1999-ին Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբի հիւրահամերգին առթիւ այցելած էինք Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքը։ Շատ տպաւորիչ էր քաղաքը։ Մէկ կողմէն պահուած էր պատմական հին քաղաքը, որպէս բացօթեայ թանգարան, միւս կողմէ խիստ հրապուրիչ նոր քաղաքը իր լայն փողոցներով եւ անշուշտ մեզ, Պոլիսէն եկածներուս զարմանք պատճառող լայն մայթերով։ Եւ յանկարծ հանդիպեցանք երեւոյթի մը, որ նոյնիսկ մեզի համար զարմանալի էր եւ անընդունելի։ Մարդուն մէկը շէնք կառուցած էր ճիշդ մայթին վրայ։ Զարմանալով հարցուցի մեզ առաջնորդող տեղացի բարեկամուհիի տիկին Շիշմանեանին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, ինչպէ՞ս կրնան արտօնել։ Պատասխանը տակն ու վրայ ըրաւ իմ ընկալումները։ «Կ՚ըլլայ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ո՞վ գիտէ, որ կարմիրին է»։ Առաջին անգամ կը լսէի համայնավարը խորհրդանշող «կարմիր» ածականին այս իմաստով գործադրուիլը։ Մեր մօտ նման պարագաներու համար ունինք աւելի տարբեր բառամթերք։ Օրինակի համար՝ «մաֆիյոզին մէկն է» կ՚ըսեն եւ մենք կը հասկնանք թէ այդ ակնարկուածը ամէն բան ընելու իրաւասութիւնը ապահոված է իր յանցագործ աշխարհի անդամակցութեամբ։ Իսկ «կարմիր» ըսելով մենք պիտի հասկնայինք այն գաղափարապաշտ զանգուածը, որ ընդհանրապէս գործ չունենար նման ապօրինութիւններու հետ, ընդհակառակը կը հալածուի այդ շրջանակէն հետեւաբար ամբողջովին տարբեր դիմագիծ մը կը ներկայացնէ հասարակութեան մէջ։ Ան կրնայ ըլլալ մտաւորական, կրնայ ըլլալ հասարակական գործիչ, կամ արուեստագէտ, գրող եւ այլն։ Բայց երբեք չի կրնար առնչութիւն ունենալ յանցագործ աշխարհին հետ։
Ցնցիչ էր այս առերեսումը, որ կը պարզէր իշխանութեան մաս կազմելով աղտոտուելու, կեղտոտուելու իրողութիւնը։
Այսօր մեր երկրի մէջ եթէ ոչ մեծ ոգեւորութեամբ, բայց յուզումով կը յիշուի Կարլ Մարքսի «Տաս Քափիթալ»ի հրատարակութեան 150 եւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 100 ամեայ տարեդարձները։ Որոշ է որ Մարքսի փիլիսոփայութիւնը, որ Լենինի միջոցաւ դարձաւ վարդապետութեան, այսօր եւս կը պահէ իր առանձնայատկութիւնը եւ ժամանակակից դիմագիծը։ Մարքս ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ ուսումնասիրած էր մարդկութեան դարերու ընթացքին անցած ուղին եւ տեսած էր թէ իշխող ամէն համակարգ իր մէջ կը սնուցէ հակասութիւններ, որոնք վերջ ի վերջոյ պիտի սպառնան իր գոյութեան։ ԺԹ դարու դրամապաշտութիւնը եւս աճեցուցած էր զինք փճացնելու ատակ հակասութիւն մը, յանձին դասակարգային գիտակցութեան տիրացած բանուորներու։ Չէ որ, քափիթալը գոյացնողը դրամատիրոջ այդ բանուոր դասակարգի աշխատանքը կեղեքելով ապահոված յաւելեալ արժէքով կուտակուած էր։ Ներկայ դրութեան մէջ կարելի է ըսել թէ արդի դրամապաշտ համակարգը յաջողեցաւ իրեն սպառնացող այդ զանգուածը չէզոքացնելու գործին մէջ։ Եթէ 100 տարի առաջ աշխատողի ամենահզօր զէնքը գործադուլն էր, այսօր դրամատիրոջ ամենահզօր զէնքը անհնազանդ աշխատողը գործէ զրկելն է։ Ճարտարագիտութիւնը եւս նպաստեց այս արդիւնքին կայանալուն։ Այսօր ինքնագործ սարքեր հետզհետէ անպէտ կը դարձնեն բանուորի մկանի ուժը, եւ կը սպառնան զեղչելով անոր կենսամակարդակը։
Որոշ է, որ ընկերութիւնը յայտնի կէտէ մը ետք պիտի չհանդուրժէ նման անարդարութեան եւ պիտի կատարուի Մարքսի կանխատեսումը։ 100 տարուայ առաջուան փորձը ձախողեցաւ համայնավարութեան պետականացումով։ Իսկ ապագան եթէ պիտի յաջողի միակ ճարն ու միջոցն է պետութիւն կոչուած եւ հզօրներու ձեւաւորած աստիճանակարգի ամբողջական թաղումը։ Ուրեմն նպատակը ո՛չ թէ պետութիւնը ձեռք անցնել, այլ այդ նոյն պետութիւնը գետնին հաւասարեցնելու մէջն է։