Կեսարիոյ եկեղեցին վերանորոգելու ծրագիր

Կեսարիոյ քաղաքապետ Մուսթաֆա Չելիք այցելեց տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Քաղաքապետը տեսակցեցաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրի հետ ու տեղեկութիւններ ստացաւ իրմէ տաճարին մասին։ Քաղաքապետը նշեց, թէ եկեղեցին Կեսարիոյ համար ճարտարապետական կարեւոր կառոյց մըն է։ Ան սակայն նկատեց, որ շէնքը բաւական մաշած է, հինցած են գմբէթները եւ խնդիրներ կան ջրամեկուսացման վերաբերեալ։ «Եթէ ոեւէ նորոգութեան չձեռնարկենք, կարելի է քանի մը տարի վերջ փլչի։ Ժամ առաջ պէտք է շինարարութեան ձեռնարկել։ Նախագիծերը ապահովելէ ետք տեսնենք թէ ինչեր կրնանք ընել, որպէս քաղաքապետութիւն», ըսաւ Չելիք ու յայտնեց թէ իրենց կարելին պիտի ընեն այս յուշարձանը Կեսարիոյ եւ Թուրքիոյ վերստին նուիրելու համար։

Հանդիպման մասին «Ակօս»ին յայտարարութիւններ կատարեց Զատիկ Թոքէր։ Ան տեղեկացուց թէ քաղաքապետը փափաքած է այցելել եկեղեցի ու իրենք հիւրընկալած են զինքը։ Քաղաքապետը դրական տպաւորութիւններ ստացած է եկեղեցիէն ու նշած է որ հպարտ են նման կառոյց մը ունենալով Կեսարիոյ մէջ։ «Մենք իրեն խնդրանք ներկայացուցինք վերանորոգման աշխատանքներու վերաբերեալ։ Որպէս ծխական խորհուրդ եկեղեցին շրջապատող պատերը նորոգած էինք եւ իրենք նեցուկ եղած էին մեզի, լուծած էին ենթակառուցուածքի վերաբերեալ հարցերը։ Սակայն եկեղեցւոյ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն եւ ի գործ դրուած շինանիւթին պատճառով տանիքէն ջուր կը կաթի», նշեց Թոքէր ու շեշտեց, որ եկեղեցին միշտ կարիք ունի խնամքի։ Ան տեղեկացուց, որ եկեղեցւոյ յարակից կը գտնուի նաեւ դպրոցը ու հարկ է վերանորոգումներ կատարել այնտեղ, ինչ որ վեր է ծխական խորհուրդի կարելիութիւններէն։ Այս իսկ պատճառով Թոքէր խնդրած է քաղաքապետութեան օժանդակութիւնը։ «Դրական մօտեցում ցուցաբերեց եւ ըսաւ թէ եկեղեցւոյ ու շրջակայքի վերանորոգութիւնը նպաստաւոր ներդրում մը պիտի բերէ նաեւ զբօսաշրջութեան։ Իրեն հետ տեսակցեցանք նաեւ քաղաքապետարանին մէջ», ըսաւ ատենապետը ու յայտնեց, թէ այս ուղղութեամբ քաղաքապետութեան աշխատակիցները պիտի ձեռնարկեն նախագծի մշակման։ Թոքէր լիայոյս է դրական արդիւնքներ ստանալու առումով ապագային։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ