Տատեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները, առաջնորդութեամբ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի, միջնակարգի պատասխանատու Երանուհի Պալճըի եւ նախակրթութեան բաժնի պատասխանատու Անիլտա Մենեքշէի, պտոյտ մը կատարեցին դէպի մայրաքաղաք Անգարա, ուր իրենց այցելութեան կարեւորագոյն վայրն էր խորհրդարանը։
Աւելի քան 40 հոգիէ բաղկացած տատեանցիներու խումբը չորեքշաբթի առաւօտեան հասաւ մայրաքաղաք եւ նախաճաշեց Կարապի լիճի մօտակայքին։ Ապա անոնք անցան խորհրդարան, որու մուտքին զիրենք դիմաւորելու փութացած էին հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատուները։ Աշակերտները մէկ առ մէկ շրջեցան խորհրդարանի բոլոր բաժինները եւ ծանօթացան կառոյցի գործունէութեան։ Տատեանցիներու պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հայ պատգամաւորներուն՝ ՀՏՓ-ի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, ՃՀՓ-ի պատգամաւոր Սելինա Տողանին եւ ԱՔՓ-ի պատգամաւոր Մարգար Եսայեանին։ Պատանիները այսպէսով առիթ ունեցան զրուցելու անոնց հետ եւ տալու զանազան հարցումներ զիրենք հետաքրքրող տարբեր նիւթերու շուրջ։ Մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր այս տեսակցութիւններու ընթացքին. աշակերտները անձամբ պատգամաւորներէն տեղեկացան անոնց կենսագրութեան, մանկութեան, առօրեային ու դէպի խորհրդարան երկարող ճանապարհին մասին։ Աշակերտները ապա ճաշեցին խորհրդարանի ճաշարանին մէջ ու ապա հրաժեշտ առին հոնկէ։
Տղաքը խորհրդարանէն վերջ այցելեցին նաեւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը. վայր մը, զոր անոնք միշտ կը տեսնէին հեռատեսիլի պաստառին վրայ։ Աթաթիւրքի բարոյական ներկայութեան առջեւ յարգանքի լռութիւն պահելէ ետք տատեանցիները շրջեցան տեղւոյն թանգարանը։
Հաճելի ու արդիւնաւէտ այս պտոյտէն ետք տղաքը գիշերուան ուշ ժամերուն վերադարձան քաղաքս։