց Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին։ Տեղապահ հօր կ՚ընկերանային Կրօնական Ժողովի ատենապետ Սահակ եպսկ. Մաշալեան, Յարութիւն աբղ. Տամատեան եւ Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Յոյն ուղղափառաց պատրիարքը յայտնեց իր գոհունակութիւնը Գարեգին արք. Պէքճեանի այցելութեան առթիւ եւ իրեն յաջողութիւն մաղթեց տեղապահի պարտականութեան ընթացքին։ Պատրիարքը անդրադարձաւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի հետ ունեցած իր մտերմիկ յարաբերութեան ու նշեց թէ անոր հիւանդութիւնը խոր տխրութիւն կը պատճառէ իրեն եւ ան երբեմն Ս. Փրկիչ հիւանդանոց այցելելով կ՚աղօթէ անոր սնարին։ Հանդիպման աւարտին Բարթողիմէոս Ա. պանակէ մը նուիրեց տեղապահ հօր։ Բարձրաստիճան հոգեւորականները ապա աղօթեցին նաեւ Ս. Գէորգ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։