Օրօրներով հիւսուած վաւերագրական ժապաւէն մը

Նախապէս Մելիսա Պիլալի ուսումնասիրութիւնով ի մի բերուած էին հայերէն օրօրներ, որոնք աւելի ետք հրատարակուեցան խտացեալ սալիկով մը։ Կասկած չկայ որ օրօր­նե­րը իրենց ստեղ­ծուած մի­ջավայ­րի հա­մար պատ­մա­կան, ըն­կե­րային եւ հո­գեբա­նական բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւններ կը պա­հեն։ Օրօր­նե­րու վեր­լուծու­մով կը ծա­նօթա­նանք պանդխտու­թեան երե­ւոյթնե­րուն, պա­տերազմնե­րուն, հա­մաճա­րակ­նե­րուն կամ բնա­կան աղէտ­նե­րուն վե­րաբե­րեալ բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­զան իրո­ղու­թիւննե­րուն։

Օրօր­նե­րու այս յատ­կութիւ­նը նկա­տի ու­նե­նալով Արին Ինան Արսլան լծուած է տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի մը եւ ձայ­նագրած ու նկա­րահա­նած է մո­ռացու­թեան եզ­րին հա­սած 30 օրօր­ներ։ Անոնք եր­գուած են թրքե­րէն, քրտե­րէն, զա­զայե­րէն, լա­զերէն, համ­շէ­նի բար­բա­ռով հա­յերէն, վրա­ցերէն, արա­բերէն եւ հա­յերէն լե­զու­նե­րով։

Չորս հո­գինոց անձնա­կազ­մով մը, ութ ամ­սուայ աշ­խա­տան­քի արդիւնքը վե­րածուած է վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նի մը։ Աշ­խա­տակազ­մը բա­նահա­ւաք­ման հա­մար շրջած է Տէր­սիմ, Տիար­պէ­քիր, Ան­տիոք, Ատա­նա, Արդվին, Կարս, Սե­բաս­տիա, Մեր­սին, Էլա­զիս, Մա­լաթիա, Տրա­պիզոն եւ Ռի­զէ քա­ղաք­նե­րը։

Բե­մադ­րիչ Արին Ինան Արսլան կ՚ըսէ թէ օրօր­նե­րու վա­ւերագ­րա­կան մը նկա­րահա­նելու գա­ղափա­րը ծա­գած է իր դուստրը՝ չոր­սա­մեայ Սո­լինը քնաց­նել փոր­ձած պա­հերուն։ «Այս ճա­նապար­հի մէջ առա­ջին նկա­րահա­նածս մայրս եղաւ, որ տա­րիներ ետք տե­սախ­ցիկնե­րուն դի­մաց ան­գամ մը եւս եր­գեց այն օրօ­րը, որու մի­ջոցաւ զիս կը քնաց­նէր»։

Արսլան կը յայտնէ թէ Թուրքիոյ մէջ օրօր­նե­րու մա­սին ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը բա­ւական քիչ են։ Բե­մադ­րի­չը այս ու­թամսեայ աշ­խա­տու­թեան ըն­թացքին անդրա­դար­ձած է, որ զա­նազան վայ­րե­րու մէջ օրօր­նե­րը հետզհե­տէ վե­րածուած են ող­բերգնե­րու։ Յատ­կա­պէս Թուրքիոյ արե­ւելեան եւ հա­րաւ արե­ւելեան հա­տուած­նե­րուն մէջ օրօր­նե­րը եւ ող­բերգնե­րը հա­մարեա նոյ­նա­ցած են։ «Այստեղ բա­ցառու­թիւն կը կազ­մեն Ան­տիոքի մէջ նկա­րահա­նած արա­բերէն օրօր­նե­րը, որոնք աւե­լի կշռոյթ ու­նէին եւ ու­րախ տրա­մադ­րութիւն։ Պար­տիմ խոս­տո­վանիլ, որ այս աշ­խա­տու­թիւնը յա­ջողե­ցաւ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան ջան­քե­րուն շնոր­հիւ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ