ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀԱՐՍ

Մեր բառերուն ամենէն նազելին

1975 թուականին ո՞ր դեղնորակ աղջիկն էր Հա­յաս­տա­նի ամե­նէն հան­րա­ծանօթ հար­սը։ Նախ պէտք է ըսել, թէ մեր երկրի բո­լոր նա­զելի հա­յու­հի­ները, իրենց նշա­ձեւ աչ­քե­րով, սեւ մա­զերով եւ սեւ յօն­քե­րով, ար­ժա­նի պի­տի ըլ­լա­յին 1975ի ամե­նէն հա­մակ­րե­լի հար­սը ընտրուելու։ Բայց այդ տա­րի մրցա­նակը գնաց... ռուս գե­ղեց­կուհի Նա­տալիա Բես­պա­լովա­յին, «Հարսնա­ցուն Հիւ­սի­սից» շար­ժանկա­րի մայր դե­րասա­նու­հիին, Ար­տա­կի սի­րու­հին, որուն «ձեռ­քը ու­զե­լու» հա­մար ամ­բողջ գիւղ մը կ՛եր­թայ Ռու­սաստան, անոր դժկամ ըն­տա­նիքը տար­հա­մոզե­լու եւ այդ հար­սը «հա­րաւ» բե­րելու նպա­տակով։ Ծի­ծաղա­շարժ եւ վի­պական այդ շար­ժանկա­րը, շնոր­հիւ նաեւ Առ­նօ Պա­պաճա­նեանի սի­րաշունչ եր­գե­րուն, գրա­ւեց հայ­րե­նի դի­տող­նե­րուն սրտե­րը եւ մին­չեւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ վա­յելել ժո­ղովրդա­կանու­թիւն։ Յի­շէնք նաեւ, թէ այդ պատ­մութիւ­նը կ՚ու­նե­նայ բա­րի վախ­ճան. աղջնա­կը ինքնա­թիռով մը հարս կու գայ Հա­յաս­տան։

Ար­տա­կին բախ­տը հիւ­սի­սէն եկաւ։ Հա­պա՞ «հարս» միավան­կը։ Ըստ լե­զուա­բան­նե­րու, մեր «հարս»ը հայ­րե­նածին գե­ղեց­կութիւն է, բնիկ հայ­կա­կան բառ։ Բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու մէջ ու­նի ծննդա­կից քոյ­րեր. frasā, prex, precor, rheg, parsa, purs, pirsn, fregnaną։ Ստու­գա­բան­նե­րու կար­ծի­քով, բո­լորը ու­նե­ցած են նախ­նա­կան հա­սարակ ար­մատ մը՝ «prk», որ­մէ սե­ռած են հնդե­ւոր­պա­կան «հար­սե­րը»։ Բա­ռը բուն կը նշա­նակէ «ու­զել, խնդրել, հայ­ցել»։ Գրա­բար ձեւն է «հարսն»։

Մեր «հարս» բա­ռը, ի՛նչ օրհնու­թիւն, եղաւ ար­գա­ւանդ եւ բազ­մա­ծին մայր։ Դա­նիէլ վա­րու­ժա­նը սի­րեց զայն ու գո­վաբա­նեց.

«Հա­րաւա­յին կողմն աշ­խարհի պտղա­բերում թող ըլ­լայ…

Ու երբ թխեն հար­սե­րը հա­ցը բա­րի՝ սի­րեր­գութի՜ւն թող ըլ­լայ։

Նո­րապ­սակ Դա­նիէլը իր հար­սին հետ նաեւ կը նստէր բար­տի­ներու տակ ու կ՚երա­զէր.

Հար­սըս ու ես, անոնց կըրթնած,»

«Կը նըս­տինք, հոն, ամէն գի­շեր։

Տե­րեւ­ներն յար կ՚եր­գեն յու­զուած

Այն զոր կը զգանք ու չենք ըսեր»։

Բա­ռը այնքան յուռթի էր, որ հայ­րե­նի լե­զուա­դաշ­տը ողո­ղեց նա­զելի բա­ռերով։ Ան նախ դար­ձաւ «հար­սիկ»- փա­ղաք­շա­կան կո­չում, որ կը նշա­նակէ «սի­րելի հարս»։ Ապա ծնան նո­րերը. հար­սանքա­հաց, հար­սանքա­տուն, հարսնազ­գեստ, հարսնա­բաղ­նիք, հարսնա­բեր, հարսնա­խօսու­թիւն, հարսնա­ծաղիկ, հարսնա­հասակ, հարսնա­պաճոյճ, հարսնա­պար, հարսնա­տեսու­թիւն, հարսնա­քոյր, հարսներգ, հարսնթագ, հարսնօ­ժիտ, մօ­տաւո­րապէս հա­րիւր բառ։ Ամե­նէն ող­բերգա­կանը, «հարսնա­կուլ» գո­յականն է, ըստ Ստե­փան Մալ­խա­սեանի «Բա­ցատ­րա­կան Բա­ռարան»ի՝ կո­վու կամ ոչ­խա­րի ծունկի կլոր ոս­կո­րը, սրունքի եւ ազդրի մի­ջեւ, մի­սով միասին։ Բա­ռը այդպէս է կո­չուած, որով­հե­տեւ, ըստ աւան­դութեան, հարս մը փոր­ձած է կուլ տալ զայն ու խեղ­դուած է։ Ու­նե­ցանք նաեւ փա­ղաք­շա­կան «հարսնուկ» բա­ռը՝ եղ­բօր, հօ­րեղ­բօր, վար­պե­տի կամ ու­սուցի­չի կի­նը։ Աւե­լի պատ­կե­րալից են իգա­կան սե­ռի առաս­պե­լական բա­րի ոգի­ները բնու­թագրող բա­ռերը. յա­ւեր­ժա­հարս, լեռ­նա­հարս, ծո­վահարս, ձիւ­նա­հարս, ջրա­հարս, ան­տա­ռահարս, որոնք ու­նին ար­տա­կարգ գե­ղեց­կութիւն եւ հմայք։ Իսկ այս աշ­խարհի հար­սե­րուն հա­մար շի­նեցինք յա­տուկ բա­ռակա­պակ­ցութիւններ. «Հար­սի պէս», «Նոր հար­սի պէս» հա­մեստ, խա­ղաղ, հան­դարտ եւ ծանր, «Հար­սաղջին բա­ղանիք» հարսնի­քէն շա­բաթ մը առաջ հարսնա­ցուին հան­դի­սաւոր կեր­պով բաղ­նիք տա­նելու ծէ­սը։ Հարսնի­քի երկրորդ օրը ու­նե­ցանք «Հար­սը գող­նալ»- խաղ մը, որուն նպա­տակն է հարսնա­քոյ­րին հե­ռաց­նել տու­նէն, որ­պէսզի հարսն ու փե­սան մի­նակ մնան։ Ո՛վ կ՚ու­զէ «Հարսնի­քի շե­րեփ» կամ «Հարսնի­քի դգալ» կո­չուիլ։ Ամէն բա­նի մէջ խառ­նուող մար­դիկ են անոնք։ Շատ վատ վի­ճակ­նե­րու հա­մար ալ ու­նե­ցանք յա­տուկ ար­տա­յայ­տութիւն մը. «Հօր կամ մօր հարսնի­քը միտ­քը գալ»։ Իսկ «Հար­սանքա­տուն» բա­ռը առաւ փո­խաբե­րական իմաստ. «աղմկոտ, ան­կարգ ու­րա­խու­թեան տեղ»։

Խրի­մեան Հայ­րի­կի նկա­րագ­րութիւնն է հե­տեւեալը, գիւ­ղի հա­րազատ հարսնի­քը. «Առա­­ւօտ կի­­րակի է, գե­­ղի բո­­լոր ժո­­ղովուրդ մեծն ու փոքր, այր մար­­դիկ, կի­­ներ, հարսներ, աղ­­ջիկներ, պա­­ռաւ­­ներ, իրենց ճժե­­րով մեր հարսնի­­քի տուն պի­­տի լե­­ցուին։ Գե­­ղացուոց հարսնիք էս­­պէս կը լի­­նի, դուռ բաց է, քաղքցուոց հարսնիք չէ, որ դուռ փա­­կեն, հարսնիք անեն, մկներ առի­­քը չի­­մանան»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, Վաս­­պուրա­­կանի հարսնի­­քի մը բո­­լոր ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը կար­­դա­­­լու հա­­մար պէտք է թեր­­թել վա­­նեցի Ա. Կ. Պէյ­­լէ­­­րեանի թան­­կա­­­գին մէկ աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը, 1870 թուակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ լոյս տե­­սած. «Գեղջկա­­կան հար­­սա­­­նիք ի Հա­­յաս­­տան»։

Ամէն հարսնիք եր­­ջանկա­­բեր չե­­ղաւ։ Քա­­նի որ ու­­նէինք լեռ­­նե­­­րու դա­­ժան աւան­­­դութիւններ, ու­­­նե­­­­­­­ցանք նաեւ դժբախտ հարսնա­­­ցու­­­ներ, մէ­­­կը՝ Անու­­­շը։ Թու­­­մա­­­­­­­նեանի գրի­­­չին կը պար­­­տինք հե­­­տեւեալ ող­­­բերգա­­­կան տո­­­ղերը. «Եւ աղմկա­­­լի հար­­­սանքի տա­­­նից դուրս եկաւ Մօ­­­սին սաս­­­տիկ վի­­­րաւոր», «Ու էն հար­­­սանքից թշնա­­­մի դար­­­ձան ախ­­­պեր տղեր­­­քը էս դէպ­­­քի հա­­­մար», «Ո՞վ է տե­­­սել էդ­­­պէս հարսնիք- ո՛չ հարս ու­­­նեն, ո՛չ փե­­­սայ…»։ Դժբախտ հար­­­սի պատ­­­կեր մըն ալ գծեց Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը իր «Առ­­­կայծ ճրագ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան տո­­­ղերէն ներս.

«Հե­­­րոս տղաս հոն զար­­­նուա՜ծ է սրտէն.-

Ա՜խ, հա՛րս, ճրա­­­գըդ մա­­­րէ՜…»

Ող­­­բերգակ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու կա­­­րաւա­­­նին միացաւ նաեւ Կոս­­­տան Զա­­­րեանը «Տատ­­­րա­­­­­­­գոմի հար­­­սը» վի­­­պական քեր­­­թուածով։ ֆէ­­­տայիի կին Սա­­­նանն է, որ կը խօ­­­սի իր սրտա­­­ռուչ պատ­­­մութիւ­­­նը.

- Ես իմ գիւ­­­ղից դեռ երե­­­խայ Յո­­­վանի մօտ նոր հարս եկայ։ Թո­­­ղեց գնաց եւ վե՛ց տա­­­րի էլ գիւղ չե­­­կաւ, լուր չխաբ­­­րեց, չհարցրեց։ Ես որ Յո­­­վանին գնա­­­ցի, խոմ գե­­­րու­­­թեան չգնա­­­ցի. Ես հարս գնա­­­ցի...»։ Ֆէ­­­տայիի կի­­­նը, սա­­­կայն, վե­­­ցերորդ տա­­­րին թուլցած է, բա­­­րեկա­­­մացած է քիւրտ երի­­­տասար­­­դի մը հետ։ Խիստ վար­­­կա­­­­­­­բեկիչ դէպք։ Նման սրբապղծու­­­թիւն չէր տես­­­նուած Տա­­­րօնի մէջ։ «Նա­­­մու­­­սի» հարց է, պա­­­տիժը՝ մահ։

Գալ շա­­­բաթ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, «հարս»ը, մեր նա­­­զելի բա­­­ռը, պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ նո­­­րանոր երե­­­ւոյթնե­­­րու ծնունդ տալ։ Նախ սրբե­­­լով իր ար­­­ցունքնե­­­րը եւ թօ­­­թափե­­­լով սու­­­գը, ան պի­­­տի դառ­­­նայ ցնծա­­­լից երգ, ապա հե­­­րոսու­­­հի։ Նաեւ պի­­­տի տես­­­նենք, թէ ամէն գա­­­ւառի մէջ եւ ամէն բար­­­բա­­­ռի, հայ­­կա­­­կան հար­­սը պի­­տի ու­­նե­­­նայ իր իւ­­րա­­­յատուկ տե­ղական հնչիւնն ու գե­ղեց­կութիւ­նը։