Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը շարունակէ վերանորոգումի աշխատանքներ իրականացնել ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց աղօթատեղիներէն ներս։ Էտիրնէի մեծ սինակոկի վերանորոգումէն ետք Պոլսոյ մէջ ալ վերանորոգուեցաւ յունական եկեղեցի մը։ Այսպէս, Էտիրնէգաբուի Այա Եորկի յունական եկեղեցին յառաջիկայ կիրակի իր դռները պիտի բանայ հաւատացեալներու առջեւ՝ հետ երկարատեւ վերանորոգութեան։ Եկեղեցւոյ յարակից դպրոցն ալ յետայսու պիտի գործէ որպէս երաժշտական հիմնարկ։
Պատմական վաղ անցեալ մը ունի Այա Եորկի եկեղեցին, որու գոյութեան մասին վկայութիւններ կան դեռ Թ դարէն։ Քանիցս փլած ու կառուցուած է եկեղեցին, որու այսօրուան կառոյցը մեզի հասած է 1836 թուականէն։
Եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունք կատարուած է մինչեւ 1974 թուականը, սակայն այդ թուականէն վերջ ան անցած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Վերջին վերանորոգութիւնը տեղի ունեցած էր 1980-ին։
Երեք տարիէ ի վեր շարունակուող այս վերջին աշխատանքներու ծիրէն ներս հիմնովին վերանորոգուեցան եկեղեցին, յարակից վարժարանը, երիցատունը, ջրաղբիւրը ու համալիրը շրջապատող պատը։ Ըստ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տուեալներուն, վերանորոգութեան համար ծախսուեցաւ 4 միլիոն լիրա։
Յառաջիկայ կիրակի կատարելի պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Բարթողիմէոս Տիեզերական պատրիարքը, փոխվարչապետ Հաքան Չաւուշօղլու, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ։ Եորկոս Մարինաքիս բացման առթիւ պիտի սարքէ համերգ մը։
Ինչպէս նշուեցաւ, արդէն վերանորոգուած է նաեւ եկեղեցւոյ յարակից վարժարանը, որ պիտի գործէ որպէս երաժշտական հիմնարկ։ Այստեղ մասնաճիւղ մը պիտի բանայ Պէյօղլուի երաժշտասիրաց միութիւնը, որ յոյն համայնքի կողմէ հիմնադրուած է 1953-ին։
Եկեղեցական երաժշտութեան վերաբերեալ աշխատանքներ կը կատարէ այս միութիւնը եւ ջանք կը թափէ, որպէսզի յոյն համայնքը չմոռնայ այս երաժշտութիւնը։ Բաց աստի կը ծրագրուի եկեղեցւոյ համալիրը վերածել կեդրոնի մը, ուր աշխատանքներ պիտի կատարուին Պոլսոյ բազմամշակոյթ երաժշտական արուեստին մասին։ Այս առթիւ Ենիգիւղի Սուրբ Աստուածածին յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս յայտնեց, թէ վերանորոգութեան աշխատանքը խանդավառութիւն յառաջ բերած է համայնքէ ներս եւ օրակարգի թիւ մէկ նիւթը Էտիրնէգաբուն է։ Ըստ իրեն, յաջող եղած է վերանորոգութիւնը։ «Ամբողջ աշխատանքի ընթացքին շփման մէջ էին մեզի հետ։ Պատրիարքարանի հետ միասնաբար աշխատեցան եւ հետեւանքն ալ եղաւ բաւական յաջող», ըսաւ Վինկաս։