Նախ Լիբանանի վարչապետը Սաուտի Արաբիոյ մէջ «կեանքս վտանգուած է» ըսելով հրաժարեցաւ իր պարտականութենէն։ Ապա Սաուտի արաբիոյ մէջ բազմաթիւ իշխաններ եւ նախարարներ զեղծարարութեան մեղադրանքով բերման ենթարկուեցան։ Նոյն օրերուն Տէր Զօրը ՏԱԻՇ-էն ազատագրող սուրիական բանակը ձեռնարկեց նոր գործողութիւններու։ Վահագն Քէշիշեան մօտէն կը հետեւի Միջին Արեւելքի զարգացումներուն ու կ՚ըսէ թէ Տէր Զօրի ազատագրումէն ետ Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ ճանապարհի բացուիլը, թէ Պէյրութի եւ թէ Ռիատի մէջ հաւասարակշռութիւնները խախտած է։
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Իրաքի բանակը եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հաշտի Շաապիի միաւորումները Իրաքի մէջ յաջողած են մտնել Էլ Քայիմ։ Միւս կողմէ Սուրիոյ բանակին ալ Տէր Զօր մտնելով ՏԱԻՇ-ի գրաւած տարածքները բաւական նեղ դարձած են։ Այս ընթացքը նաեւ կ՚անջատէ ՏԱԻՇ-ի հսկողութեան տակ գտնուած տարածքը։ Սուրիոյ բանակին այժմ Էլ Պուքէման ուղղուիլը կ՚ապացուցէ թէ նպատակ դրած են Տէր Զօր եւ Էլ Քայիմի միջեւ գտնուող ամենամեծ բնակման վայրը նուաճել։ Սակայն Քայիմ-Պուքամալ-Տէր Զօր գծին վերատիրանալու միակ նշանակութիւնը ՏԱԻՇ-ին զբաղեցուցած տարածքը կիսել չէ, կայ աւելին։ Այսպէսով բացուած պիտի ըլլայ Պաղտատ- Տամասկոս եւ հետեւաբար Թեհրան-Պէյրութ ուղղութիւններն ալ։ Արդարեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ նշանակութիւն ունեցող չորս անցման կէտերէն ո՛չ մէկը Սուրիոյ ուժերուն հսկողութեան տակ է։ Անշուշտ որ կան կարգ մը աննշան անցման կէտեր, որոնք մեծ տարողութիւնով փոխադրութիւններու համար ձեռնտու չեն։ Էլ Պուքամալը, այդ բնոյթի անցքերու կարեւորագոյնն է, որուն վերատիրանալը շատ հաւանական դարձած է Քայիմ եւ Տէր Զօրի գործողութիւններէն ետք։
ՏԱԻՇ-ի դերակատարութիւնը
Այս զարգացումները անգամ մը եւս մատնացոյց ըրին ՏԱԻՇ-ի ապահոված կարեւոր մէկ ձեռքբերումը, որն է Իրանի Ըրաքի ճամբով Սուրիա հասնիլը կանխել։ Նաեւ տեսած եղանք որ Լիբանան իր մինչեւ նախորդ շաբաթուան դիրքերով որքան մեծ նշանակութիւն ունի, որպէս Թեհրան-Պէյրութ ճանապարհի վերջին կայարանը։ Լիբանանի մէջ անցեալ տարի նոր կառավարութիւն կազմուած էր եւ Հըզպուլլահի, այսինքն Իրան եւ Սուրիոյ գործակցութեան աջակցած Միշել Աուն նախագահ դարձած էր, իսկ կառավարութիւնը որքան ալ հակահըզպուլլահական ընդունուի երկու խումբի միջեւ որոշ համերաշխութիւն մը ապահովելու հեռանկարով կառավարութիւնը կազմած էր Սաատ Հարիրի։ Սուրիա- Ըրաք սահմանագծի վրայ տեղի ունեցած այս վերջին զարգացումներէն ետք Իրանի դէմ նոր ճակատ մը բանալու հեռանկարով Լիբանանի կայութիւնը խանգարելը Սաուտի Արաբիոյ համար նոր ռազմավարութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Հաւանաբար այս պատգամը աւելի շեշտադրելու համար է, որ Սաատ Հարիրի Ռիատ մեկնեցաւ եւ իր հրաժարականը հոն յայտարարեց։ Այդ հրաժարականին յաջորդող ժամերուն Սաուտի Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ հրթիռի մը թիրախը դարձաւ, որ ղրկուած էր Եէմենէն։ Սաուտի արաբիա այդ հրթիռը անմիջապէս վերագրեց Իրանի եւ կատարածը ընդունեց, որպէս պատերազմական արարք։
Մաքրագործում Սաուտի
Արաբիոյ մէջ
Սա պահուն կարելի չէ գիտնալ, թէ Սաուտի Արաբիոյ մէջ գործադրուած մաքրագործութիւնը ուղղակիօրէն կապ ունի այս զարգացումներուն հետ, թէ ոչ։ Աճապարանքով կամզուած զեղծարարութիւնները քննելու յանձնախումբը իշխաններ, նախարարներ եւ որոշ գործարարներ բերման ենթարկեց, որ մեկնաբանուեցաւ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխաններուն ներքին հաւասարակշռութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու գործողութիւն։ Եւ տարբեր կերպով եթէ ըսենք համոզում, որ պատերազմ պիտի ծագի եւ առիթ պիտի տայ այս խնդիրներն ալ լաւագոյն կերպով դասաւորելու։ Այս շարժումը նաեւ կրնայ չէզոքացնել Իրանի հետ հաւանական լարուածութիւն մը կանխել միտողները։ Յստակ է որ Սաուտի արաբիոյ մէջ նման տարակարծութիւն մը գոյութիւն ունի։ Նաեւ նման տարակարծութիւն կը տիրէ Միացեալ Նահանգներէ ներս, ուր Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը եւ Խորհրդարանը բեւեռացուած կ՚երեւին։ Բեւեռներէն մէկը, որ կը ձեւաւորուի Թրամբի եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան միջեւ մտադիր է Իրանի դէմ Սաուտի Արաբիոյ զօրակցելու եւ Իսրայէլին ալ Լիբանանի դէմ պատերազմ հռչակելով Հըզպուլլահը ոչնչացնելու։ «Ապա Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի հետ այլ եղանակով կը խօսինք» կ՚ըսէ այս խմբակը։ Իսկ միւս կողմէն կայ «սխալ է Իրանը բոլորովին կորսնցնել, այդ երկիրը Ռուսաստանին գիրկը դնելով» մտածող երկրորդ բեւեռ մը։ Անոնք մտահոգ են նաեւ, որ Սաուտի արաբիան ՏԱԻՇ-ի նման կազմակերպութեան մը միջոցով կ՚ուզէ Միջին արեւելքը հսկողութեան տակ պահել։
Նոր պատերազմի փողերը՞
կը հնչեն
Ամերիկայի այս երկու բեւեռներն ալ ունին իրենց համագործակցողները Սաուտի արաբիոյ մէջ։ Ըստ երեւոյթի պատերազմի կողմնակիցները աւելի ծանր կը կշռեն, քանի որ չի բացառուիր պատերազմի բնոյթով բախումներու հաւանականութիւնը։ Ծանօթ է նաեւ, թէ Իսրայէլն վերջին շաբաթներու ընթացքին Լիբանանի սահմանին վրայ զօրք կը կուտակէ եւ հրթիռներ կը փորձէ։ Այս զարգացումը յստակ սպառնալիք մըն է Լիբանանի հաշւոյն։ Մանաւանդ ալ կառավարութիւն չունեցող Լիբանան մը։ Սուրիոյ պատերազմի սկսած օրէն ի վեր նման դիրքի մը մատնուելէ խուսափող լիբանանցիներ արդեօ՞ք հիմա պիտի կրնան երկրի մէջ արագօրէն դաշինք մը ձեւաւորել եւ կանխել հաւանական վտանգները։ Ներկայ դրութեան մէջ դժուար պատասխանելի հարցում մըն է այս։ Նշենք որ Իսրայէլի յարձակուելու հաւանականութիւնը ալ աւելի ահազանգ կը դառնայ Լիբանանի համար։ Նախապէս գոյացած իշխանութեան պարապութիւնը լրացնելու համար երկու տարի տեւող աշխատանք կատարուած էր։ Իսկ այս պահուս բազմաթիւ անպատասխան հարցումներ կան մեր դիմաց։ Իրաքեան բանակի դէպի Էլ Պուքամալ յառաջանալով ի՞նչ տեսակ զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ։ Կը շարունակուի՞ այդ յառաջընթացը, թէ ո՛չ կարգ մը արգելքներ կը գոյանան։ Սաուտիներու սպառնալիքին ենթարկուած Իրան կը հրաժարի՞ Թեհրան-Պէյրութ գիծը ապահովող իր յառաջընթացէն։ Իսկ որ եթէ հրաժարի, այդ հրաժարումը ժամանակաւոր կ՚ըլլա՞յ, թէ ոչ յարատեւ։
Միջին Արեւելքի մէջ ամէն յառաջընթաց նոր հարցադրումներու պատճառ կը դառնայ։ Ըստ երեւոյթի շիաներու եւ սուննիներու միջեւ շարունակուող ճատրակի տախտակին վրայ կողմերը նոր հարուածներու կը ձեռնարկեն։ Տեսարանը յստակացնելու համար քիչ մը եւս ժամանակի կը կարօտինք։