ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Հայոց Տուրուբերան նահանգի հռչակաւոր Հարք գաւառում կը գտնուի Խաչլուայ լիճը։ Այն նոյն Հարքում, ուր Հայկ Նահապետը հաստատեց իւր առաջին բնակութիւնը, գաւառն անուանեց Հարք, իսկ գիւղը՝ Հայկաշէն։ Հարք գաւառին նուիրուած իր յօդուածում Բենսէն կը նշէր, թէ ոմանց կարծիքով Հայկաշէնը «Խարաբաշահրի՝ աւեր քաղաք, տեղը կ՚ընկնայ»։ Իսկ Խարաբաշեհիրը, գիտենք, Խաչլուայ լճի արեւմտեան ափի մօտակայքում կը գտնուի։ Լճի մօտ կը գտնուի նաեւ Պիլեճան, Բլեջան լեռնագագաթը, ուր, ըստ աւանդութեան, Հայկ հողին էր յանձնել Բելի մարմինը։
Յետագայում Հարքն անուանուեց Պուլանըխ, որ թրքերէնէ թարգմանաբար «պղտոր, ցեխոտ» կը նշանակէ, հաւանաբար երկրի ճահճային մօրուտներու եւ սեւահողերու պատճառով, որոնք երբեմն «գաւառի մեծ մասը գրաւած էին»։
Լիճը Խաչլուայ, Խաչի կամ Խաչան է անուանուած ըստ մօտակայքի համանուն գիւղի եւ դաշտակի։ Յայտնի է նաեւ որպէս Քազան, Խազանայ կամ Պուլանըխ անուններով, իսկ քիւրտերը Կոլա Շէլօ կ՚ըսեն։ Սա փոքր մի լճակ է, որ կը զբաղեցնէ 10 քմ. տարածք՝ 7մ առաւելագոյն խորութեամբ եւ գոյացած է հիմնականէն անձրեւաջրերէն, ուստի երաշտի ժամանակ խիստ կը ցամաքէ։ Չնայած ժողովուրդը կը պնդէ որ լճի մէջը ջրի ակներ եւս կան եւ լիճը իւր բաշխած ջրովը Վերին Բուլանըխայ Նեղոսը կը համարի։
Խորհրդաւոր լիճ մըն է Խաչլուան։ Անոր խորքերում հրեղէն ձիեր ու գոմէշներ կան։ Գոմէշները լճէն դուրս գալով մօտակայ գիւղերու կովերը կը բեղմնաւորէին, որոնցմէ կը ծնուէին ձիւնաթոյր շառաւիղներ։
Սեւ ու պղտոր են եւ գարշահոտութիւն կը տարածեն Խաչլուայ ջրերը։ Բայց աւանդութիւնը կը պատմէ, որ կար ժամանակ, երբ նրանք մաքուր էին երկնքի պէս։ Լիճն ալ լիճ չէր, այլ աղբիւր էր պաղ։ Ահա թէ ինչպէս դա պատահեց…
Հեռու անցած դարերում Պռոշ թագաւոր մը կար՝ զօրաւոր, ազնիւ ու արդար։ Լճի արեւմտեան ափին գտնուող Լաթար քաղաքը կը նստէր Պռոշ թագաւորը։ Կ՚ըսեն թէ անոր պալատը քրտերէն Քելա Հոշկ կոչուած ամրոցի մէջ կը գտնուէր՝ Կոպի Ս. Դանիէլ վանքէն վերեւ։
Օր մը Շէխեաղուպ գիւղէն նախրորդ մը այդ կողմերը իւր նախիրը կ՚արածեցնէր։ Պառաւի մը կովը հանգիստ չէր մնար, եւ նախորդը գետնէն պատահական կլոր քար մը վերցնելով կովու կողքին կը խփէ՝ անոր հանդարտեցնելու համար։ Բայց քարը կը ծակէ կենդանու կողերն ու միւս կողմէն դուրս կու գայ։ Պառաւն ու նախրորդը կը գնան Պռոշ թագաւորի մօտ՝ վէճը լուծելու։
Թագաւորը որ կը տեսնէ քարի զօրութիւնը, նախրորդին պատժելու փոխարէն ազատ կ՚արձակէ, պառաւին կը վճարէ կովու գինը, իսկ քարը՝ իրեն կը պահէ։ Կը տեսնէ որ կլոր քարը իրականէն հրաշալի պողպատ մըն է, կտոր մը կը զատէ քարէն եւ կը փոխանցէ դարբինին՝ հերոն պատրաստելու։
Հերոնը ստանալէն ետքը, մնացած պողպատը եւս կը փոխանցէ՝ թուր պատրաստելու համար։ Բայց դարբինը, որ արդէն հասկացել էր պողպատի զօրութիւնը, քարը ծածուկ իրեն կը պահէ, ապա սովորական երկաթէն թուր կը պատրաստէ ու կը փոխանցէ Պռոշ թագաւորին։
Թագաւորը հերոնով կը զարկէ թրի լաստին, եւ հերոնը ջրի նման ծակելով միւս կողմը կ՚անցնէ. դարբինի խարդախութիւնը երեւան կու գայ։
Թագաւորի սպառնալիքներու ներքոյ դարբինը իրական պողպատէն կը պատրաստէ թուրը, որով Պռոշ թագաւորի զօրութիւնը կը բազմապատկուէ։ Թրի զօրութիւնն այն էր, որ թշնամուն հարուած տուած ժամանակ, որքան էլ ախոյանը հեռու գտնուէր, թուրը կ՚երկարէր եւ ծորալով կը հասներ նրան ու մահացու հարուած կը հասցնէր։ Երկար տարիներ թագաւորեց Պռոշ թագաւորը եւ հեռաւոր երկրներ հասաւ նրա հրեղէն թրի փառքը։
Բայց այս երկնքի տակ մահը բոլորին է հասու։ Ծերացել էր Պռոշ թագաւորը մօտ էր եւ նրա ժամը։ Գիտէր, որ իրմէ ետքը իր երեք որդիները պիտի կռուէին թրին տիրանալու համար ու երկիրը կը բզկտէին։ Ուստի որոշեց փորձել իւր որդիներին։ Կանչեց նա աւագ որդուն ու պատուիրեց Խաչլուայ աղբիւրը նետել հրեղէն թուրը։
Աւագ որդին իրեն պահեց թուրը եւ հօրը խաբեց թէ նետել է այն աղբրի մէջ։ Բայց երբ հայրը հարցրեց թէ ինչ պատահեց թուրը նետելու ժամանակ, «ոչինչ չպատահեց, հա՛յր իմ»,- հնչեց պատասխանը։ Թագաւորը հասկացաւ ամէնը, ետ պահանջեց թուրը եւ կանչեց միջնեկ որդուն։ Սա էլ իւր աւագ եղբօր պէս վարուեց։
Ապա թագաւորը կանչեց իւր կրտսեր որդուն։ Եւ երբ թագաւորը հարցրեց թէ ինչ պատահեց թուրը աղբիւրը նետելու ժամանակ, կրտսեր որդին խոժոռուեց ողջ մարմնով ու ասաց։ «Մի հարցրու, հա՛յր իմ, յիշել անգամ չեմ ուզեր թէ ինչ պատահեց։ Հէնց ես թուրը աղբիւրը նետեցի, խառնուեցին Խաչլուայ ջրերը, դարձան պղտոր ու սեւ եւ անդունդէն հնչեց ահասարսուռ ձայն մը, ապա ջրերը վարարեցին, հեղեղուեցին շուրջը, այնքան տարածուեցին, մինչեւ լայնարձակ մի լիճ գոյացաւ, եւ քաջքեր ելան լճէն ու կլանեցին հրեղէն թուրը»։
Պռոշ թագաւորը կը հասկնայ, որ կրտսեր որդին իրապէս նետել է թուրը եւ նրան իր ժառանգ կը ճանաչէ եւ կը գուշակէ, որ երբ լիճը չորնայ, երեւան կու գայ թուրը յաղթած քաջքը։
Իսկ թուրը յաղթել էր լճի յատակը բնակող քաջքերէն ամենահզօրը։ Այսօր Հաւլունի անուամբ յայտնի այդ հրաշալի թուրը նա իր գլխի տակ կը պահէ։ Ամէն Աստծու ուրբաթ օր միւս քաջքերը կու գան նրա հետ մարտնչելու եւ թուրը խլելու, այդու մեծ աղաղակ ու շարժ տեղի կ՚ունենայ ջրի յատակը եւ լիճը կը պղտորի։
Ահա թէ ինչպէս գոյացաւ պղտոր Խաչլուայ լիճը։ Եւ եթէ այդ Ուրբաթ օրերին մօտակայքում լինես եւ ուշիկ մտիկ անես, անպայման կը լսես քաջքերի մարտէն արձագանգող որոտը։