Հրանդ Տինք Հիմնարկի «Մամուլի մէջ ատելութիւն» նախագիծը, որ կը կատարուի 2009-էն ի վեր, վերջերս հրապարակեց Մայիս-Օգոստոս 2017-ի քառամսեայ զեկոյցը։
Ըստ այս զեկոյցի ազգային եւ կրօնական հանրութիւնները թիրախ ընդունող 1910 սիւնակագրութիւն եւ լրատուութիւն հրապարակուած է, որոնց մէջ 48 տարբեր խմբակցութիւններու վերաբերեալ կատարուած է 2466 ատելավառ արտայայտութիւն։
Նման ատելավառ արտայայտութիւններու համար հիմք հանդիսացած են օրակարգի տարբեր նիւթեր, ինչպէս՝ Թուրքիա-Գերմանիա լարուածութիւնը, ծոցի երկիրներուն ու Քաթարի միջեւ եղած լարուածութիւնը, Սրեբրենիցայի կոտորածին մէջ Հոլանտայի մասնակի պատասխանատուութեան վերաբերեալ որոշումը, Ժնեւի մէջ կազմակերպուած Կիպրական խորհրդաժողովը, Իսրայէլ- Պաղեստին բախումները, Թուրքիա-Յունաստան լարուածութիւնը, Սրեբրենիցայի կոտորածին տարելիցը, Արաքանի մահմետականներու դէմ յարձակումները, Օգոստոս 30-ի Յաղթանակի օրուան տարեդարձը եւ այլն։
Ըստ բովանդակութեան, ատելավառ արտայայտութիւններուն ամենամեծ բաժինը հասցէագրուած են հրեաներուն։ Իրենց բաժինը ստացած են նաեւ սուրիացիները, հելլենները, հայերը, յոյները։ Ըստ զեկոյցին Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութեան վերաբերող լուրերու առթիւ հայերը որպէս թիրախ ցոյց տրուեցան, ՓՔՔ-ի եւ ԱՍԱԼԱ-ի նման կազմակերպութիւններու հետ առնչուեցան եւ ահաբեկչութեան հետ նոյնացուեցան, պիտակուեցան որպէս ուժ մը, որ կը գտնուի «թշնամի» խմբակներու եւ անհատներու ետին։
Իսկ հրեաները խմբովին որպէս թշնամի ցոյց տրուեցան Մեսճիտի Աքսայի շուրջ տեղի ունեցած բախումներու վերաբերող լուրերու մէջ, որոնք հրեայի ինքնութիւնը կը գործածէին որպէս հայհոյանք։ Իսկ սուրիացիները հրատարակուած լուրերու մէջ առնչուեցան ոճիրներու, գողութեանց կանանց դէմ բռնութեան նման քրէական դէպքերուն։ Անոնք պատճառ ցոյց տրուեցան բացասական տնտեսական ընթացքին, իսկ կին փախստականներն ալ սպառնալիք նկատուեցան ընտանիքի ու հասարակութեան դէմ։
Թրքական մամուլի մէջ ատելավառ արտայայտութիւններու գլխաւոր աղբիւրը «Ենի Աքիթ» թերթն է , որուն կը հետեւին «Միլլի Կազեթէ», «Ենի Մեսաժ», «Ենի Չաղ» եւ «Տիրիլիշ Տոսյասը» թերթերը։