ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կոչ՝ չափ ու սահմանը գիտնալու

Այդ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս գոյացաւ մեր ժողովուրդի մէջ հիասթափութեան հոգեբանութիւնը։ Մենք՝ որ պատմութեան ամենաթէժ պայմաններու մէջ յաջողեցանք վերընձիւղուիլ դժոխային պայմաններէ, մենք՝ որ չէինք ծնկաչոքած ամենահզօր արհաւիրքներուն դիմաց, ինչպէս եղաւ որ այսօր մատնուած ենք պարտութեան հոգեբանութեան։ Չենք կարողանար թօթափել մեր վրայ ինկած այդ թանձր յուսալքութեան փոշին։

Յատկապէս զարթօնքի շրջանին ձեւաւորուած գիտակցութիւնը պէտք էր օգներ մեզ, որպէսզի ազ­գո­վին յա­ջողէինք միաս­նա­կան կամք դրսե­ւորե­լու եւ այդ կամ­քին պա­հան­ջա­ծը գի­տակ­ցա­բար կի­րար­կե­լու։ Ցա­ւօք կը տես­նենք որ բա­ւական հե­ռու ենք այդ կա­րողու­թե­նէն։ Հա­րիւր տա­րուայ մեր պատ­րաստու­թիւնը կար­ծես յան­կարծա­կի կեր­պով ցնդած ըլ­լար այս նոր մար­տահրա­ւէր­նե­րուն դի­մաց։ Եղա­ծը նոյ­նիսկ ամօ­թալի է։ Ամօ­թալի է այնպէս, ինչպէս որ արեւմտեան կողմն աշ­խարհէն մար­դիկ կը յանդգնին մեր գո­յու­թիւնը իսկ հար­ցա­կան տես­նե­լով։ Այս սիւ­նա­կին մէջ ան­ցեալին ալ բազ­միցս գրե­ցինք, որ եղա­ծը Պոլ­սոյ հա­յու­թեան հա­շուին հետզհե­տէ ար­ժա­նապա­տուու­թեան խնդիր մըն է։ Նա­խորդ շաբ­թու մէջ Յա­րութ Սա­սու­նեանի յօ­դուա­ծը ճիշդ ալ այս իրո­ղու­թիւնն է որ օրա­կար­գի կը բե­րէ։ Այդտեղ կը խօ­սուէր այս աթո­ռի ան­ցեալին գա­հակալ­նե­րուն ձե­ւով մը պե­տու­թեան երաշ­խիքներ փո­խանա­կելով այդ աթո­ռին բարձրա­նալու վար­կա­ծին մա­սին։

Բո­լորս գի­տենք թէ Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան աթո­ռի գա­հակալ­նե­րուն ուղղուած նման ցե­խար­ձա­կու­մը միայն մէկ նպա­տակ ու­նի, մրո­տել Պոլ­սոյ հա­յուն ար­ժա­նիքը։ Այս հաս­տա­տու­մը ինքնա­բերա­բար տե­ղի կու տայ հար­ցումի մը՝ ին­չո՞ւ։ Այս կամ, այն սփիւռքա­հայը ին­չո՞ւ կա­րիքը զգայ ներ­կայ պոլ­սա­հայու­թիւնը մրո­տելու։ Կար­ծեմ այս հար­ցումին պա­տաս­խա­նը աւե­լի լաւ գի­տեն բո­լոր այն պոլ­սա­հայե­րը, որոնք ան­ցեալին այս կամ այն ձե­ւով մատ­նուած են իբ­րեւ թէ ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­նե­րու ար­հա­մար­հանքնե­րուն։ Նման զրպար­տութեան ետին պի­տի ըլ­լայ միայն մէկ գոր­ծօն, որն է սե­փական հո­ղի վրայ գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կելու իրո­ղու­թիւնը։ Մենք իրաւ ալ կրնանք հասկնալ այն բար­դոյթը, որ կը ծա­­գի հայ­­րե­­­նի եր­­կի­­­րը լքե­­լէ։ Դա­­սալիք եղո­­ղը ստի­­պուած է ինքզինք ար­­դա­­­րաց­­նել այն հա­­մոզու­­մով թէ իր լքած երկրին մէջ այ­­լեւս հնա­­րաւոր չէր իբ­­րեւ հայ գո­­յատե­­ւել եւ լոկ այդ պատ­­ճա­­­ռաւ է որ հե­­ռացած է հայ­­րե­­­նի եր­­կի­­­րէն։ Բայց երբ իբ­­րեւ փաս­­տա­­­ցի իրո­­ղու­­թիւն պի­­տի տես­­նէ այդ նոյն երկրի մէջ ծա­­ռացած բո­­լոր դժուարու­­թիւննե­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լով գո­­յատե­­ւող մար­­դիկ ակա­­մայ պի­­տի տա­­րուի ցե­­խար­­ձա­­­կու­­մի առ­­թած ար­­դա­­­րացու­­մին։

Մենք առա­­ջին ան­­գամ չէ որ կը հան­­դի­­­պինք նման երե­­ւոյ­­թի։ Նոյ­­նիսկ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին սկսած ենք որոշ հան­­դուրժո­­ղակա­­նու­­թիւն ալ ցու­­ցա­­­բերել այս սխալ մեր­­ձե­­­ցու­­մին դի­­մաց, բայց հետզհե­­տէ խնդի­­րը կը վե­­րածուի ամ­­բողջ հա­­սարա­­կու­­թիւն մը զրպար­­տե­­­լու եւ այդ պա­­հուն այ­­լեւս չենք կրնար պա­­հել մեր հան­­դուրժո­­ղակա­­նու­­թիւնը, նոյ­­նիսկ իրա­­ւունք չենք գտներ այդ հան­­դուրժո­­ղակա­­նու­­թիւնը ցու­­ցա­­­բերե­­լու։

Ճիշդ է որ դժուար օրե­­րէ կ՚անցնինք, սա­­կայն այդ չի նշա­­նակեր որ ցան­­կա­­­ցողը իր ու­­զած եղա­­նակով հա­­լածէ ամ­­բողջ հա­­մայնք մը։ Ո՛չ, այդքա­նը աւե­լի է, մեզ՝ հան­դուրժո­ղու­թեան այսքան փորձ կու­տա­կած­նե­րուս հա­մար ան­գամ։ Մենք այս անելն ալ կը կոխկռտենք եւ կը շա­րու­նա­կենք մեր եր­թը դէ­պի պայ­ծառ ապա­գայ։

Պատ­մութեան էջե­րը կը գրուին մեր կեան­քի տե­ւողու­թե­նէն շատ աւե­լի եր­կար ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մէջ։ Ու­րեմն իրա­ւունք չու­նինք միայն պա­հը դի­տելով այսքան ծանր հե­տեւու­թիւններ քա­ղելու։ Կու գայ օրը, կու գայ պա­հը ամէն ինչ ալ աւե­լի յստակ կը դառ­նայ եւ կը տես­նենք, որ այս օրե­րու սա խառ­նաշփոթ ալե­կոծումնե­րը դոյզն իսկ նշա­նակու­թիւն չեն ու­նե­նար անցնող հսկայ ու­ղիին մէջ։