ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Համագումարը եռօրեայ ասուլիսով մը կը նշէ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան դարադարձը։ Համագումարի փոխանցած տեղեկութիւնով կը տեսնենք թէ այս ասուլիսի հիմքը կը կազմէ Կարլ Մարքսի «Քափիթալ» ուսումնասիրութիւնը, որուն այս տարի կը նշուի հրատարակութեան 150-ամեակը։ Արդարեւ առաջին անգամ «Քափիթալ»ի մէջ նշուած էր Ի դարու ընթացքին շատ խոր ազդեցութիւններ ունեցած համայնավար գաղափարախօսութիւնը։ Մարքս ընկերային կեանքի տնտեսական յարաբերութիւնները ուսումնասիրելով հասած էր այն եզրակացութեան, ըստ որու ամէն զարգացում իր աւարտը պատրաստող պայմաններ կը սնուցանէ իր մէջ եւ արդի դրամապաշտութեան աւարտն ալ անխուսափելի պիտի դառնայ բանուոր դասակարգի սեփական իրաւունքները պաշտպանելով։ Այս իսկ պատճառաւ համագումարի առանցքը կը կազմէ Մարքսի «Քափիթալ»ը եւ անոր գործած ազդեցութիւնը Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան ձեւաւորման մէջ։ 10 Նոյեմբեր Ուրբաթ օր ժամը 10-ին Թաքսիմ «Էլիտ Ուորտ» հիւրանոցի մէջ պիտի կայանայ առաջին նիստը, ուր Այշէ Էրզանի ժողովավարութեամբ պիտի քննարկուի
Ա «Քափիթալ»ի եզրերը
Բ «Քափիթալ»էն դէպի Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւն
Գ «Քափիթալ»ի դերակատարութիւնը Մարքսիզմի մէջ եւ
Դ «Քափիթալ»ը խմբագրելու ժամանակ Մարքսին օգտագործած տուեալները։
Այս խորագիրներու ներքեւ կարգաւ պիտի զեկուցեն Էօզկիւր Էօզթիւրք, Հալուք Եուրթսեւէր, Էրքին Էօզալփ եւ Մելտա Եաման։
Օրուայ երկրորդ նիստին խորագիրն է յեղափոխութեան տեսութիւնը։ Այս նիստին ալ Պիլկէ Սեչքին Չեթինքայայի ժողովրդավարութեամբ պիտի արտայայտուին Մեթին Քայաօղլու, Սունկուր Սալկան, Մեթին Չուհաօղլու եւ Միշել Լէօվի։
11 Նոյեմբեր Շաբաթ օրուայ համար նախատեսուած է եւս երկու նիստեր, որոնցմէ առաջինին ժողովավարն է Էրթուղրուլ Քիւրքչիւ։ Այստեղ առաջին հերթին Էմել Աքալ պիտի զեկուցէ նիւթ ունենալով Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան Ռուսիոյ Պոլշեւիք մուսլումաններու եւ դէպի Թուրքիա արտացոլումներու մասին։ Իսկ Թանէր Թիմուր պիտի վերլուծէ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան իրմէ նախորդ փորձերու հետ ունեցած տարբերութիւնները եւ նմանութիւնները։ Օրուայ երկրորդ կէսին Ճելալ Էօզսելչուքի ժողովավարութեամբ պիտի քննարկուի Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան վերջաւորութիւնը։ Ասուլիսի վերջին օրը յատկացուած է աւելի ժամանակակից խնդիրներու, որոնց կարգին զափաթիստաներու շարժումը, Հարաւային Ասիոյ մէջ հակագաղութատիրական շարժումները եւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան Փիլիփեան յեղափոխութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնները։ Օրուայ երկրորդ նիստին, այդ ազդեցութիւնը ալ աւելի կը խտանայ մեր ժամանակներու ամենափշոտ խնդրին Սուրիոյ ներքին պատերազմին վրայ եւ քննարկէ Միջին Արեւելքի այս վերջին վերիվայրումներու մէջ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ազդեցութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան դարադարձը արդէն միջոցէ մը ի վեր օրակարգ կը զբաղեցնէ կարգ մը հեռուստակայաններու էկրաններու վրայ կամ պարբերականներու էջերուն մէջ։ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Համագումարը իր այս նախաձեռնութեամբ անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, թէ ներկայ պայմաններու մէջ ինք է, որ կը ներկայացնէ համայնավար գաղափարախօսութիւնը Թուրքիոյ տարածքին։