Բառերու ամենէն պտղաբերը
Հարս։ Ի՛նչ երազային բառ։ Կուսագեղ միավանկ մը, որուն ժպիտին եւ սեռին տիրանալու երազով ի՜նչ անքուն գիշերներ անցուցեր են սիրահար տղաներ։ Լայնալանջ կտրիճներ պայքար մղեր, փափաքեր են իրենց ազգանունը անոր տալ՝ ցանկացեր են այդ գեղեցկուհին իրենց սրտերուն մէջ ամփոփել... Յարգելի ընթերցող, այս տողերը իրենց մէջ կը պարունակեն «հարս» բառի նախնական իմաստը. «ուզել, փափաքիլ, հայցել»՝ «ձեռքը ուզել» իմաստով։ Եւ անշուշտ, այս հեշտալուր բառին տիրանալ պիտի ուզէին նաեւ մեր բանաստեղծներն ու երաժիշտները, ինչպէս՝ աստուածաբան, երգահան եւ պատմիչ Ս. Ներսէս Շնորհալի ամենայն հայոց կաթողիկոսը։ Ս. Հռիփսիմէին նուիրուած տաղի մը մէջ տեսէք, թէ կաթողիկոսը ինչպէ՛ս կը դիմէ սրբուհիին. «Հարսն արեգականն արդարութեան», «Հարսն Քրիստոսի ընտրեալ», «Հարսն անմահ փեսային կոյս անարատ», «Հարսն Որդւոյ թագաւորի գեղեցկութեամբ պճնեալ»։ Յիշենք, թէ Շնորհալիէն երկու հարիւր տարի առաջ Գրիգոր Նարեկացին «հարս» բառը արդէն պսակած էր բազմաթիւ բառակապակցութիւններով. «Ճաշ հարսանեաց», «Զզարդ հարսանեացն», «Բերկրութիւն հարսանեաց», «Պար հարսանեաց», «Անարատ հարս», «Գովեստ հարսին», «Հարսնապաճոյճ պանծանօք»։ Միջնադարեան հոգեւոր գրականութեան մէջ ընդունուած էին հետեւեալ այլաբանութիւնները. Քրիստոսը «փեսայ» էր, Մարիամ Աստուածածինը «վարդ», Գաբրիէլ հրեշտակապետը «սոխակ», իսկ եկեղեցին՝ «հարս»։
Աւելի մօտ ժամանակներուն «հարս» բառէն ներշնչուած ըլլալ կ՚երեւի Վահան Տէրեանը։ Հիւսիսի մեր քնարերգակ տղուն համար հարսը լուսաւոր գաղափար էր, ներշնչող մուսայ մը.
«Միակ իմ հուր, իմ սուր, իմ զարդ,
Հարս իմ լուսէ, քոյր իմ հպարտ»
«Հարս»ի ներշնչումով ստեղծուած ըլլալ կ՚երեւի նաեւ «Ծաղկած Բալենի»երգը, որուն մէջ Խաչատուր Աւետիսեանի նազելի մեղեդին կը միանայ Լուդվիկ Դուրեանի խօսքերուն.
«Հարսի նման ճերմակ հագած, ծաղկած բալենի»։
Նոյն ներշնչումով գրառուեցաւ նաեւ 100 երգերու շարք մը, Կոմիտաս վարդապետի թանկագին հաւաքածոն՝ Հարսանեկան երգերը։ Ըստ երաժշտագէտներու, լայն է մեր հարսանեկան երգերու յուզականութիւնը. անոնք ջերմեռանդ աղօթքի նման են, կը պարունակեն բարեմաղթութիւններ, սրամիտ կատակներ, կ՚արտայայտեն խորունկ վիշտ (տունէն հեռանալու միտքը), անշուշտ նաեւ ուրախութիւն եւ խրախճանք։ Ահա, թէ ի՛նչ մեղեդիներ հնչած են մեր լեռնաշխարհին մէջ.
«Հարս եմ գնում, տանից հեռանում
Եկան, եկան Մոկաց հարսներ, հարալօ, հարալօ
Մշու հարսներ ջուխտէ ջուխտ
Հարսնուկ եմ, կ՚ուզեմ մէկ մայրիկ, կու լամ-կու լամ հատիկ-հատիկ»
Ականջ տալ կ՚արժէ նաեւ բանահաւաք, ազգագրագէտ Գարեգին Սրուանձտեանցին։ Երբ Ակն կ՚այցելէ վարդապետը, ունկնդիր կ՚ըլլայ հարս առնելու գացող հայուհիներուն։ «Ակնայ ժողովրդային երգեր, հարսնառ գնացող կանայք առ հարսն ասեն» խորագրին տակ անմիջապէս գրի կ՚առնէ հետեւեալ տողերը.
«Քալէ, հարսնուկ, քալէ, հարսնուկ,
Վըրայ խալուն քալէ, հարսնուկ»
Ինչպէս ամէն հարս ունի իր իւրայատուկ գեղեցկութիւնը, նոյնպէս ալ «հարս» բառը, Հրաչեայ Աճառեանը ականջալուր եղած է անոր, ամէն բարբառի մէջ ունեցեր է իր տեղական հնչիւնը. Ագուլիսի մէջ «հօռս՝ կամ հօռսնը», Համշէնի մէջ «հայս», Զէյթունի եւ Հաճընի մէջ «հօյս», Մուսա Լերան մէջ «հուրս», Վանի, Ջուղայի եւ Սալմաստի մէջ «խարս», Մոկքի մէջ «խառս»։ Իսկ հարսնի՞քը... Եւ ինչպէս տհոլն ու զուռնան տարբէր կը հնչէին ամէն գիւղի մէջ, նոյնպէս ալ «հարսնիք» բառը հնչէր է տեղական շեշտերով. Երեւանի մէջ «հարսանիք», Մուսա Լերան մէջ «հարսնաք», Համշէնի մէջ «հայսնիք», Զէյթունի մէջ «հայսնըք», Արցախի մէջ «հրսա՛նէք», Ագուլիսի մէջ «հռսանիք», Հաճընի եւ Սեբաստիոյ մէջ «հաշնիք»։ Տանք նաեւ անհատական օրինակներ. Մկրտիչ Վանեցին իր Այգեստանին մէջ տեսաւ շատ «խարսնիս»ներ, Ղրիմի մէջ 1883 թուականին «հարսինք» բառը միացուց Յովհաննէս Այվազովսքիի եւ Աննա Սարգիսովա-Բուռնազեանի կեանքերը, իսկ Սալմաստի մէջ «խառնիս» բառը օգնեց, որ Ռաֆֆին իր կեանքը միացնէ Աննա Հորմուզին հետ։
Որպէսզի բոլոր հարսնիքները հասարակաբար կանոնաւորուին, Պոլսոյ պատրիարքը, աստուածաբան արքեպիսկոպոս Յովհաննէս Կոնստանդնուպոլսեցին 1811 թուականին տպագրութեան արձակեց իւրայատուկ մէկ կոնդակ. «Կանոնական կոնդակ հարսանեաց», որուն մէջ սահմանուած է 29 կանոն։ Հաճելի է կարդալ մէկ երկու հատը. «Պսակելի փեսային պարտ է լինել տասն եւ հինգ տարեկան, եւ հարսն տասներկու տարեկան. եւ աստի փոքրն մի՛ պսակեսցի», «Հարսն ի մէջ բաղանեաց սորղուճիւ խենէշ հանդիսիւ մի՛ շրջեցուսցեն. զի խայտառակութիւն է առաջի ամենեցուն», «Ի հարսնառնուլ երթալն ի տուն հարսին՝ դռնչէք ընծայ ամենեւին մի՛ տայցեն փեսային»։
Ունեցանք պատմութեան դաժան օրեր, խախտուեցան օրէնքն ու կանոնը։ Եւ մեր հարսը, իր պատիւը վերականգնելու համար, այդպէս հրամայած էին լեռներու աստուածները, դարձաւ երկրապահ մայր, ֆէտայիի կին, նոյնիսկ... «հերոսի այրի»։ Բայց օր մը, այդ համբերատար եւ չարքաշ հարսը սրբեց իր արցունքը, թօթափեց իր սուգը եւ ունեցաւ պանծալի հարսնիք։ Խօսքը Շուշիի, մեր «հարս քաղաք»ի ազատագրման գործողութեան մասին է, որ կատարուեցա 8 Մայիս 1992 թուականին։ Ռազմական գործողութիւն մը, որ կոչուած էր... «Հարսանիք լեռներում»։ Իսկ 16 Հոկտեմբեր 2008 թուականին, նոյն քաղաքի ազատ երկնքի տակ, հարսի նման սպիտակազարդ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական «Մեծ հարսանիք», որու ընթացքին ամուսնացաւ 550 զոյգ։ Այդ տարիներուն աշխարհի արեւելեան կողմը եղաւ պտղաբեր, շատ պտղաբեր. Այդ ամուսնութիւններէն ծնաւ՝ 615 երեխայ։
Մեր գեղանի բառը կը շարունակէ մնալ պտղաբեր ու հայոց լեզուին տալ նորանոր բանաւոր երեխաներ։ Այսօր ունինք «Հարսանեկան տորթ» (կարկանդակ), «Հարսի փունջ, ծաղկեփունջ», «Հարսանեկան զամբիւղ», «Հարսանեաց սրահ», «Բացօթեայ հարսանիք», «Հարսանիքի նկարահանում», «Հարսանիքի կազմակերպում»... Եւ մեր բարի բառը շռայլօրէն կը շարունակէ իր շնորհները մեզի բաժնել։ Շնորհակալութիւն «հարս»։