ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Հայաստանի օրակարգը զբաղեցնող գլխաւոր նիւթերէն մէկն է խորհրդարանին մատուցուած այն օրինագիծը, ըստ որու կը ջնջուի համալսարանականներու բանակային ծառայութեան յետաձգման իրաւունքը։ Թէեւ խումբ մը համալսարանականներու բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, սակայն Հայաստանի Ազգային Ժողովը օրինագիծը վաւերացուց՝ քուէներու 86 կողմ եւ 6 դէմ յարաբերակցութեամբ։
Ըստ նախկին օրէնքի, որոշ թիւով համալսարանականներ իրաւունք ունէին յետաձգելու իրենց պարտադիր զինուորութեան ծառայութիւնը։ Իսկ անոնք, որոնք կ՚աւարտէին դոկտորականը՝ ընդհանրապէս զերծ կը մնային զինուորութենէն։
Ըստ օրինագծի պաշտպաններուն, համալսարանականներ բանակային ծառայութենէն խուսափելու նպատակով կը շահագործեն բարձրագոյն կրթութիւնը։ Հարկ է նշել, թէ Հայաստանի մէջ զինուորութեան յետաձգումը կարելի է երկու միջոցով՝ առողջական պատճառներով եւ համալսարանական կրթութեամբ։ Օրինագծի պաշտպանները կը նշեն, թէ երիտասարդները կաշառք տալով կը յետաձգեն իրենց ծառայութիւնը, այդ ընթացքին կ՚ամուսնանան եւ հայր դառնալով արդէն իսկ զերծ կը մնան ծառայութենէն։ Ըստ զինուորական օրէնքի, 27 տարեկանը լրացուցած ամուսնացեալ եւ հայրացած մարդիկ զերծ են զինուորութենէ։
Իսկ անոնք, որոնք կ՚ընդդիմանային այս օրինագծին, կը պաշտպանէին այն կարծիքը, թէ 18 տարեկանին երկու տարի ժամկէտով բանակ մեկնելէ ետք համալսարանականը նոյն խանդավառութեամբ չի շարունակեր իր կրթութիւնը։ Ըստ անոնց, զինեալ տղամարդոց չափ Հայաստանը կարիք ունի նաեւ գիտութեամբ զբաղող այրերու։ Անոնք կը նշէին, թէ լաւ կը գիտակցին Հայաստանի զինուոր ունենալու պահանջքին, սակայն միաժամանակ կը պահանջեն, որ ուսումնասիրուի, թէ արդեօք այս օրինագծին հեղինակներուն զաւակները, թոռնիկները եւ նոյնիսկ իրենք ծառայա՞ծ են արդեօք։ «Մենք դասալիք չենք, կ՚ուզենք զբաղիլ գիտութեամբ ու հարց կու տանք՝ իրենց զաւակները արդեօք ե՞րբ ծառայեցին»։
Հետաքրքրական է, որ օրինագծի ընդդիմախօսներուն հինգ առաջնորդներէն չորսը կատարած են իրենց ծառայութիւնը եւ վերադարձած գիտական ասպարէզ։ «Մենք դասալիք չենք։ Այս մէկը դասալիքներու բողոքը չէ, սակայն կարեւոր է շեշտել գիտական աշխատանքներու կարիքն ու ուժը», նշած է շարժման առաջնորդներէն Դաւիթ Պետրոսեան։ Ընդդիմախօսները հանդիպումներ ունեցան պաշտպանութեան եւ կրթութեան նախարարներուն հետ։ Ուղիղ եթերով հեռարձակուած այս հանդիպումները, ըստ համալսարանականներու, անբաւարար էին։ Անոնք մէկտեղուեցան նաեւ նախագահ Սարգսեանին հետ։ Օրինագծի ընդունումէն ետք այս հինգ համալսարանականները Նոյեմբեր 14-ին սկսան հացադուլի, իսկ Երեւանի Պետական Համալսարանի գլխաւորութեամբ, այլ համալսարաններու դասախօսներն ալ ձեռնարկեցին ստորագրահաւաքի մը։
Բողոքի այս արշաւը ուշագրաւ է նաեւ այն առումով, որ ղարաբաղեան շարժումէն ետք առաջինն է, որ ձեռնարկուած է ուսանողներու կողմէ։ Սակայն դժբախտաբար այս բողոքը չվերածուեցաւ շարժումի մը։ Թէեւ նուազ թիւով մասնակիցներ յաջողեցան բարձրացնել մեծ աղմուկ մը, սակայն անոնց ձեռնարկած հացադուլը գնահատանքի չարժանացաւ ընդդիմադիրներու կողմէ։ Վերջիններս կոչ ուղղեցին անոնց՝ հացադուլը դադրեցնելու ուղղութեամբ եւ առաջարկեցին ձեռնարկել աւելի շինիչ բողոքի միջոցներու։